ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Ամէն անգամ երբ կը մտածեմ գրել մահացած ընկերներէս մէկուն մասին, մանաւանդ երբ` կորուստի ցաւը սրտիս մէջ, կը փորձեմ ամփոփել ցրուած տպաւորութիւններս, անմիջապէս մտքիս մէջ կը սկսին զիրար հրմշտկել ենթական յատկանշող ածականներու շարք մը: Կարգ մը պարագաներու անոնք կը սահմանափակուին քանի մը բառով, մինչ ուրիշ պարագաներու ստիպուած կ’ըլլամ բառերու շարքը կրճատելու` ընթերցողներուն անհաւատալի չթուելու համար:
Ճիշդ այս վիճակին մէջ կը գտնուիմ հիմա, երբ կը գրեմ իմ ամէնէն մօտիկ ընկերներէս Պօղոս Ղուկասեանին մասին:
Ի՞նչ ըսեմ Պօղոսին մասին. ի՜նչ չըսեմ Պօղոսին մասին:
Համեստ, ծառայասէր, բարի, հայրենասէր, աւանդապահ, կիրթ, ազնիւ, անշահախնդիր, ընկերասէր, բարձր ուսումի տիրապետած, հանրային ծառայութեան ոգիի տէր, բնութիւնը սիրող, ընտանիքի յարգուած հայր, Մուսա Լեռ-Այնճարն ու այնճարցին սիրող հայրենակից, ուսուցիչ, դաստիարակ, փնտռուած դասախօս, Միջին Արեւելքի Ճարտարագիտական կեդրոնի երկարամեայ տնօրէն, սիրուած եւ յարգուած անձնաւորութիւն մը օտար շրջանակներուն կողմէ, Լիբանանի մէջ բազմաթիւ նորութիւններ բերած մասնագէտ (արեւի ուժի օգտագործում, պահածոներու եւ չիրի պատրաստութիւն, բնական կազի արտադրութիւն, անտառներու հիմնադրութիւն….), որ հեղինակ է շարք մը արաբերէն գրքոյկներու, որոնք ծրագրուած են տնային տնտեսութիւնները զարգացնելու:
Վերջապէս հայութեան եւ Լիբանանի ծառայութեան զինուորագրուած անձնաւորութիւն մը, որ կեանք մը ամբողջ մնաց ծառայութեան պատնէշին վրայ: Հայ մարդ մը, որ արժանացած է բոլորին յարգանքին` արդարօրէ՛ն:
Պօղոս Ղուկասեանը իր վաստակը ունի մանաւանդ լիբանանահայ մեր կեանքին մէջ: Օգտակար հանդիսացած է ԼՕԽ-ի շատ մը ծրագիրներու, Այնճարի քաղաքապետութեան, Այնճարի Գ. Կիւլպէնկեան ազգային վարժարանին: Մաս կազմած է Այնճարի հիմնադրութեան 60 եւ 65-ամեակներու կեդրոնական մարմիններուն` միշտ լուռ ու մունջ աշխատելով:
Բոլորովին անակնկալ կերպով բաժնուեցաւ մեզմէ: Մենք կորսնցուցինք Պօղոսը: Վա՜յ մեզի:
Տակաւին շատ ծրագիրներ ունէր: Պիտի երթար հայրենիք իր մասնագիտական փորձառութիւնը ի սպաս դնելու հայրենիքի հզօրացման…
Է՜, ընկե՛ր Պօղոս, մինակ ձգեցիր մեզ. մենք քանի՞ Պօղոս ունէինք :
Մեր միակ մխիթարութիւնը այն է, որ մենք հպարտ ենք քեզի պէս ընկեր մը ունեցած ըլլալնուս համար:
Վաղը, մահուանդ տարելիցին օրը, Այնճարի քաղաքապետութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունեցած է գիւղի կեդրոնական հրապարակին վրայ քու անունովդ պուրակ մը կոչելու` բոլորին յիշեցնելու համար, թէ Պօղոս Ղուկասեանի յիշատակը չէ մեռած :
Յիշատակդ միշտ կենդանի պիտի մնայ, ընկե՛ր Պօղոս:
Մուսա Լեռ, Այնճար
20 դեկտեմբեր 2018


