Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Անդրադարձ. Ազրպէյճան… Յեղափոխութի՞ւն, Թէ՞ Թատրերգութիւն

July 21, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Վերջին շաբաթներուն Գանձակի եւ Սումկայիթի մէջ տեղի ունեցած ապահովական դէպքերը ցոյց կու տան, որ Ազրպէյճան քաղաքական փոթորիկ մը դիմագրաւելու վտանգին դիմաց կը գտնուի:

Ըստ ազրպէյճանական գաղտնի սպասարկութեան մէկ տեղեկագիրին, 10 յուլիս 2018-ին Գանձակի մէջ կազմակերպուած են ահաբեկչական խմբաւորումներու հաւաքներ. ոստիկանութիւնը ձերբակալած է 10 ահաբեկիչ եւ սպաննած` Ռաշատ Պույուքիշիեւը: Տեղեկագիրին համաձայն, նախքան դէպքերուն սկսիլը, Պույուքիշիեւ իր ընտանիքը հեռացուցած է դէպի Վրաստան, իսկ Պաքրամ Ալիեւ, որ դէպքերուն հետ առնչուած էր, 9 յուլիսին Ռուսիայէն հասած է Գանձակ` զինուորական ապստամբութիւն մը հրահրելու նպատակով: Ըստ ազրպէյճանական ապահովական աղբիւրներու («Թրենտ», 13 յուլիս 2018), Գանձակի դէպքերը կապուած եւ ծրագրուած են արտաքին ուժերու կողմէ:  Տեղեկագիրը կը յայտնէ, որ այդ անձերը կը պատկանէին ծայրայեղական կրօնական կազմակերպութեան մը, որ ուղղակի կապի մէջ է Հայաստանի գաղտնի սպասարկութեան հետ:

Գանձակի դէպքերը տեղի ունեցան, երբ խումբ մը կրօնական ծայրայեղականներ 9 յուլիսին յարձակեցան ոստիկանատան վրայ, ուր սպաննուեցան շրջանի ոստիկանապետ Իլկար Պլաքիշիեւը եւ գնդապետ Սամատ Ապպասովը:

Սակայն Գանձակի ահաբեկիչներէն ազգութեամբ ազրպէյճանցի, Ռուսիոյ քաղաքացի Եունիս Սաֆարով, որ նաեւ ամբաստանուած է շրջանի կառավարիչ Էլմար Վելիյեւը մահափորձի ենթարկելու յանցանքով (վերջինս 3 յուլիսին հազիւ փրկուեցաւ մահափորձէ մը), ղրկուած էր Սուրիա Թոհիտ Իպրահիմպէյլի կողմէ, որ այժմ Իրան կ՛ապրի: Ըստ աղբիւրներու («Թրենտ», 12 յուլիս 2018), ան Սուրիոյ մէջ մասնակցած է զինուորական գործողութիւններու: Իպրահիմպէյլի կը պատկանի շիիական ծայրայեղ կազմակերպութեան մը, որ բազմիցս քննադատած էր Ազրպէյճանի իշխանութիւնները եւ իր կայքին միջոցով (nur-az.com) յունուար 2017-ին կոչ ուղղած էր ահաբեկելու Էլմար Վելիյեւը: Ան 2013-2016 տարիներուն խումբ մը ազրպէյճանցիներ Իրանի միջոցով ղրկած է Սուրիա` մասնակցելու զինուորական գործողութիւններու :

Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Իպրահիմպէյլին Իրանի կրօնական կեդրոն Քոմ քաղաքին մէջ հիմնած է գաղտնի կազմակերպութիւն մը, որուն անդամակցած են  նաեւ` Հապիպ Իպրահիմլի, Փարվիզ Մուսայեւ, Էլմիր Զիյատով, Թալեհ Կոյուշով, ինչպէս նաեւ` Եունիս Սաֆարով, որ Սուրիոյ մէջ մասնակցած է մարտական գործողութիւններու: Ազրպէյճանական աղբիւրները կը նշեն նաեւ, որ Թալեհ Կոյուշեւը աշխուժ մասնակցութիւն ունեցած է Գանձակի դէպքերուն:

Սակայն հետաքրքրական է, որ շիիական Քոմ քաղաքին հետ Սաֆարովին կապը կը նշանակէ, որ ան շիի համայնքին կը պատկանի, սակայն ազրպէյճանական աղբիւրներու համաձայն, ան Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններու մասնակցած է` նպատակ ունենալով ստեղծել իսլամական երկիր` հիմնուած շարիայի օրէնքներուն վրայ: Սուրիական տագնապին ընթացքին միայն սիւննիական սալաֆական կազմակերպութիւններն էին, որոնք կ՛ուզէին հիմնել իսլամական երկիր եւ ոչ թէ` շիիական կազմակերպութիւնները, որոնք նախագահ Պաշշար Ասատի կառավարութեան կողքին կը կռուէին:

Իսկ 15 յուլիսին ոստիկանութիւնը Սումկայիթի մէջ խուզարկութիւններ կատարեց  եւ ձերբակալեց 18 ահաբեկիչներ, ներառեալ` Ֆարուհ Կասիմովը: Կասիմովը կ՛ուզէր Գանձակի դէպքերը կրկնել Սումկայիթի մէջ:

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ օգտուելով այս ոսկեայ առիթէն` յայտարարեց, որ ինք պիտի չարտօնէ, որ «խառնակիչները հարուածեն Ազրպէյճանի ապահովութիւնը»: Ալիեւ այս դէպքէն օգտուեցաւ, ինչպէս որ Էրտողան օգտուեցաւ յուլիս 2016-ի ձախող յեղաշրջումէն, որուն առաջին զոհերը եղան երկրին ընդդիմութիւնը եւ մամուլը:

Առիթէն օգտուելով եւ միջազգային մամուլին անգամ մը վերյիշեցնելով` ան անդրադարձաւ երկրին տնտեսական բարգաւաճման ու յայտարարեց, որ նման դաւադրութիւններ ապարդիւն են, որովհետեւ Ազրպէյճանի ժողովուրդը մէկ է եւ թիկունք կը կանգնի իր իշխանութեան: Ան նաեւ յիշեցուց, որ այս տարի երկրին մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններուն արդիւնքը ցոյց կու տայ, որ ժողովուրդը իր կողքին է:

Սակայն Ալիեւ գիտակցելով Հայաստանի մէջ ոչ կառավարական կազմակերպութիւներու դերակատարութեան «Թաւշեայ յեղափոխութեան» մէջ` ըսաւ.  «Բազմաթիւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ, որոնք իրենք զիրենք կը կոչեն մարդկային իրաւանց պաշտպան, գիշեր-ցերեկ կը հարուածեն Ազրպէյճանը եւ անոր ժողովրդավարական կարգերը: Մեր յարաբերութիւնները կ՛ընդլայնին, եւ ՕԹԱՆ-ի խորհրդաժողովը ցոյց տուաւ, որ Ազրպէյճան յարգուած երկիր մըն է: Հետեւաբար մութ ձեռքերուն գործերը ապարդիւն են, եւ անոնց վերջին արարքները կը ցոյց կու տան, որ անոնք ահաբեկչութեան կը դիմեն, որովհետեւ այլեւս ուրիշ ոչ մէկ միջոց ունին: Անոնք ժամանակին ձախողեցան եւ դարձեալ պիտի ձախողին»: Ալիեւ նաեւ վստահեցուց, որ ազրպէյճանցիները պիտի ապրին խաղաղ եւ բարգաւաճ պայմաններու մէջ: Այստեղ Ալիեւ զգուշացուց ընդդիմութիւնը` նշելով, որ Հայաստանի մէջ պատահածը պիտի չկրկնուի Ազրպէյճանի մէջ, եւ որպէսզի հարուածէ ընդդիմութիւնը, ան ամբաստանեց զայն դաւաճանութեամբ եւ երկրի թշնամիներուն հետ գործակցելու յանցանքով: Բան մը, որ Էրտողան կատարեց յուլիս 2016-ի յեղաշրջումի օրը:

Սակայն Ազրպէյճան նաեւ իր սուրը ուղղեց դէպի Թեհրան: Ըստ իշխանամէտ haqqin.az կայքին, «ազատական-շիիական դաշինք մը կնքուած է` տապալելու աշխարհիկ համակարգը»: Նախկին արտաքին գործոց նախարար Թոֆիք Զուլֆուկարով առաջիններէն էր, որ Գանձակի դէպքերուն համար Իրանը ամբաստանեց «իսլամական յեղափոխութիւնը արտածելու» յանցանքով: «Պաքու հետազօտութեան կեդրոն»-ի ուսումնասիրութիւն մը կը նշէ, որ վերջին տարիներուն հսկայ աճ արձանագրած է թիւը այն ազրպէյճանցիներուն, որոնք այցելած են Իրանի կամ Իրաքի շիիական կրօնական սրբատեղիներ: Վերջին տարիներուն Աշուրայի հաւաքներուն ընթացքին Պաքուի մէջ կրօնամէտ շիիները պահանջեցին Իսլամական միասնութեան շարժման ղեկավար Թալեհ Պակիրովի ազատ արձակուիլը: Պաքուն մտահոգ է Իրանի կրօնական ազդեցութեան հետեւանքներով, որոնք ապագային կրնան ազրպէյճանական իշխանութիւնը ցնցել:

Հետեւաբար, իբրեւ եզրակացութիւն, հարց կու տանք, թէ արդեօք Գանձակի եւ Սումկայիթի դէպքերը իսլամական յեղափոխութեան մը մշուշնե՞րն էին, թէ՞ թատրերգութիւն մըն էր` հրահրուած Ալիեւի կողմէ, ամրապնդելու համար իր իշխանութիւնը:

[email protected]

 

Նախորդը

Արցախի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը

Յաջորդը

Խմբագրական Հայրենիք-ի. Հարիւրամեայ ՀՄԸՄ-ի Տեսլականով

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.