Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ինչպէ՞ս Նայիլ Հայաստանի Ապագային

Յունուար 19, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՃԵՆԱՆԵԱՆ

Մենք լաւ կը գիտենք հայ ազգի պատմութիւնը` իր փառաւոր եւ հերոսական երեսներով, նոյնպէս` աշխարհակալ կողմով, ապա նաեւ` տխուր եւ ցաւալի հանգրուաններով, զորս կը յիշենք լի ջարդերով, քանդումներով, ի վերջոյ` ահաւոր Ցեղասպանութեամբ, հողերու եւ մշակութային արժէքներու կորուստով: Հարկ չկայ մանրամասնութիւններու մասին խօսելու, քանի որ դպրոցական աշակերտներն իսկ գիտեն այս բոլորը`  քիչ թէ շատ:

Սակայն օր մըն ալ բարեբախտաբար ունեցանք ներկայի Հայաստանը` Խորհրդային Միութեան բռնատիրական վարչակարգի անակնկալ փլուզման լոյսին տակ եւ տէր դարձանք մեր պատմական հողերու քառորդին, քիչ գոհացուցիչ, բայց որպէս մխիթարութիւն` «աւելի լաւ, քան երբեք»:

Անշուշտ մեր նորանկախ հայրենիքը բազմաթիւ դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուէր` ժողովուրդի կեանքը ապահովելու եւ պետականութիւնը դասաւորելու տեսանկիւնէ, բայց վերջապէս յաջողեցաւ կերտել անհրաժեշտ կառոյցները, հոգ չէ, որ պայմանները նեղացուցիչ էին, եւ այդ պատճառով ալ ոմանք, չտոկալով տիրող կացութեան, արտագաղթի ճամբան բռնեցին` ի գին հայրենիքը պարպելու վտանգին: Միւս կողմէ ալ ականջները շարունակուեցան եւ կը շարունակեն ցաւիլ թրքական եւ Արցախի հարցով ազրպէյճանական սպառնալիքներէն, որոնք յարատեւ ոտնձգութիւններով կը միտին խախտել հայ ժողովուրդին անդորրութիւնը:

Սակայն հայը որոշեց պահել Հայաստանը, ապրիլ ու զայն վերածել հզօր Հայաստանի` շնորհիւ իր մտքի հանճարին եւ յարատեւ աշխատանքին, որուն առաջին կէտն է` միջոցներ որոնել արտագաղթը գէթ նուազագոյնին իջեցնելու. ասոր շուրջ շատեր միշտ կը խօսին, որովհետեւ ճիշդ հոսկէ կը սկսի հողը պահելու ու հայրենիքը կերտելու հրամայականը, ապա` հայ տարրին գոյութիւնը ամրապնդելու իր հողին վրայ, նախ հեռու մնալով խառն ամուսնութիւններէն, ապա` իր ուժը յատկացնելով հայրենիքին զօրացման եւ շինութեան գործին: Անշուշտ այս հարցին մէջ բոլորս համաձայն ենք, սակայն գործնական քայլերու պէտք է ձեռնարկուին, եւ հետապնդուի անոնց գործադրութիւնը:

Մենք յաւակնութիւնը չունինք երկրին ղեկավարութիւնը ստանձնած անձերուն ցուցմունքներ տալու: Նախորդ տարի տարբեր նախաձեռնութիւններ Հայաստանը դարձուցին միջազգային հետաքրքրութեան կեդրոն, մանաւանդ` ֆրանսախօս երկիրներու ղեկավարները Երեւանի մէջ հաւաքուելով, միւս կողմէ` մեր պետական աւագանիին արագաշարժ կապեր հաստատելը բազմաթիւ պետութիւններ այցելելով եւ զանազան համաձայնութիւններ կնքելով ամէն մարզի մէջ, նոյն ատեն` մեր հարցերը ծանօթացնելով տակաւին մեզ չճանչցող ժողովուրդներուն` աւելի մօտեցնելով զանոնք մեզի` ի շահ լաւագոյն գործակցութեան:

Հայրենիքը արժանի է ամէն ջանքի եւ զոհողութեան: Հոս կարելի է բերել արաբ ժողովուրդին օրինակը, թէ ինչպէ՛ս գրաւեալ Պաղեստին կը խուժէ անզէն ժողովուրդը մեծով, պզտիկով, ծերով եւ կիներով` օրական տալով հարիւրաւոր զոհեր եւ վիրաւորներ, սակայն չեն յուսահատիր եւ կը շարունակեն յառաջանալ: Հայն ալ գիտցաւ այդպէս ընել 1918 մայիս 28-ին, եւ ունեցանք ներկայ Հայաստանը: Պէտք է ուրեմն միշտ պատրաստ ըլլալ պաշտպանելու համար ոտքիդ տակ գտնուող հողը: Նախապէս թերեւս հայը յուսահատ կ՛ապրէր` ցրուած աշխարհի բոլոր ծագերը եւ արագ կը ձուլուէր, բայց ներկայիս իրաւունք չունի այդ հոգեփոխութեամբ ապրելու եւ պէտք է աչքերը ուղղէ միայն դէպի Հայաստան` հակառակ կարգ մը թերութիւներուն, եւ ջանալ իր քրտինքը թափել անոր հզօրացման համար: Այո՛, այդ կը պահանջէ մեր արեան կանչը, որ մեզի կը հասնի մեր պատմութեան ընդմէջէն:

Գալով հաւատացեալ հայ ժողովուրդին` պիտի ըսենք, որ թուրքին կատարած ոճիրները` մեզի հանդէպ, Աստուած պիտի չներէ, որովհետեւ Կայէնը կանչեց` ըսելով. «Ի՞նչ ըրիր եղբօրդ, անոր արիւնը պիտի պահանջուի քեզմէ»: Այսուհետեւ թուրքը պիտի չուրախանայ իր ոճրային բնազդներով եւ պիտի ենթարկուի աստուածային արդարութեան եւ մեզի վնաս պիտի չկրնայ հասցնել:

Իրապէս ալ կ՛ուզենք հոս բերել հաւատքի զօրութեան օրինակ մը.  Մարիամ Աստուածածինը Փորթուգալի մէջ իր վեց անգամ երեւումներով պատգամներ տուաւ հաւատացեալ փոքրերուն` ուղղելով շեշտը Ռուսիոյ, որ այն ատեն իր կատարած յեղափոխութեամբ անհաւատութիւն պարտադրած էր իր եւ իրեն ենթակայ ժողովուրդներուն, գոցած եւ հալածած էր եկեղեցիները: Անոր համար Աստուածածին Մարիամ յորդորած էր Ռուսիան` դառնալ իր քրիստոնէական հաւատքին, այլապէս մեծ չարիքներ պիտի պատահէին իրեն եւ աշխարհի շատ մը ժողովուրդներու:

Իրապէս ալ երկու համաշխարհային մեծ պատերազմներուն միլիոնաւոր մարդիկ մեռան, վիրաւորուեցան: Երբ փլուզուեցաւ Խորհրդային  Միութիւնը, եւ վերջին նախագահ Կորպաչով այցելեց Վատիկան ու ցուցմունքներ առնելէ ետք այն օրուան պապէն` փլեց Պերլինի պատը: Վերջացաւ համաշխարհային պատերազմը, ոմանք պարտուեցան, ոմանք հաշտուեցան, ապա ծայր տուաւ Ռուսիոյ մէջ եկեղեցաշինութիւնը, եւ սկսաւ հաւատքը տարածուիլ: Սկսաւ Ռուսիոյ վերելքը եւ դարաւոր երազներու իրականացումը` հասցնելով զինք Միջերկրական ծով, եւ ապա տեսանք համաշխարհային Ողիմպիական մրցումները շատ խաղաղ եւ յաջող ընթացքով, իսկ ՏաՀԵՇ կոչուած կազմակերպութեան սպառնալիքները, թէ` պիտի խանգարեն խաղերը, ջուրը ինկան. ոչինչ պատահեցաւ, շարունակուեցան խաղերը բնական ձեւով եւ աւելի մաքուր, քան նախապէս տեղի ունեցածները` այլ երկիրներու մէջ:

Այս առիթով Մարիամ Աստուածածին օրհնեց Ռուսիան եւ, բարեբախտաբար, Հայաստանն ալ նոյնպէս. մենք պէտք է փառք տանք այդ շնորհքին արժանանալնուս համար եւ չվախնանք այլեւս մեզ շրջապատող գազան ժողովուրդներէն, թէ` կրնան իրենց սպառնալիքները գործադրել, եթէ մեզ պատահի չարիք մը իրենց կողմէ: Հետեւաբար ուրախ ըլլանք մեր հայրենիքով, հոն թող տիրէ միայն սէր եւ միասնականութիւն, որպէսզի ամոքուին մեր վէրքերը, որքան ալ վէճ ու տարակարծութիւններ  ըլլան, թող փարատին անոնք, մեր միտքը միայն ունենանք հզօր Հայաստան ստեղծելու նպատակը:

 

 

 

Նախորդը

Կանանց Դաշինքի Անհրաժեշտութիւնը

Յաջորդը

Հրանդ Տինք Պէտք Չէ «Մսի» Իր Շիրիմին Մէջ

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?