Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խոհեր Եւ Մտածումներ Հրայր Մարուխեանէն

December 21, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

… Իսկ եթէ գայ այն օրը, երբ ժողովուրդը այնպէս փափաքի, որ Դաշնակցութիւնը անցնի իշխանութեան գլուխ, ապա այն ատեն մենք պիտի վերցնենք այդ պարտականութիւնը եւս: Բայց իշխանութիւնը երբե՛ք նպատակ չէ եղած Դաշնակցութեան համար: Չէ եղած նոյնիսկ 1918-ին, երբ անկախութիւնը չոքեց մեր վրայ, եւ ժողովուրդը ըսաւ Դաշնակցութեան «ե՛կ ղեկավարէ», եւ եկաւ ու ղեկավարեց: Դաշնակցութիւնը իշխանութեան հասնելու համար չէ, որ այս բոլորը կ՛ընէ այլ` իշխանութեան նպաստելու համար:

***

… Մենք մեր ձեռքը կ՛երկարենք համայն հայութեան, Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն, որպէսզի միասին դիմագրաւենք մեր ժողովուրդի ճակատագրի դէմ գործող ուժերը, որպէսզի վաղը Արցախի ճակատագիրը միասին յաջողինք իր վերջնական լուծումին հասցնել, որպէսզի գեղեցիկ օր մը մեր հայրենիքի մէջ միասին`  Դաշնակցութեամբ, Ռամկավարով, Հնչակեանով, Բարեգործականով, ՀՕՄ-ով, բոլորո՛վ, բոլորո՛վ կարելի ըլլայ անցընել այս ճգնաժամը, ազգային խոր գիտակցութեամբ անդրադառնալ, որ ժամանակն է ազգային միասնութիւնը արժեցնելու եւ նորաստեղծ անկախ հանրապետութեան ամրակայումը խօսքի սահմաններու մէջ չպահելու, այլ իրապէս զայն իրագործելու` զուգահեռաբար ընդունելով այն սկզբունքը, որ վարչակարգերը գնայուն են, իսկ ժողովուրդն ու հայրենիքը` մնայուն… Հայրենիքը` մեր միասնական կամքով զօրացած, ձեռք-ձեռքի տալով հզօրացած` օրըստօրէ ա՛լ աւելի ամրակայէ իր գոյութեան, իր ժողովրդավարութեան եւ անկախութեան կռուանները:

***

Հրայր Մարուխեան, Սարգիս Զէյթլեան, Երուանդ Փամպուքեան եւ Վաչիկ Ղարաբեկեան- Աղբալեան ակումբի մուտքին

… Ահա այդ տիեզերական նշանակութիւն ներկայացնող սկզբունքներն են, որոնք ընդօրինակումի գնով պէտք է ներառուին ազգային-պետական մեր սահմանադրութեան մէջ` կազմելով անոր առանցքային տրամադրութիւններէն մէկը: Հիմնական այդ սկզբունքներէն կարեւորագոյնը օրէնսդիր, գործադիր, եւ դատական իշխանութեանց տարանջատման հասկացութիւնն է:

… Ժողովուրդի ազատ կամքով ընտրուած իշխանութիւնը, երբ հիմնուած է երեք` մէկը միւսին հսկող ու հաւասարակշռող, մէկը միւսը լրացնող առանցքային կառոյցներու վրայ, այդ պարագային, միայն այդ պարագային ժողովրդավարութեան կենսահաստատ առաջադրանքները իրականանալու կարելիութիւն ունին, եւ բացառաբար այդ իրողութեամբ է, որ ժողովուրդը կարող է վայելել իրապէս ազատ եւ անկաշկանդ կեանքի բարիքները:

«Ազգն ու հայրենիքը վեր են իշխանութեան, նախագահի, կուսակցութիւնների շահերից: Մենք պարտաւոր ենք ձեռք-ձեռքի տալով` հայոց պատմութեան այս բախտորոշ պահին միասին լուծել հայութեան դէմ ցցուած ազգային, քաղաքական եւ տնտեսական մերօրեայ կնճիռը, միասին կռուել ազգային չարիքի դէմ եւ համայն ազգն ու Հայաստանը փրկել նոր փորձանքներից: Եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, ինչպէս միշտ, այժմ էլ պատրաստ է ստանձնելու իր պատմական պատասխանատուութիւնը»:

***

Սահմանադրութիւնը, իր տրամադրութիւններու համահայկական իրականութեան հետ անխզելի կապակցութեամբ, պէ՛տք է հայութեան ուժի միասնութեան գրաւականը եւ խորհրդանիշը դառնայ: ՀՀ-ի ազգային-պետական սահմանադրութիւնը պէտք է կարողանայ առանցքային բնոյթ կրող տրամադրութեամբ մը` մէկ ազգի եւ մէկ հայրենիքի համոզումը յառաջացնել հայրենաբնակ թէ արտերկրի հայութեան բոլոր շրջանակներուն մէջ: Այս պայմաններուն մէջ Հայաստանի մեր ժողովուրդին կը մնայ արթուն ըլլալ եւ ընել այնպէս, որ ունենանք հայութեան արժանապատուութիւնը բարձր պահող լաւագոյն սահմանադրութիւնը: Ընել այնպէս, որ սերունդներ հպարտանան ՀՀ-ի ազգային-պետական սահմանադրութեան ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ ազգային արժէքով: Ընել այնպէս, որ հայ ազգը կարողանայ պարծենալ ժողովրդավարական լիցք ունեցող իր ուրոյն սահմանադրութեամբ: Սահմանադրութիւն, որուն հիմամբ «խոկումէն ծնող ընտրանքի կարելիութեամբ», կեանքի կը կոչուի ըստ ամենայնի ժողովրդավար կառոյցով կառավարութիւն մը, ոչ թէ «պատահականութեան եւ ուժի տրամաբանութենէն ծնող» հակաժողովրդավար իշխանաւորներու խումբ մը:

 

Նախորդը

Ղեկավարը

Յաջորդը

Յիշել` Պատգամ Քաղելով

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.