ՎԱՐԴԱՆ ԷՍՏՈՒԿԵԱՆ
«Լեռը լուսանկարած եմ տարբեր տարածքներու մէջ` տարբեր գաղափարախօսութիւններ կրող, տարբեր մարդոց դիտանկիւնէ, փորձած եմ ուսումնասիրել իբրեւ երեւակայական տարածք մը, ինչպէս պիտի նկարագրէր Էտուար Սայիտը»:
Լուսանկարիչ Էճէ Կիոքալփի` Արարատ լերան թեմայով «Աւելին, քան` լոկ լեռը» խորագիրով ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցած է Պոլսոյ Գատըքէօյ շրջանի «Փոշէ» սրահին մէջ: Շաբաթ, 2 յունիսին բացուած ցուցադրութիւնը նպատակ ունի արխիւացնելու Արարատ լերան ժամանակակից ու պատմական նշանակութիւնները: Ծրագիրի առանցքին մէջ կը գտնուի, թէ ինչպէ՛ս հարիւրամեակներ շարունակ լերան մասին ձեւաւորուած են պատմութիւններ, առասպելներ ու իրադարձութիւններ, եւ թէ` ինչպիսի՛ դեր ունեցած են անոնք լերան յուշարձանացման եւ անձնաւորման հարցին մէջ: Մինչեւ 22 յուլիս շարունակուող ցուցադրութեան մասին զրուցեցինք Պայազիտէն, Արարատէն, Խոր Վիրապէն ու Իգտիրէն Արարատ լեռը նկարած ու ցուցադրութեան ժամանակ այդ նկարները քով-քովի հաւաքելով` մէկ լեռ ստեղծած արուեստագէտին հետ:
Հ.- Ինչպէ՞ս առաջին անգամ իմացաք Արարատ լերան մասին: Ինչպէ՞ս այս լերան հետ կապուած ցուցահանդէս կազմակերպելու գաղափարը յղացաք:
Պ.- 2016-ի աշունէն կ՛աշխատիմ այս նախագիծին վրայ, սակայն Արարատի մասին բազմակողմանի ուսումնասիրութիւն կատարելու եւ անոր այսքան կարեւոր խորհրդանիշի վերածուիլը հասկնալու ցանկութիւնը ունեցայ 2015-ին «Acting Together» (Միասին գործենք) նախագիծի նախապատրաստական աշխատանքներու ընթացքին եւ այս գաղափարը յղացայ: Երբ ջնջուեցաւ ծրագիրի Թուրքիոյ մասը, վերադարձայ Պերլին ու այս գործը սեփական միջոցներովս ուզեցի ընել, քանի որ իրականութեան մէջ այս գործը շատ յստակօրէն առկայ էր իմ մտքիս մէջ:
«Միասին գործենք» նախագիծի ժամանակ Հայաստանէն ու Թուրքիայէն 22 երիտասարդ հաւաքուած էր, որպէսզի Հայոց ցեղասպանութեան «հաշտեցման» շուրջ աշխատելու համար ճամբորդութիւն մը կատարէինք: Այդ ճամբորդութիւնն ու Ցեղասպանութիւնը ինծի համար, չեմ գիտեր, թէ ինչո՛ւ, մարմնաւորուեցաւ Արարատի հետ: Չեմ կարծեր, որ այն ժամանակ գիտէի, թէ Արարատը այսքան մեծ նշանակութիւն ունի հայ ժողովուրդի համար: Հետագային, ուսումնասիրութիւնս կատարելու ժամանակ գործին մէջ անյարմար շերտեր ներառուեցան: Պայազիտի մասին անտեղեակութիւնն ու անոր անտեսումը, Հայաստանի համար կարեւորութիւնը, անոր շուրջ եղած առասպելները, անոր շուրջ տեղի ունեցած մշակութային ծրագիրները, տարբեր ժամանակներու անոր վերագրուած քաղաքական յանձնարարութիւնները անկէ քանի մը հատն են ընդամէնը: Կրնամ ըսել, որ չկրցայ չաշխատիլ այսքան դիտողներու` դարեր շարունակ լերան նայած եւ ամբողջովին տարբեր բաներ տեսած այդ լերան մասին:
Հ.- Ցուցադրութեան ժամանակ կը տեսնենք նաեւ լերան շրջակայքը գտնուող բնակավայրերու նկարներ:
Պ.- Լեռը տարբեր աշխարհագրական տարածքներու մէջ, տարբեր գաղափարախօսութիւններ կրող, տարբեր մարդոց դիտանկիւնէ նկարելով` փորձած եմ ուսումնասիրել իբրեւ երեւակայական աշխարհագրութիւն, ինչպէս Էտուարտ Սայիտ պիտի ըսէր: Այս «երեւակայական» ծրագիրը առած եմ իբրեւ բարձրագոյն ուսումի աւարտաճառի թեմա եւ կ՛ուսումնասիրեմ դիտողներու եւ պատմութեան միջոցով: Այն քաղաքները եւ գիւղաքաղաքները, ուրկէ դիտած եմ լեռը, ցոյց տալը եւս իմաստալից կը նկատեմ: Ինչպէս նաեւ ձեւով մը Արարատին ծանօթ, սակայն Պայազիտի եւ Ակնալիճի անծանօթ մարդոց վերջիններուս մասին տեղեկութիւն տալու կարելիութիւնս աւելի արդիւնաւէտ ձեւով օգտագործելով, այս «Աւելին, քան` լոկ լեռը» անունը կրող նոր, սակայն այնքան հին լերան շրջակայքին մէջ գոյութիւն ունեցող կեանքէն ալ ուզեցի պատառիկ մը ներկայացնել:
Հ.- Ցուցահանդէսին մէջ առկայ են Արարատի նկարներ, որոնք առնուած են Արարատէն, Իգտիրէն, Կէօրպուլաքէն եւ Խոր Վիրապէն: Այդ նկարները նկարելու ժամանակ որեւէ խնդիրի հանդիպա՞ծ էք:
Պ.- Ոչ մէկ խոչընդոտի հանդիպած եմ: Այս աշխատանքին տեսական մասը աւարտաճառիս մէջ ալ աւելի մանրամասնօրէն նկարագրած եմ, իսկ փորձերս եւ դիտարկումներս փոխանցելու ու գործնական կերպով բաժնեկցելու համար գիրքի պիտի վերածեմ, այդ պատճառով ամէնէն մօտ ապագային կ՛ուզեմ կրկին այցելել այն վայրերը, ուր նախապէս գտնուած եմ: Հայաստանի մէջ մնացած մէկ շաբթուան ընթացքին լեռը կրցայ տեսնել միայն վերջին օրը` երեկոյեան: Դաշտային աշխատանքներու ընթացքին շրջանին մէջ կատարած առաջին շրջագայութեանս ժամանակ նախ եւ առաջ փորձեցի հասկնալ, թէ ի՛նչ կարելիութիւններ ունիմ: Գումարային խնդիրներու պատճառով Հայաստան երկրորդ անգամ չկրցայ երթալ եւ այնտեղ` Պայազիտի մէջ շրջագայութեանս ժամանակ չկրցայ լրագրական տեղեկատուութիւն ընել, եւ այս մէկը իմ մէջս անաւարտութեան զգացում կը յառաջացնէ:
Իրականութեան մէջ, երբ այս նախագիծը իրականացնելու մտադրութիւնս յայտնեցի մտերիմներուս, այդ յուզուած օրերուն արտակարգ դրութեան ազդեցութեամբ ամէնէն յաճախ հանդիպած անձագանգս եղած է, որ` «այդ շրջաններուն մէջ կրնամ խնդիրներու հանդիպիլ»: Թերեւս քիչ մըն ալ այս պատճառով է, որ կ’ուզեմ շրջանին մէջ նկարածներս, ունեցած հանդիպումներս եւ փորձս ներկայացնել:
Հ.- Այն շրջաններուն մէջ, ուր նկարած էք Արարատը, կրցա՞ծ էք հասկնալ տեղացի բնակչութեան լերան նկատմամբ ունեցած դիրքորոշումը:
Պ.- Մինչեւ օրս Պայազիտ ու Իգտիր երկու անգամ եւ Հայաստան մէկ անգամ կրցայ երթալ: Երկրորդ անգամ Պայազիտ երթալու ժամանակ տարբեր հանդիպումներ ունեցայ, Հայաստան անգամ մը եւս այցելելու ֆինանսաւորում կը փնտռեմ: Բացի անկէ` Արարատի մասին գտած նիւթերս կարդալու, դիտելու եւ նոյնիսկ համացանցի մէջ գտնուող ֆորումները լաւապէս ուսումնասիրելու միջոցով փորձած եմ հաւաքել տարբեր մշակոյթներու մէջ լերան մասին առկայ հետքերն ու նշանակութիւնները: Զանոնք ներկայացուցած եմ մեկնաբանութիւններէն զատ, իսկ ուսումնասիրութեանս տեսական մասը ապագային կ’ուզեմ թուղթին յանձնել:
Արարատի այսքան բազմակողմանի ուսումնասիրութիւն կատարելու փորձը ինծի համար թերեւս անհաւատալի բան մըն է: Անիկա ըրածներս ու չըրածներս տեսնելու, մեթոտաբանութիւնս զարգացնելու եւ սխալներս ու ճշմարտութիւններու հասնելու փորձերուն մէջ տեղս գտնելու տեսանկիւնէն` համալսարանի պէս է: Այդ պատճառով ալ պարտքս կատարելու եւ «Աւելին, քան` լոկ լեռը» նախագիծի հիմնական խնդիրը պատմութիւնը կրկին կարդալն ու, հակառակ տարանջատող քաղաքականութեան, միաւորելու վրայ կեդրոնանալու համար այս շրջաններուն մէջ աւելի շատ ժամանակ անցընելը, մարդոց հետ աւելի շատ խօսիլը, հանդիպումները աւելի լաւ արխիւացնելն ու ներկայացնելն է, որոնք ապագայ ամիսներուն իմ ծրագրած գործերէն քանի մը հատն են: Յոյսով եմ, որ նախագիծը Երեւանի եւ Պայազիտի մէջ ներկայացնելու կարելիութիւն պիտի ունենամ եւ այդ տեղերէն ստացած արձագանգներն ալ պիտի կրնամ ներառել նախագիծին մէջ:
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ