Յօդուածներ

Գոհաբանական Պաշտամունք Առ Աստուած

Գոհաբանական Պաշտամունք Առ Աստուած

«Կենաց խօսքը ամուր բռնելով, որպէսզի կարենամ պարծենալ Քրիստոսին օրը, թէ պարապ տեղ չեմ քալած ու պարապ տեղ չեմ աշխատած» (Փիլ. 2.16) Հաւատք, նուիրում, խոնարհութիւն, ծառայութիւն` այս բոլորը մէկտեղուած նոյն անձին մէջ դժուար գտանելի երեւոյթ է, աւելի՛ն, 42 տարուան անձնուրաց հովուական ծառայութեան ընթացքին, անշեղօրէն, անվարան, Տիրոջ խօսքին հաւատարիմ մնալ` կ՛ենթադրէ տոկուն նկարագիր եւ անխախտ հաւատք: Այս տողերուն մէջ կարելի է ամփոփել...

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Դրական Կարգապահութեան Վարժանիստ

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Դրական Կարգապահութեան Վարժանիստ

Ուսուցիչներու վերաորակաւորման ծրագիրներու ծիրէն ներս եւ գործակցութեամբ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հիմնարկի հետ, շաբաթ, 12 յունուարին «Դրական կարգապահութեան» միօրեայ վարժանիստ մը տեղի ունեցաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ: Վարժանիստը ղեկավարեց «Գարակէօզեան» հիմնարկի ընկերային ծառայող Յասմիկ Տօնոյեանը. մասնակցողները եղան վարժարանի բոլոր բաժիններու ուսուցիչները: Աշխատանքները սկսան «Գարակէօզեան» հիմնարկի մասին պատրաստուած համակարգչային ներկայացումով մը, որ լուսարձակի տակ կ՛առնէր հաստատութեան տարբեր բաժանումներուն աշխատանքները: Յ. Տօնոյեանը առաջին...

Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1928). Հայ Դասական Երաժշտութեան Մեծատաղանդ Դրօշակիրը

Հրանդ Տինք (1954-2007). Թուրքիոյ Վերազարթնեալ Հայութեան Պատգամաբեր Նահատակը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Յունուար 19-ի այս օրը, տասնեւմէկ տարի առաջ, նահատակուեցաւ հայ ժողովուրդի մերօրեայ հերոսներէն Հրանդ Տինք: 2007թուականի ճիշդ այս օրը Պոլսոյ գլխաւոր թաղամասերէն Շիշլիի մէջ գտնուող իր «Ակօս» թերթի խմբագրատան առջեւ Հրանդ Տինք զոհ գնաց թրքական հայատեացութեան արձակած մոլեգին երեք փամփուշտներու... 53 տարիքը դեռ չէր բոլորած հայութեան ձայնը իւրովի ներկայացնող, հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը քաջաբար ու...

Հայկական Մամուլի Օրուան  Առթիւ (16 Հոկտեմբեր).   Շնորհաւոր Հայկական Մամուլի Օր

Նահատակութեան 12-րդ Տարելիցին Հրանդ Տինքի Յիշատակին Առիթով

ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ 12 տարի առաջ, 19 յունուար 2007 թուականին, ժամը 15:00-ին Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագրատան դռան առջեւ թուրք ազգայնականներու կողմէ սպաննուեցաւ հայազգի մտաւորական Հրանդ Տինքը: Անոր նահատակութիւնը թուրք եւ հայ հասարակութեան կեանքը բաժնեց «Հրանդ Տինքէն առաջ» եւ «Հրանդ Տինքէն ետք» երկու ժամանակահատուածներու: Հրանդ Տինքի նահատակութիւնը, հայ իրականութեան ալ աւելի մօտէն ծանօթանալու համար, իւրաօրինակ ազդակ մը դարձաւ թուրք հասարակութեան լայնախոհ...

Հրանդ Տինք Պէտք Չէ «Մսի» Իր Շիրիմին Մէջ

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Պէտք է յիշել, որ այդ թունաւոր մթնոլորտին մէջ իրենց բաժինը ունէին մեծ թիւով հայեր, որոնք ընդմիշտ պատրաստ էին Հրանդ Տինքը յօշոտելու` անոր գաղափարներուն մէջ զիրենք անհանգստացնող բազմաթիւ գործօններու պատճառով: Բագրատ Էսդուքեան Պոլսահայ գրող եւ հրապարակագիր (ԱԶԴԱԿ, 20-1-2018) Ամէն տարի, այս թուականին, աւանդութիւն դարձած մեր գրութիւններուն մէջ, իբրեւ խորագիր ու բովանդակութիւն կը շեշտադրէինք երկու հիմնական իրողութիւն. նախ` պոլսահայ քաջարի...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ինչպէ՞ս Նայիլ Հայաստանի Ապագային

ՅԱՐՈՒԹ ՃԵՆԱՆԵԱՆ Մենք լաւ կը գիտենք հայ ազգի պատմութիւնը` իր փառաւոր եւ հերոսական երեսներով, նոյնպէս` աշխարհակալ կողմով, ապա նաեւ` տխուր եւ ցաւալի հանգրուաններով, զորս կը յիշենք լի ջարդերով, քանդումներով, ի վերջոյ` ահաւոր Ցեղասպանութեամբ, հողերու եւ մշակութային արժէքներու կորուստով: Հարկ չկայ մանրամասնութիւններու մասին խօսելու, քանի որ դպրոցական աշակերտներն իսկ գիտեն այս բոլորը`  քիչ թէ շատ: Սակայն օր մըն ալ բարեբախտաբար ունեցանք...

Ընտրութիւններուն Հանդուրժուող Ատելութեան Խօսքը` Ազատութեան Մահն Է

Կանանց Դաշինքի Անհրաժեշտութիւնը

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ Մեր կուսակցութիւնը բազմիցս խոստացեր է վերջ տալ սեռային խտրականութեան եւ ամրապնդել սեռային հաւասարութիւնը ներկուսացական, քաղաքական ու նաեւ  հասարակական կեանքին մէջ: Սակայն իրական եւ իմաստալից սեռային հաւասարութեան հասնելու համար պէտք է խրախուսել եւ խթանել կանանց եւ տղամարդկանց հաւասար մասնակցութիւնը քաղաքական կեանքին մէջ, ինչ որ կը նշանակէ հասնիլ աւելի հաւասարակշիռ սեռային ներկայացուցչութեան` կուսակցական բոլոր պաշտօններու եւ որոշումներու կայացման բոլոր մակարդակներու...

Լոյս Տեսած Է «ՎԷՄ» Հանդէսի 2017 Թուականի  Վերջին` Չորրորդ Թիւը

Խմբագրական «Վէմ»-ի

2018 թուականի ընթացքում Հայաստանում եւ սփիւռքի հիմնական գաղթօճախներում կազմակերպուած հանդիսաւոր միջոցառումների ու գիտաժողովների միջոցով ազգովի նշեցինք Հայաստանի Հանրապետութեան 100-րդ տարեդարձը: Համազգային նշանակութիւն ունեցող այդ նուիրական առիթով մեզանում հնչեցին ոչ միայն բոցաշունչ ճառեր, այլեւ` լրջմիտ գիտական գնահատականներ, բայց երբ անցաւ աղմուկը, երբ եկաւ լռելու, խորհելու եւ մեր ներկայ իմացական մակարդակից անցեալը վերաիմաստաւորելու պահը, պարզուեց, որ ասպարէզում չկայ որեւէ ամբողջական խօսք, գրութիւն,...

Դաշնակցութիւնը Շերտերու Բաժնելու Բոլոր Փորձերը Դատապարտուած Են Ձախողման. Արմաւիրի Մէջ Վերաբացուեցաւ «Արամ Մանուկեան» Կեդրոնը

Դաշնակցութիւնը Շերտերու Բաժնելու Բոլոր Փորձերը Դատապարտուած Են Ձախողման. Արմաւիրի Մէջ Վերաբացուեցաւ «Արամ Մանուկեան» Կեդրոնը

14 յունուարին Արմաւիրի մարզին մէջ կայացաւ ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» վերանորոգուած մարզային կեդրոնի բացման արարողութիւնը: Կեդրոնը, ուր կը գործեն տարածքային երեք` Արմաւիրի «Խնուս», Էջմիածնի «Վաչէ Ռոստոմեան» եւ Բաղրամեանի «Սիմոն Զաւարեան» կոմիտէներն ու Հայ օգնութեան միութեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան Արմաւիրի մարզի գրասենեակները, վերանորոգուած է ՀՅ Դաշնակցութեան` Ֆրանսայի, Պելճիքայի եւ Հոլանտայի կառոյցներու աջակցութեամբ: «Երկիր»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի...

Թաւշեայ  Յեղափոխութեան Վարչապետը ` Գիրքի Հեղինակ. «Երկրի  Հակառակ  Կողմը» –  Նիկոլ Փաշինեան

Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովի Ուշադրութեան – Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն

Տիկի՛Ն Աննա ...Քայլ Արա Եւ Ընդունէ Արեւմտահայերէնը ՄԱԹԻԿ  ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ Պահի՛ր նրան բարձր ու վճիտ, Արարատի Սուրբ ձիւնի պէս, Պահիր նրան սրտիդ մօտիկ, Քո պապերի աճիւնի պէս, Ու ոսոխի զարկիցը սեւ Դու պաշտպանի՛ր կրծքով նրան, Ինչպէս մօ՜րդ կը պաշտպանես, Թէ սուր քաշեն մօրդ վրայ, Ու տե՛ս, որդիս, ո՛ւր էլ լինես Այս լուսնի տակ ու՜ր էլ գնաս, Թէ մօ՛րդ անգամ մտքից հանես,...

Ինչո՞Ւ Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութիւնը Ձախողուեց

Հայ Չինական Յարաբերութիւնների Ներկան Եւ Հեռանկարները*

ԱՐԱՐԱՏ ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ Հայ չինական  դիւանագիտական յարաբերութիւնները ուժի մէջ են մտել 1991 թուականից` մէկ տարի անց Հայաստանի Հանրապետութէան անկախութիւնից յետոյ: Վերոնշեալ թուականից յարաբերութիւնները  երկու երկրների միջեւ շարունակում են լինել ո՛չ միայն դրական, այլ նաեւ` ընկերական: Թէ՛ Հայաստանը եւ թէ՛ Չինաստանը կարեւորում են յարաբերութիւնները այն երկրների հետ, որոնք ունեն հին քաղաքակրթութիւն եւ մշակոյթ: Աւելի՛ն. Հայաստանն ու Չինաստանը ունեն նոյն տեսլականը եւ քարոզում...

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Հայ Վաճառականներու Դերը Մետաքսի Ճամբուն Վրայ. Պատմական Ակնարկ

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ Հայաստանը Մետաքսի ճամբուն վրայ Հայաստանի եւ հայութեան փոխներգործութիւնը Մետաքսի ճամբուն հետ ունի աւելի քան 2000 տարուան պատմութիւն: Այս յօդուածով կ՛ուզեմ լուսարձակի տակ առնել երկու փուլեր, նախ Մեծն Տիգրանի փուլը եւ ապա հետազօտութեամբ 15-18 դարերու Նոր Ջուղայի հայ վաճառականներու դերը` վերականգնելու Մետաքսի Ճամբու գործունէութիւնը Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ: Պատմական Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը Փոքր Ասիոյ մէջ կամուրջ մը ստեղծեց Արեւելքին...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Յաջող Հայ Երիտասարդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ազգի Եւ Ընտանիքի Մը Յաջողութիւնը

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Մարդ արարծը կ՛ուզէ միշտ դիւրին միջոցներու դիմել, որպէսզի արագօրէն իր նպատակին հասնի, բայց եւ այնպէս, առանց զոհողութեան նպատակի հասնիլը ընդհանրապէս դժուար է : Քրիստոնէական դաստիարակութեան համար զաւակներս կիրակնօրեայ դպրոց յաճախած ժամանակ կինս եւ ես ալ եկեղեցւոյ պատարագին ներկայ կը գտնուինք եւ, մեր կարգին, անհրաժեշտ մտքի ու հոգիի սնունդը կը ստանանք: Միշտ կը փորձենք մեր զաւակներուն տիպար օրինակ...

Գիտութիւն-Արհեստագիտութիւն

Գիտութիւն-Արհեստագիտութիւն

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ Նոր «Այֆոն»-ը Կը Ստանայ Ամէնէն Արագ «Ուայ-Ֆայ»-ը «Էփփըլ» ընկերութեան ներկայացուցիչները տեղեկացուցած են 2019 թուականին  նոր «ԱյՖոն» սմարթֆոնի հրապարակման մասին: Գործիքին արհեստագիտական կարելիութիւնները  կ՛ընդարձակուին  ի հաշիւ «Ուայ-Ֆայ»-ի նոր սերունդի աջակցութեան, որ անլար ցանցի ամէնէն արագ տեսակն է աշխարհի մէջ: Բացի ատկէ`  նոյնպէս կը  սպասուի «Ֆէյս ԱյՏ»-ի ինտիքէյտըրի բարելաւուած տեսակ: «Ուայ-Ֆայ 5» հաղորդակցութիւնը գրեթէ երկու անգամ դանդաղ է նորէն....

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Պատի Մը Պատմութիւնը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Պատի Մը Պատմութիւնը

Պատի մը պատմութի՞ւն, թէ՞  «Հինգ միլիառ տոլարի համար»... Շարժապատկերի մեծ պաստառին վրայ ցուցադրուելիք  «ուեսթըռն» մը չէ պատահածը, այլ` կրթուած, յառաջդիմած եւ արդիականացած Ուեսթին` Արեւմուտքի սրտին մէջ անհանդուրժելի դէպք մը... իրադարձութիւն մը: Այսպէս, ամերիկացիին համար պարզ ու յստակ էր, որ Նոր տարին մասնաւոր նորութիւն պիտի չբերէր քաղաքական բեմահարթակին վրայ: Արդէն իսկ օրական նորութիւններ տեղի կ՛ունենան Սպիտակ տան մէջ եւ` այնքան սրընթաց...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Կիպրոս Նիկոսիոյ Մէջ Նշուած Է Համազգայինի 90-Ամեակը Շաբաթ, 1 դեկտեմբերին, Նիկոսիոյ «Նարեկ» վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, պատշաճ հանդիսութեամբ, նշուեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 90-ամեակը` կազմակերպութեամբ Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» մասնաճիւղին: Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանին հովանաւորութիւնը եւ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանին նախագահութիւնը վայելող հանդիսութիւնը սկսաւ վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեանի բացման խօսքով, որուն յաջորդեց գեղարուեստական...

Ծառուկեանի «Թուղթ Առ Երեւան»-ը Առաջին Անգամ Ըլլալով Լոյս Կը Տեսնէ Անգլերէնով

Ծառուկեանի «Թուղթ Առ Երեւան»-ը Առաջին Անգամ Ըլլալով Լոյս Կը Տեսնէ Անգլերէնով

Անդրանիկ Ծառուկեանի գլուխ-գործոց երկարաշունչ բանաստեղծութիւնը` «Թուղթ առ Երեւան»-ը առաջին անգամ ըլլալով լոյս տեսած է անգլերէնով: Թարգմանութեամբ Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանի եւ Ռուբէն Ճանպազեանի եւ հրատարակութեամբ «Հայրենիք» հրատարակչատան (Ուաթըրթաուն, Մասաչուսեց), 119 էջերէ բաղկացած հատորին մէջ նաեւ լոյս տեսած է խմբագիր Վահէ Հապէշեանին յառաջաբանը, որ մանրամասնութեամբ կ՛արժեւորէ Ծառուկեանի կտորը եւ կը բնութագրէ անոր կարեւորութիւնն ու գրական ու պատմական արժէքները: Սոնենց-Փափազեանի եւ Ճանպազեանի «Թուղթ առ...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Արամի Տան Ողբերգութիւնը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Կ՛իմանամ, որ հանրապետութեան նոր ճարտարապետը կը հաւաստիացնէ, որ Արամի տունը իր պաշտօնավարութեան օրով չի քանդուելու... Գոհացա՞ծ էք, սիրելիներ: Ցարդ այս է Փաշինեանի իշխանութեան անուղղակի հաւաստիքը: Ես մեծ հաւատք ունիմ պր. Մեսչեանի անկեղծութեան վրայ, բայց իմ ուսուցիչ, բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանի տողերը իր երգերով պանծացնող իմ ազգակիցէն կը սպասեմ շատ աւելին: Այդ շէնքը պիտի դուրս գայ Սրմաքէշի սեփականութեան ծիրէն: Ան...

Կատակը Մէկդի.  Ապաւինեցէ՛ք Հանճարներուն…

Նշմար Մերքել Կ՛ընդունի Յունաստանի Դէմ Նացի Գերմանիոյ Ոճիրները

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Աղբիւրը` գերմանական պատկերասփիւռի DW կայան (նաեւ` այլ աղբիւրներ): Թուական` ուրբաթ, 11 յունուար 2019: Նիւթը` Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի Յունաստան այցելութիւնը եւ նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի հետ հանդիպումը: Լուրին խտացումը. հիւրընկալ նախագահը կը յիշեցնէ, որ Բ. Աշխարհամարտին, նացիներու օրով, Գերմանիա ծանր վնասներ պատճառած է Յունաստանի ու անոր ժողովուրդին, կը պահանջէ նիւթական հատուցում (կը խօսուի 300 միլիառ տոլարի մասին): Մերքել կ՛ընդունի,...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

Շնչափողածակում Tracheostomy

ՏՈՔԹ. ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Ամիս մը առաջ հեռաձայնով հետս խօսեցաւ ազնուափայլ ընկերուհի մը` շուարած, մտահոգ եւ տխուր տրամադրութեամբ. «Կը ներէք, տո՛քթ. Հարպոյեան, կը խանգարեմ ձեզ, սակայն միայն դուք կրնաք օգտակար դառնալ ինծի: Քոյրս երեք օրէ հիւանդանոց կը գտնուի, անգիտակից է, չի խօսիր, թեւերը չի կրնար շարժել, շնչառութիւնը տկար է, ուղեղային կաթուած ունեցած է` ըսին բժիշկները, եւ հիմա խնամող բժիշկը իմացուց, որ ...

Page 617 of 1111 1 … 616 617 618 … 1,111

Արխիւներ