Հրայր Մարուխեանի Կեանքը Կազմեց Կուսակցութեան Պատմութիւնը
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Հրայր Մարուխեան իր անձին հմայքով, խօսքին ջերմութեամբ եւ մանաւանդ իր ծաւալած գործին տարողութեամբ եզակի եղաւ ընդհանուրին մէջ, անոր կեանքին պատմութիւնը միաժամանակ պատմութիւնը կազմեց իր անձնաւորած կուսակցութեան, յատկապէս` վերջին տասը-տասնհինգ տարիներուն: Բազմաճակատ պայքարի ռահվիրայ, քաղաքական յարաբերութիւններու եւ կազմակերպական աշխատանքի չյոգնող ճամբորդ, որ ներկայ եղաւ ամէնուրեք, ուրկէ որ հայ կեանքի ու Հայ դատի կանչը լսեց: Կուսակցութեան հանդէպ իր հաւատքը շատ...



















