Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Անդրադարձ. Նոր Հայաստանը` «Ռուսամէտ»-էն Աւելի «Ռուսամէտ»

Դեկտեմբեր 24, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Վերջին շաբաթներուն Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը ցոյց կու տայ, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որ լաւ երեւի Քրեմլինի առջեւ: Ասիկա որոշ մտահոգութիւններ կը ստեղծէ, որովհետեւ Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ միջեւ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնը կրնայ կորսնցնել իր ուղին: Անշուշտ դէմ չեմ, որ Հայաստանը ռուսամէտ արտաքին քաղաքականութիւն վարէ, ասիկա կը բխի մեր ռազմաքաղաքական եւ աշխարհաքաղաքական շահերէն: Սակայն ասիկա ըսել չէ, որ երկրին արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք է պատանդ դարձնել: Կարեւոր է անդրադառնալ երեք կէտերու կամ օրինակներու, որոնք ինծի մտահոգութիւն պատճառեցին:

Ա.- Նախկին իշխանութիւնը բազմիցս մերժեց Մոսկուայի առաջարկները` հայկական զինուորական ջոկատ մը ուղարկելու Սուրիա: Հակառակ անոր որ այս խաղաղապահ ջոկատը ունի զուտ մարդասիրական բնոյթ, սակայն Երեւան մտահոգութիւն ունէր մխրճուելու սուրիական հարցին մէջ եւ սուրիահայ համայնքը աւելի եւս վտանգի ենթարկելու առումով: 8 սեպտեմբերին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարեց, որ Հայաստանը Ռուսիոյ հետ պիտի համագործակցի Սուրիոյ մէջ «միացեալ մարդասիրական գործողութիւններ» կատարելու նպատակով («ՃէյմսԹաուն», 17 սեպտեմբեր 2018): Այս յայտարարութիւնը հետագային քննադատուեցաւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ, եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճոն Պոլթըն «խորհուրդ» տուաւ Հայաստանին` Ռուսիոյ հետ չմասնակցիլ Սուրիոյ մէջ որեւէ զինուորական գործողութեան («Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայան, 25 հոկտեմբեր 2018): Արդեօք այս քայլը կը բխէր զուտ հայկական կամ հայաստանեան շահերէ՞,թէ՞ պարզապէս Ռուսիան սիրաշահելու «ժեսթ» մըն էր:

Բ.- Պիելոռուսիոյ նախագահին վերջին յայտարարութիւնները որոշ հարցման նշաններ ստեղծեցին հայ-ռուսական յարաբերութեան մէջ: Նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն քննադատեց վարչապետ Փաշինեանը` հարց տալով, թէ ինչո՞ւ Հայաստանը կը քննադատէ միայն Պիելոռուսիոյ կողմէ զէնքի արտածումը Ազրպէյճան, մինչ անոր դաշնակից Ռուսիան հիմնական զէնք արտածողն է դէպի Ազրպէյճան: Որոշ իրականութիւն մը կայ այս հարցադրումին մէջ, որովհետեւ նոյնիսկ ժամանակին Սերժ Սարգսեանին իշխանութիւնը չկրցաւ համոզել ռուսական կողմը` կասեցնելու զէնքի վաճառքը Ազրպէյճանին: ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրները ինչպէ՞ս կրնան զինամթերք ծախել ոչ անդամ երկրի մը, որ զայն դաշինքի անդամ երկրի մը դէմ գործածէ:

Գ.- Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին, Հայաստան եւ Ռուսիա կը պատրաստուին ստորագրել համաձայնագիր մը, որով Հայաստանի մէջ պիտի արգիլուի օտար զինւորներու կամ ռազմակայաններու ներկայութիւնը: Լաւրով ըսաւ, որ նոյնանման համաձայնագիր պիտի ստորագրուի նաեւ Ղազախստանի հետ: Անդրադառնալով այն հարցին,թէ ինչո՞ւ այսպիսի համաձայնագիր մը պիտի ստորագրուի, ան յայտարարեց, որ Ռուսիա կ՛ուզէ վստահ ըլլալ, թէ ապագային այս երկիրները իբրեւ միջոց պիտի չօգտագործուին` վտանգելու ռուսական ռազմական շահերը («Քոմսոմոլսքայա Փրաւտա Ռատիօ», 17 դեկտեմբեր 2018): Սակայն արդեօք Հայաստան դաշնակից չէ՞ Ռուսիոյ, արդեօք պէ՞տք է Հայաստանի իշխանութիւնները փաստեն Քրեմլինին, որ Երեւան դաշնակիցէ մը աւելի դաշնակից է իրենց: Հոս նաեւ պէտք է յիշեցնել, որ վերջերս Հայաստանը ռուսական կողմին կանաչ լոյս տուաւ` քննելու երկրին մէջ գտնուող ամերիկեան գիտական կեդրոնները, բան մը, որ դժգոհութիւն յառաջացուց Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ներքին քաղաքական կեանքին մէջ եւս այս քայլը մտահոգութիւն կը յառաջացնէ: Լուսաւոր Հայաստան կուսակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանը յայտարարեց, որ իր խմբակցութիւնը դէմ պիտի քուէարկէ, եթէ Ազգային ժողովին ներկայացուի այս համաձայնագիրը: Ան նաեւ նշեց, որ Ռուսիոյ կողմէ ներկայացուած մտահոգութիւնները անտեղի են («Առաջին լրատուական», 18 դեկտեմբեր 2018):

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը իր կարելին պիտի ընէ, որպէսզի համոզէ Քրեմլինը, որ Հայաստան պիտի չշեղի իր ռուսամէտ արտաքին քաղաքականութենէն, սակայն մինչեւ օրս ասիկա համոզիչ չէ Ռուսիոյ համար: Ռուսիան Հայաստանը պիտի մղէ այլ զիջումներու, որոնք կրնան վտանգել երկրին գերիշխանութիւնը եւ յարաբերութիւնը Արեւմուտքին հետ:

Yeghia.tash@gmail.com

 

Նախորդը

Տեղի Ունեցաւ Սպարտակ Ղարաբաղցեանի «Արեւի Բնակավայրը» Գիրքին Գինեձօնը

Յաջորդը

Հրայր Մարուխեանը Եւ ՀՅԴ Ֆեմինիզմը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?