ՄԱԿԱՐ ի Գաղղիա
Փարիզը խաղաղած է: Մեկնողները մեկնած են: Բոլորն ալ ոտնագնդակի աշխարհի ախոյեան դարձած իրենց խումբին հետ բռնկելէ, յուզուելէ եւ տեղւոյն վրայ պատկեր դիտելով հերոսանալէ եւ սպառելէ ետք, մտած են տօթին մէջ:
Արմենակ եւ Էլպիս մեզ առանձին չեն ձգեր:Եկան:Չեն մոռնար եղանակին յարմար փափկակերի ճաշակով Սուրբ Լուդովիկոս կղզիի հռչակաւոր Պերթիյոն ծաղարանէն պաղպաղակ բերել: Այս շոգ օրերու յատուկ իրենց քաղքենիի ֆանթեզին է:
Արմենակ նոյնիսկ հետաքրքրուած էր ոտնագնդակով: Ուրիշի չնմանելու համար, իր հեռատեսիլի պատուհանին առջեւ նստած, քաջալերած էր խրուաթները, որոնք կը ներկայացնէին պզտիկ երկիր մը, մաքառած էին: Մեր պատմութենէն սորվածը կրկնեց, որ խրուաթները բարոյապէս յաղթեցին:
Էլպիս կճելով` ըսաւ. «Բայց բաժակը ուրիշներ տարին»:
Ազնուական Պերթիյոնը երբ կը վայելէինք, Արմենակ հարցուց, թէ կը ճանչնայի՞նք քաղաքի տեսաբան նախագահներէն Սերժ Զափզափեանը:
Այո՛: Առաջին կարգ նստող է:
– Այդ Զափզափեանը, որ կը սիրէ առաջին կարգ նստիլ, օտար հիւրերու հետ նկարուիլ, որ մը ֆրանսերէնով ըսաւ ինծի, թէ` «ինձմէ աւելի լաւ հայ ըլլաս, կը մեռնիս»: Պատմեց, որ Հայաստան գացած եւ «նախարար»-ի պէս ընդունուած էր:
– Այդ ոչինչ, Արմենա՛կ, ուրիշներ նախագահի պէս կ’ընդունուին, քսակի իրաւունքով,- ըսի:
– Այդ ալ ոչինչ: Կիրակի օր եկեղեցիի դիմացի մայթի սրճարանը մարդիկ կը զրուցէին` սպասելով հոգեհանգիստի ժամը: Փաշինեանի եւ հայրենադարձութեան մասին կը խօսուէր: Զափզափեանը ըսաւ, որ ինք հայրենասէր էր, բայց Հայաստան չէր երթար մնալու համար, քանի որ կլիման լաւ չէ, ամառը շատ տաք է, ձմեռը` շատ ցուրտ:
– Յետոյ ի՞նչ,- հետաքրքրուեցայ:
– Ի՞նչ կ’ուզես, որ ըլլայ: Ոմանք համաձայն էին, որ ամառը շատ տաք է, ձմեռը շատ ցուրտ, յիշեցին երկրաշարժի անլոյս եւ ցուրտ օրերը: Հարցուցի, որ իրենք հոն եղած էի՞ն այն օրերուն: Ըսին, որ` «գացող-եկողները պատմեցին»:
– Արմենա՛կ, մենք ամէն բանի մէջ առաջին ենք, նաեւ` հայրենիք չվերադառնալու փաստեր հնարելու. աշխատանք չկայ, գողութիւն կայ, բժշկական խնամք չկայ, ուսման մակարդակը ցած է, անապահովութիւն եւ ինչե՜ր: Այս մեղքին` ամրան տաքին եւ ձմրան ցուրտին լուծում չկայ: Հայկ նահապետը ի բացակայութեան եւ յետմահու դատարան պէտք է յանձնել:
– Մակա՛րս, ժողովուրդ մը մեռած կը համարուի, երբ չի յիշեր: Այդ Զափզափեանին ծնողքը երբ այս ափերը հասան, նաեւ` իր մանկութեան պատերազմի օրերուն, ամառը տաք էր նաեւ այս երկրին մէջ, ձմեռն ալ` ձիւն եւ ցուրտ: Հիմա ալ այդպէս է: Ինչո՞ւ իրենց փէշերը հաւաքելով` Հոնոլուլու եւ Պահամաս չգացին:
– Արմենա՛կ, մեր հայրենիքի անպատեհութիւնները մեծ են եւ անընդունելի: Ինչո՞ւ վերադառնալ: Նախընտրելի են Շուէտը եւ Ճափոնը, Նիւ Եորքը, բանաստեղծի ըսած «արեւադարձային բաղնիք Լոս»-ը… Հայաստանը ապրուելիք տեղ չըլլալու համար նոր ախտ մըն ալ ունի. ամառը շատ տաք է, ձմեռը` շատ ցուրտ,- ըսի:
– Բայց Գահիրէի, Լոմէի, Մեքսիքոյի տաքը դրախտային է, իսկ Նովոսիպիրսքի ցուրտ-ձմեռը` առողջարար,- եզրակացուց հայ պուտտան:
16 յուլիս 2018