ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Վանայ Ձայն»-ին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հանդիպումին, լիբանանահայութեան ներկայ իրավիճակին եւ գաղութը յուզող հարցերու:
Երեւանի մէջ վարչապետ Փաշինեանի հետ կատարուած հանդիպումին անդրադառնալով` երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Ճիշդ է, որ հանդիպումը անակնկալ էր լիբանանահայութեան համար, սակայն Փաշինեանի թաւշեայ յեղափոխութենէն քանի մը շաբաթ ետք Կեդրոնական կոմիտէն արդէն իսկ անհրաժեշտ նկատած էր վարչապետին հետ հանդիպումը` մեկնելով այն իրողութենէն, որ Միջին Արեւելքի մէջ ՀՅԴ-ի մեծագոյն կառոյցի պատասխանատուները պատասխանատուութիւն ունին Փաշինեանին հետ հանդիպելու եւ անոր հետ խօսելու լիբանանահայութեան եւ Միջին Արեւելքի հայութեան մասին: Հայաստանի մէջ վարչակարգերը կրնան փոխուիլ, սակայն հարցերը կը մնան նոյնը, եւ կարեւոր էր վարչապետ Փաշինեանը աւելի մօտէն ծանօթացնել մեր հիմնական խնդիրներուն եւ այդ ակնկալութիւններուն, զորս մենք ունեցած ենք եւ կը շարունակենք ունենալ Հայաստանի պետութենէն: Ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ Միջին Արեւելքը փոթորկոտ վիճակի մէջ է, դժուար պայմաններ կը դիմագրաւէ, քրիստոնէութեան ապագային շուրջ լուրջ տագնապ կայ: Փաշինեանի հետ հանդիպումը անհրաժեշտ էր նաեւ Լիբանան-Հայաստան յարաբերութիւնները սերտացնելու համար:
Լիբանանի մէջ` իբրեւ քաղաքական ուժ, Լիբանանի խորհրդարանին մէջ իբրեւ երեսփոխանական պլոք եւ նախարար, մեզի համար անհրաժեշտ է հայկական մեր խնդիրներուն առաջնահերթութեան կողքին, անպայմանօրէն նաեւ մտածել խորքային եւ գործնական կերպով` Հայաստան-Լիբանան յարաբերութիւններու բարելաւման մասին: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի այս տարուան եւ անկէ առաջ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի Հայաստան կատարած այցելութիւններուն մասին մենք Հայաստանի պատասխանատուներուն հետ շատ խօսած ենք, եւ յոյսով ենք, որ վարչապետ Փաշինեանի հետ մեր հանդիպումէն ետք յաւելեալ ճիգ եւ ջանք ի գործ կը դրուի թէ՛ Հայաստանի պետութեան եւ թէ՛ Լիբանանի մէջ մեր միջամտութեամբ եւ մեր պնդումներով` երկկողմանի յարաբերութիւնները աւելի եւս ամրապնդելու եւ զօրաւոր հիմերու վրայ դնելու:
Մեզի համար կարեւոր էր նաեւ վարչապետ Փաշինեանին փոխանցել այն հոգեկան մթնոլորտը, որուն մէջ էինք` այս յեղափոխութեան կողքին ըլլալով:
Այն թէզերը, որոնց հիման վրայ վարչապետ Փաշինեան իր թաւշեայ յեղափոխութիւնը կատարեց, մեզի համար անծանօթ թէզեր չեն, թէեւ մարդիկ չեն ուզեր յիշել կամ լսել, սակայն եթէ միայն քանի մը տարի առաջ Դաշնակցութեան տօնակատարութեան, Մայիս 28-ի յատուկ նշումներուն եւ Արցախի վերաբերող ձեռնարկներուն ընթացքին Լիբանանի մէջ պատասխանատուներուն` նախկին ներկայացուցիչներուն, քաղաքական այլ մարզերու մէջ եղող մեր ընկերներուն կամ անձնապէս իմ կատարած յայտարարութիւններուս վերադառնան, ապա պիտի տեսնեն, թէ մեր կեցուածքները մնայուն կերպով կը շեշտեն Հայաստանի պետականութեան հզօրացման կարեւորութիւնը: Մեր տեսակէտներուն մէջ մնայուն կերպով կը հաստատուի, որ Հայաստանի մէջ հզօր պետութիւնը կարեւոր է ո՛չ միայն Հայաստանի, այլ` համայն հայութեան համար: Կ՛ընդգծենք, թէ Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք մէկ եռամիութիւն է: Բազմիցս շեշտած ենք նաեւ, որ Հայաստանը կը հզօրանայ, երբ մենաշնորհները դադրին, երբ փտածութեան դէմ պայքարը ստանայ լուրջ բնոյթ, երբ արտագաղթը վերջ գտնէ, երբ ժողովուրդի շահագործումը դադրի, երբ դասակարգային հսկայ խրամատները աստիճանաբար կարելի ըլլայ հարթել: Այս սկզբունքները Դաշնակցութեան սկզբունքներն են, եւ տարօրինակ կերպով պէտք չէ դիտուի, այս առումով նաեւ տարօրինակ պէտք չէ նկատուի վարչապետ Փաշինեանի հետ մեր հանդիպումը: Ի վերջոյ մենք գործընկերներ ենք, եւ գործընկերութեան հիմնաքարը այն է, որ հարցերը անկեղծօրէն կը դրսեւորուին: Գործընկերութիւնը անուն կամ կարգախօս չէ, գործընկերութիւնը կեանք է եւ փորձառութիւն: Կրնաս այդ գործընկերութեան ընթացքին ի հարկին քննադատել գործընկերդ, անհրաժեշտութեան պարագային կ՛օժանդակես անոր եւ հարցերը կատարեալ յստակութեամբ կը քննարկես գործընկերոջդ հետ: Գաղտնիք չէ, որ Հայաստանի մէջ կատարուած յեղափոխութիւնը ձախողեցնելու ճիգ կայ, ինչ որ քաղաքական կեանքին մէջ բնական երեւոյթ է` յեղափոխականներու եւ հակա-յեղափոխականներու, յաղթողներու եւ վնասուողներու, նախկին վարչակարգի օրերուն հանգիստ կեանքի մէջ փտածութեան հետ հաշտ ապրողներուն եւ տուժողներու պարագային, որոնք պիտի չուզեն այս յեղափոխութեան յաջողութիւնը:
Եթէ Հայաստանի մէջ յեղափոխութիւնը չյաջողի, հայութիւնն է, որ պիտի վնասէ եւ ոչ միայն նոր վարչակարգը: Իսկ հայութիւնը երբ վնասէ, Հայաստանը, Արցախը եւ սփիւռքը կը վնասեն:
Իբրեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէ այս հանդիպումը անհրաժեշտ էր, յաջող հանդիպում էր: Իսկ այն բամբասանքները, թէ հանդիպումը յաջող չէ եղած կամ տեւողութիւնը կարճ եղած է, անհիմն են, որովհետեւ քաղաքական կեանքին մէջ 45 վայրկեան տեւած հանդիպումը շատ բան կ՛ըսէ: Սակայն մարդիկ կը խօսին, իսկ քաղաքական գործիչները կը լսեն այդ խօսքերը եւ կը շարունակեն իրենց գործը», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի աւելցուց, որ վարչապետ Փաշինեան ծանօթ է Դաշնակցութեան գործին, պատմութեան եւ ճիգին: «Վարչապետը եւ անոր գործընկերները, որոնցմէ մէկը ներկայ էր հանդիպումին, ինչպէս նաեւ սփիւռքի նախարարը, որուն հետ դարձեալ հանդիպեցանք, հաստատեցին, որ ՀՅԴ-ն առաջին օրէն յեղափոխութեան զօրակցած էր, նախկին համախմբական կառավարութենէն Դաշնակցութիւնը առաջինն էր, որ դուրս եկաւ, Դաշնակցութիւնը գործընկեր է: Բնական է, որ կարգ մը հարցերու շուրջ վէճեր ըլլան, երբեմն նման տարակարծութիւններ եւ վէճեր մէկ կուսակցութեան մէջ ալ կ՛արձանագրուին: Սակայն քաղաքական կեանքին մէջ միայն տարակարծութիւններն ու վէճերը լուսարձակի տակ առնելը ճիշդ չէ: Ի վերջոյ մենք ճամբայ ունինք կտրելիք եւ միասնաբար պիտի գործակցինք: Վարչապետ Փաշինեան այս մասին շատ ճիշդ կերպով անդրադարձաւ` յիշեցնելով, որ երբ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին, երբ Արամ Մանուկեանի արձանին բացման արարողութեան ներկայ կ՛ըլլայ, այլեւս մարդոց համար Դաշնակցութեան դէմ ըլլալու կամ զօրակցելու խնդիր չի կրնար դրուիլ: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը գործօն կուսակցութիւն է Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ, սփիւռքի մէջ, Արցախի մէջ, հետեւաբար Դաշնակցութեան կարելիութիւնները ի սպաս են ներկայ իշխանութիւններուն եւ վարչապետ Փաշինեան այս իրողութիւնը լաւ գիտէ եւ այդ մասին գոհունակութեամբ արտայայտուած է», հաստատեց երեսփոխան Բագրատունի:
Անցնելով Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակին, Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք ներկայիս տակաւին կարելի չէ կառավարութեան կազմութեան մասին դրական բան ըսել:
«Թէեւ մշակուած ընտրական նոր օրէնքը իտէալական չէ, սակայն երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք կազմուած է նոր խորհրդարան մը, ուր յստակ մեծամասնութիւն գոյութիւն ունի: Երեսփոխանական կարգ մը պլոքներու թիւը բարձրացած է, իսկ ուրիշներունը նուազած: Մենք մեր կարգին կրցած ենք Հայկական երեսփոխանական պլոքին թիւը բարձրացնել, շնորհիւ մեր ժողովուրդին քուէներուն եւ վստահութեան: Սակայն այսօր կառավարութեան կազմութիւնը լուրջ դժուարութեան մէջ է: Բնականաբար կան զուտ ներքին լիբանանեան հարցեր` համայնքային ճշգրիտ ներկայացուցչութեան եւ նախարարներու թիւի պահանջներուն կապուած, բայց նաեւ կան շրջանային հարցեր, որոնք իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան կառավարութեան կազմութեան վրայ: Դժբախտաբար Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ սովորութիւն դարձած են արտաքին միջամտութիւնները: Կը յուսանք, որ հանրապետութեան նախագահի եւ վարչապետի Լիբանան վերադարձէն ետք կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը նոր թափ կը ստանայ, եւ յոյսով ենք, որ յառաջիկայ քանի մը շաբթուան ընթացքին կառավարութիւնը կը կազմուի:
Այս օրերուն, կառավարութեան կազմութեան դժուարութիւններուն զուգահեռ, հրապարակ նետուած է նաեւ տնտեսական տագնապը, եւ այս երկուքը ուղղակիօրէն իրարու կապելու փորձ կը կատարուի: Բայց եւ այնպէս տնտեսական տագնապ ըլլայ կամ ոչ, բարգաւաճումի անհրաժեշտութիւն ըլլայ կամ ոչ, կառավարութիւնը պէտք է կազմուի: Իսկ տնտեսական տագնապն ու կառավարութեան կազմութիւնը իրարու կապելու քայլը եւ այն յայտարարութիւնները, թէ կառավարութիւնը պէտք է կազմուի, որ տնտեսական տագնապը չվատթարանայ, լիբանանցի ժողովուրդին ու լիբանանցի քաղաքական դէմքերու ժխտականութեան հոգեբանութեան կապուած է` նկատի ունենալով, որ անոնք ամէն ի՛նչ ժխտական եւ սեւ կը տեսնեն: Հարցերուն մօտենալու ճի՛շդ ձեւը պէտք է գտնել, սեւին ըսել սեւ, սպիտակին` սպիտակ, իսկ եթէ մոխրագոյն է` մոխրագոյն: Անհրաժեշտ է, որ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւնը վերադառնայ Լիբանան եւ կատարեալ անկախութեամբ ճշդէ իր գործունէութիւնը: Իբրեւ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէ, մենք ճակատաբաց կրնանք ըսել, թէ Լիբանանի մէջ մենք մեր քաղաքական ուղղութիւնը կը ճշդենք բացառաբար Լիբանանի մէջ: Կը մաղթենք, որ մեր օրինակը իրենց համար հետաքրքրական դառնայ, եւ անոնք վերադառնան իբրեւ լիբանանցի որոշում տալու իրենց կամքին», շեշտեց երեսփոխան Բագրատունի:
Անդրադառնալով լիբանանահայութեան` երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ ամէն տեղ եւ ամէն ինչ սեւ տեսնելու հոգեբանական վիճակ մը գոյութիւն ունի, միայն քննադատելու` քննադատելու սիրոյն, դժգոհելու, տեւաբար ամէն ինչէ անհանգիստ ըլլալու հոգեվիճակ մը, եւ ամէն պարագայի ամէն ինչի պատասխանատուութիւնը այլոց վրայ բեռցնելու հոգեվիճակ մը: «Կարծէք, լիբանանահայութիւնը միայն երեք չորս հոգիէ կը բաղկանայ, եւ անոնք են պատասխանատուները` գաղութին ամէն ինչին: Անոնք կը մոռնան, որ գաղութը ինծի կամ քեզի չի պատկանիր, այլ ամբողջ լիբանանահայութեան: Լիբանանահայութիւնը իր դպրոցներով, կառոյցներով, Ազգային առաջնորդարանով, կուսակցութիւններով եւ միութիւններով բոլորիս կը պատկանի, եւ կարեւոր է, որ մենք այս գիտակցութեամբ մօտենանք լիբանանահայութեան իրականութեան:
«Անշուշտ կան նաեւ հայկականութենէ հեռու հայերը, որոնք գաղութին կեանքէն անտեղեակ են կամ կիսատ պռատ բաներ գիտեն, կամ հայերէն լսելու եւ հասկնալու կարողութիւն չունին, սակայն կը սիրեն խօսիլ, արտայայտուիլ, յատկապէս օգտուելով ընկերային ցանցերու այսօրուան ընձեռած ազատութիւններէն, որոնց սանձարձակութեան մասին նախագահ Աուն քանի մը օր առաջ ըսաւ, որ ինք կը զօրակցի խօսքի ազատութեան, սակայն պայմանաւ որ անիկա ըլլայ պատասխանատու արտայայտութիւն, ճշմարտութիւն բովանդակէ եւ ոչ թէ անձնական վարկաբեկիչ արտայայտութիւններ եւ յերիւրածոյ տեղեկութիւններ տարածէ», յայտնեց երեսփոխանը:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ ճիշդ են մարդիկ երբ կ՛ըսեն, թէ լիբանանահայութիւնը այսօր այն չէ, ինչ որ էր երեսուն տարի առաջ կամ 1973-ին: «Ճի՛շդ են, սակայն եօթանասունական թուականներուն գաղութին տագնապներուն մասին մարդիկ գրեթէ ոչինչ գիտնալով հանդերձ, ներկայիս երեմիականներ կը տարածեն: Եթէ անոնք հայերէն կարդալ գիտեն, կրնան «Ազդակ»-ի 50 տարի առաջ բաժինը կարդալ եւ վերադառնալ արխիւներուն` ճշդելու համար, որ օտար դպրոց երթալու խնդիր կա՛ր այդ թուականներուն ալ: Եթէ հիւանդանոցային կարիքներ կան, այդ թուականներուն ալ կային այդպիսի պարագաներ: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ մենք պատերազմ ապրեցանք եւ այդ պատերազմէն դուրս եկանք պատուով, նուազագոյն վնասով եւ զօրաւոր կառոյցներով, հակառակ Լիբանանէն արտագաղթած այն հազարաւորներուն, որոնք կ՛ապրէին մեզի հետ: Այսօր մթնոլորտ մը կայ ամէն բան սեւ տեսնելու: Իմ առաջարկս է, որ անգամ մը նայինք վարդագոյն բաժինին: Անշուշտ այս արտայայտութիւնս եւս քննադատութեան պիտի արժանանայ, որովհետեւ մարդիկ պիտի ըսեն իրապաշտ չենք: Անոնք կը մոռնան, որ իրապաշտ ըլլալ կը նշանակէ տեսնել լաւն ու վատը: Այս տարի ՀՄԸՄ-ը մեծ շուքով տօնեց իր հիմնադրութեան 100-ամեակը, որուն մեծ թիւով լիբանանահայեր մասնակցեցան, հայութիւնը Երեւանի հրապարակներէն մէկուն վրայ բացումը կատարեց Արամ Մանուկեանի արձանին, որ խորհրդանիշ է Հայաստանի Հանրապետութեան ու պետականութեան կերտման մէջ Արամի ու անոր մեծ ընտանիքին` Դաշնակցութեան ունեցած ներդրումին: Բայց եւ այնպէս արժեւորելու փոխարէն` մենք կը քննադատենք: Օրին, երբ Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակին առիթով Պիքֆայայի մէջ յուշարձանը զետեղուեցաւ, մարդիկ ի՛նչ քննադատութիւններ կատարեցին, սակայն այսօր հպարտութեամբ բոլորը կ՛ըսեն, որ Պիքֆայայի մէջ այդ յուշարձանը կայ: Այսօր երբ Արամ Մանուկեանի արձանին դիմացէն կ՛անցնիս, հպարտ կը զգաս այդ արձանին գոյութեամբ:
Այս բոլորին կողքին, խումբ մը լիբանանցի երիտասարդներ Արարատ բարձրացան, արդեօք դրական երեւոյթ չէ՞ այս մէկը: Վաղը պիտի պահանջենք, որ այդ երիտասարդները Հիմալայեան լեռներն ալ բարձրանան, առանց գնահատելու այն իրականութիւնը, որ այս տղաքը իրենց առօրեայէն, առողջութենէն, գրպանէն ծախսեցին ու Արարատ բարձրացան, Արարատէն վերադարձան արարատացած: Բայց պիտի շարունակենք ժխտականութիւնը տեսնել: Ամրան ընթացքին Գարակէօզեան հիմնարկը ամառնային դպրոց կազմակերպած էր: Սքանչելի երեխաներ, սքանչելի պատասխանատուներ, որոնք աշակերտներուն հոգատարութեամբ կը զբաղէին: Ողջունելի են ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանը, Ազգային Առաջնորդարանի կազմակերպած Աստուածաշունչի դասընթացքները, Ժիպէյլի մէջ Մեղրիկ սրբազանին առաջնորդութեամբ 145 պատանիներու (մինչեւ 14 տարեկան) բանակումը` գրեթէ տասը օրուան համար, որուն ընթացքին հոգեւոր եւ ազգային դաստիարակութիւն փոխանցուեցաւ մասնակիցներուն, որոնց կողքին 41 երիտասարդ երիտասարդուհիներ, աբեղաներ ու վարդապետներ ամէն օր հոն էին, իրենց հետ կը գիշերէին: Անոնք բոլորը աշխատեցան, որ պատանիները հոգեւոր-ազգային դաստիարակութիւն ստանան: Սակայն կարծէք որոշած են չտեսնել այս բոլորը, չկարդալ այս բոլորին մասին, չեն ուզեր լսել այդ մասին:
Շարունակեմ. բանակումները` մեր երիտասարդներուն, պատանեկան միութիւններուն, այլ միութիւններու: Գործուղումները, որ Հայաստանի մէջ կատարուեցան, Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպած «Դէպի Երկիր» ճամբարը: Առօրեայ մեր կեանքը, մեր ակումբներուն եւ միութիւններուն կեանքը: Այս ամէնը չեն տեսներ մարդիկ, ահաւոր վիճակ մը ստեղծուած է ամէն ի՛նչ սեւ տեսնելու կամ որդեգրելու խօսելու այնպիսի եղանակ մը, որուն իւրաքանչիւր նախադասութեան կը յաջորդեն «բայց» եւ «սակայն» շաղկապները», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ իրեն համար ամէնէն սիրելի ասպարէզը լրագրութիւնն է, եւ եթէ պատասխանատու պաշտօններ չունենար, պիտի նախընտրէր լրագրող ըլլալ, ինչպէս որ էր երիտասարդ տարիքին: «Լրագրութեան եւ յօդուածագրութեան հիմնական սկզբունքներն են ըսել ճշմարտութիւնները, քննադատել եւ լուծումները տալ: Սակայն մարդիկ երկրորդ հիմնական կէտին կառչած կը մնան, իսկ երբ կարգը լուծման գայ, անոնք կ՛ըսեն` թող ղեկավարութիւնը որոշէ: Ո՞վ է ղեկավարութիւնը. մենք ենք` բոլորս: Մեր ժողովուրդն է, մեր առօրեան է, մեր ուսուցիչներն են, մեր մտաւորականներն են, մեր լրագրողներն են, մեր ուսանողներն են, մեր երիտասարդութիւնն է: Սակայն անոնք են, որ մեր առօրեայ կեանքին հետ կապ ունին: Մեզի մնայուն կերպով կ՛առաջարկեն կարկինը լայն բանալ եւ մեր մօտ հրաւիրել մեզմէ հեռացած գաղութի զաւակները, սակայն անոնք գէթ հայկականութեամբ հետաքրքրուած պէտք է ըլլան: Մենք կը լսենք մեղադրանքներ, որ մեր դպրոցները «Այ. Սի.»-ի եւ «Ճիզըս էնտ Մերի»-ի չափ անգլերէն չեն դասաւանդեր, սակայն կը մոռնան, որ մեր դպրոցներուն առաքելութիւնը հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել է նաեւ: Այլապէս կրնանք հայկական դպրոց չունենալ, եւ թերեւս ալ պահանջուածը այն է, որ մենք օտարանանք եւ դառնանք սոսկական լիբանանցիներ, եւ մեր հետաքրքրութիւնը սահմանափակուի լիբանանեան ներքին հարցերով` կենսոլորտ, աղբ, ջուր, ելեկտրականութիւն: Այս բոլորը Լիբանանի տագնապներն են, եւ մենք` բոլորս առանց բացառութեան, ամէն օր կը տառապինք այդ հարցերով, սակայն մարդիկ չեն ուզեր տեսնել», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:
Ան ըսաւ, թէ ինք վստահ է, որ եթէ վաղը առաւօտ իսկ այս հարցազրոյցին կամ յայտարարութիւններուն մասին հարցախոյզ կատարուի, մարդիկ հետեւած պիտի չըլլան, սակայն պիտի շարունակեն քննադատել, սրբագրողի դերակատարութիւն ստանձնել, մեկնաբանութիւններ կատարել: «Ճիշդ հասկնանք զիրար. քննադատութիւնները պէտք են, սակայն անոնք պիտի արձանագրուին մեր առօրեային հետ կապ ունեցող մարդոց կողմէ: Միայն սեւ տեսնելով չէ, որ մենք կրնանք մեր ժողովուրդը առաջնորդել: Ամէնէն դիւրին բանն է խրամը զետեղել եւ մէկ ուղղութեամբ հարուածել: Բայց հարուածելէն ետք, ինչի՞ հիման վրայ պիտի կառուցուի: Երբ ամէն ինչ կը քանդես` հեղինակութիւններ, սրբութիւն, ընտանեկան արժէքներ, հաւաքական արժէքներ, ո՛վ որ ալ ըլլայ` ինչի՞ հիման վրայ պիտի կառուցէ: Մեր հիմնախնդիրը այս է, եւ մենք ստիպուած ենք հաւաքական կերպով` եկեղեցի, կուսակցութիւններ, միութիւններ, դպրոցներ, այս հարցին դիմաց մեր հաւաքական կամքը արտայայտել», շեշտեց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի դիտել տուաւ, որ հայ ժողովուրդը իր փառապանծ պատմութեան կողքին, ունի նաեւ տխուր էջեր, Ցեղասպանութիւն, «սակայն տխրութիւններու տխրութիւնը հոգիներուն մէջ բոյն դրած արտագաղթն է` հայկականութենէ արտագաղթ: Կրթական կարեւոր պատասխանատուի մը հետ ունեցած հանդիպումներէս մէկուն ընթացքին, ան հաստատեց, որ հայ աշակերտը չ՛ուզեր իր ուսումը շարունակել հայկական միջավայրի մէջ` ըսելով, որ անիկա յետամնաց շրջանակ է: Յետամնացութի՞ւն է, երբ ուսուցիչը կ՛ըսէ, թէ թմրեցուցիչ գործածելը սխալ է, երբ ուսուցիչը կը թելադրէ, որ պէտք է շարունակէք որոշ արժէքներու հետամուտ ըլլալ` ձեր վարուելակերպին ու արտայայտութիւններուն մէջ: Երբ ուսուցիչը կ՛ըսէ, թէ տակաւին պէտք է պահպանէք ազգային արժէքները` ինչքան ալ աշխարհին մէջ փոփոխութիւններ եւ արդիականացում արձանագրուած են: Երբ ուսուցիչը կ՛ըսէ, թէ այսօր միասեռականութիւն կայ, մարդկային իրաւունքներու, կենսոլորտի եւ անասուններու պաշտպանութիւն կայ, սակայն մտածեցէք եւ տեսէք, որ մենք տարբեր ենք, եւ որովհետեւ տարբեր ենք` ապրած ենք ու գոյատեւած: Եթէ չենք ուզեր ապրիլ եւ իբրեւ հայ գոյատեւել, կա՛ն, մի՛շտ ալ եղած են օտարացած հայեր, որոնք կրնան հայկական անցագիր ալ ունենալ, սակայն անոնք օտարացած են, այսինքն` իրենց հոգիով գաղթած են հայկականութենէն: Այդ է բուն հարցը` մարդիկ առանց տեղեակ ըլլալու մանրամասնութիւններէն, երկու տողով անպայման պիտի քննադատեն: Կ՛ուզեմ այս առիթով կարճ պատմութեան մը անդրադառնալ: Գիւղի մը մէջ երիտասարդ մը կ՛երթայ քահանային եւ կ՛ըսէ, թէ ինք մեղք գործած է եւ կ՛ուզէ խոստովանիլ: Քահանան կը հարցնէ անոր մեղքին մասին եւ ան կը պատասխանէ, թէ ինք բամբասած է դրացիին կինը: Քահանան երիտասարդին կը թելադրէ հաւ մը առնել, փետուրները փետել, եւ մէկ փետուր զետեղել բնակարաններուն դիմաց, անոնց որոնց հետ բամբասած է տուեալ կինը: Երիտասարդը կը վերադառնայ քահանային մօտ եւ կ՛ըսէ, թէ անոր թելադրանքը կատարած է եւ հարց կու տայ, որ արդեօք մեղքը քաւա՞ծ է: Քահանան կը պատասխանէ, որ տակաւին ան ընելիք ունի` աւելցնելով, որ հիմա պէտք է երթայ եւ իւրաքանչիւր տան դիմաց զետեղած փետուրը հաւաքէ: Երիտասարդը կ՛ըսէ. «Տէ՛ր հայր, անկարելի է, երէկ գիշեր փոթորիկ էր: Մէկ փետուրը Սասուն գնաց, միւսը` Տիգրանակերտ, միւսը` Այնթապ, միւսը` Կարս»: Տէր հայրը իր կարգին կը պատասխանէ. «Տղա՛ս, անիկա պէտք է բամբասելէդ առաջ մտածէիր»: Գիտէք փամփուշտը մէկ հոգի կը սպաննէ, սակայն լեզուն իբրեւ փամփուշտ կը քանդէ, անհատը կը քանդէ, կեանքը կը քանդէ: Կը քանդէ սովորութիւնները, արժէքը եւ ընդհանուր համակարգը, որուն պատասխանատու ենք բոլորս», հաստատեց Յակոբ Բագրատունի:
Հարցազրոյցը վարեց`
ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ
Արտագրեց`
ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
(Շար. 1)