Կիրակի, 16 սեպտեմբեր 2018-ի առաւօտեան ժամը 7:00-ին, Սուրիոյ 14 նահանգներուն մէջ ընթացք առին Սուրիոյ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները:
Ընտրութիւններուն մասնակցեցան 40 հազար թեկնածուներ, որոնք պիտի զբաղեցնեն տեղական ինքնակառավարման մարմիններու 18 հազար աթոռներ:
Հալէպի մէջ քաղաքացիները առաւօտեան կանուխ ժամերէն ուղղուեցան ընտրութեան կեդրոններ եւ իրենց սահմանադրական իրաւունքը կիրարկելով քուէարկութեան մասնակցեցան:
Տեղական ինքնակառավարման մարմինի Հալէպի Նահանգային խորհուրդի Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի երկու թեկնածուներն էին մեթր Մարիա Գաբրիէլեան եւ մեթր Նորա Գրաճեան:
Ընտրութիւնները շարունակուեցան մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00: