ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ
16 յուլիս 2018-ին Հելսինքիի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփն ու Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը գումարեցին ժողով մը, որուն հիման վրայ Ամերիկայի նախկին արտաքին գործոց նախագահ Հենրի Քիսինճըրը յօդուած մը գրեց («Ֆայնենշըլ Թայմզ», 20 յուլիս 2018): Այդ վեհաժողովներու ղեկավարները քննարկեցին միջազգային տագնապալի խնդիրներ, որոնց շարքին` Ուքրանիոյ, Սուրիոյ եւ առեւտրական հարցեր: Քիսինճըր կարեւոր նկատելով այս վեհաժողովը` կոչ ուղղեց Թրամփին, որ Ռուսիոյ հետ իր յարաբերութիւնները բարելաւէ, ապա թէ ոչ Ռուսիան պիտի ուղղուի դէպի արեւելք եւ Չինաստանի հետ գործակցելով` պիտի հարուածէ Միացեալ Նահանգներու շահերը: Հետեւաբար, ըստ Քիսինճըրի, միայն ամերիկեան-ռուսական դաշինք մը կրնայ կասեցնել Չինաստանի յառաջխաղացքը: Այս կարծիքը շատ ալ դրական արձագանգ չունեցաւ ամերիկեան մամուլին մէջ, եւ Միացեալ Նահանգներ յաւելեալ պատժամիջոցներ որդեգրեցին Ռուսիոյ դէմ («Ինտիփենտընթ, 22 օգոստոս 2018):
Երեքշաբթի, 11 սեպտեմբեր 2018-ին Չինաստանի նախագահ Չի Ժինփինկ այցելեց Ռուսիա, ուր երկու երկիրները համաձայնեցան 100 միլիառ տոլարնոց ներդրում կատարել 73 ծրագիրներու շուրջ: Հակառակ Ռուսիոյ դէմ ամերիկեան տնտեսական պատժամիջոցներուն եւ Չինաստանի դէմ առեւտրային պատերազմին` այս երկու հսկայ երկիրները իրենց տնտեսական, քաղաքական եւ ռազմավարական ուժերը միացնելով` կրցան դէմ դնել ամերիկեան ճնշումներուն: 2012-ին ստեղծուեցաւ Ռուսիա-Չինաստան ներդրումային հիմնադրամ մը, որուն նպատակն է հսկել ներդրումներու հոսքին, սակայն երկու կողմերը դժգոհ էին, որ ներդրումները դանդաղ էին եւ յաւելեալ ճիգ կը պահանջէին («Սի.Էն. Պի. Սի.», 11 սեպտեմբեր 2018):
Սակայն ռուս-չինական ռազմական պատասխանը չուշացաւ, եւ մօտ 3000 չին զինուորներ իրենց ռուս գործընկերներուն հետ կազմակերպեցին հսկայ ռազմափորձ մը,որ, ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին, ամէնէն մեծն է Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք: Ըստ ռուսական աղբիւրներու, այս ռազմափորձին պիտի մասնակցին մօտ 350.000 զինուորներ, 1000 օդանաւ, 36.000 հրասայլ եւ բազմաթիւ նաւեր:
Այս ռազմափորձը հետաքրքրական է այն առումով, որ երկու երկիրները, որոնց միջեւ կայ քաղաքական որոշ պաղութիւն մը եւ գոնէ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ երկու երկիրները կը մրցակցին քաղաքական գետնի վրայ իրարմէ աւելի գերակշիռ դիրք ունենալու շրջանին մէջ, ներկայիս անոնք միասնաբար կը ձգտին գերակշռելու ամերիկեան քաղաքականութիւնը արեւելքի մէջ: Ըստ Մոսկուայի «Քառնեկի» հետազօտական կեդրոնի տնօրէն Ալեքսանտր Կուպէի, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի պատասխանը Միացեալ Նահանգներուն յստակ է. այնքան ատեն որ Ամերիկա իրենց վրայ ճնշում կը բանեցնէ, իրենք իրարու ալ աւելի պիտի մօտենան եւ ինչո՞ւ չէ, ռազմավարական դաշինք մը պիտի կնքեն` հարուածելու ամերիկեան շահերը արեւելքի մէջ:
Շատ յստակ է, որ հակառակ անոր որ ռուսական մամուլը մեծ շուքով ներկայացուց երկու երկիրներուն միջեւ ռազմական համագործակցութիւնը, չինական պատասխանը շատ աղմուկ չհանեց: Ասիկա ապացոյց է, որ երկու երկիրները տակաւին շատ հեռու են ռազմական դաշինք մը կազմելէ Միացեալ Նահանգներու դէմ:
Պատմութիւնը կ՛ապացուցէ, որ միջազգային ուժերը իրարու հետ կը դաշնակցին ոչ թէ որովհետեւ անոնք ունին ընդհանուր միացեալ համոզում մը, այլ որովհետեւ անոնք պարզապէս ունին միացեալ թշնամի մը: Այս էր պարագան Արեւմուտքի եւ խորհրդային իշխանութիւններուն համագործակցութեան նացիներուն դէմ եւ այս է ներկայիս ռուս-չինական համագործակցութիւնը` Միացեալ Նահանգներուն դէմ:
Միջազգային ներկայ խառնակ իրավիճակը ա՛լ աւելի կը ծանրաբեռնէ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը: Հայաստան Եւրասիոյ կեդրոնը ըլլալով` երկու հոսանքներուն միջեւ կրնայ հարուածներու ենթարկուիլ, հետեւաբար պէտք է հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն մը վարէ, սակայն միշտ ալ հաշուի առնէ իր աշխարհաքաղաքական դիրքը, սահմանակից երկիրները եւ իր ռազմավարական դաշնակիցները: