ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Մարդ արարծը կ՛ուզէ միշտ դիւրին միջոցներու դիմել, որպէսզի արագօրէն իր նպատակին հասնի, բայց եւ այնպէս, առանց զոհողութեան նպատակի հասնիլը ընդհանրապէս դժուար է : Քրիստոնէական դաստիարակութեան համար զաւակներս կիրակնօրեայ դպրոց յաճախած ժամանակ կինս եւ ես ալ եկեղեցւոյ պատարագին ներկայ կը գտնուինք եւ, մեր կարգին, անհրաժեշտ մտքի ու հոգիի սնունդը կը ստանանք: Միշտ կը փորձենք մեր զաւակներուն տիպար օրինակ դառնալ մեր ապրելակերպով… Մեր անձնական փորձառութեան վրայ հիմնուելով, սկաուտական դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան պէտքը զգալով` մեր զաւակները նաեւ սկաուտական շարքերուն անդամակցած են : Այս բոլորին կողքին, իրենց ամէնօրեայ արուեստի կամ մարզական փորձերու համար խաղավայր տանիլը եղած է մեր ամէնօրեայ զոհողութիւնը` իբրեւ ծնողք: Մեզի նման են շատ մը ուրիշ ծնողներ…
Որոշ է, որ շատ բաներ չեմ գիտեր եւ միշտ պատրաստ եմ ուրիշներու շինիչ խրատներէն սորվելու, բայց եւ այնպէս, վստահ եմ, որ կրնամ շատերու օգտակար դառնալ իմ օրինակովս եւ ոչ միայն խօսքերովս…
«Զուարթնոց» օդակայան վայրէջքի ժամանակ յանկարծ 6 տարեկան աղջիկս Արարատ լեռը ցոյց տալով` ըսաւ. «Պապա՛, պապա՛, թուրքերուն գրաւած մեր Արարատը»: Դպրոցը սորված իր դասագիրքի պատմութիւնը իրեն համար իրականութիւն դարձաւ այդ վայրկեանին: Խօսքը այլեւս երազ չէր, այլ` իրականութիւն: Նոյն գաղափարով փորձենք մեր դաստիարակութեան պատմութիւնը մենք ինքներս ապրիլ, որպէսզի տիպար օրինակ դառնանք մեր զաւակներուն:
Առաւօտ մը, երբ Աստուածաշունչ կը կարդայի, յանկարծ տղաս փոքրերու յատուկ Աստուածաշունչ մը առած` սենեակս մտաւ: Երբ հեգնական ոճով հարց տուի, թէ ի՛նչ զետեղած էր ձեռքին մէջ, 3 տարեկան տղուս պատասխանը իսկապէս զարմացուց զիս. «Պապա՛, քեզի պէս` կ՛ուզեմ կարդալ»: Ան ուզեց ծնողքին օրինակը գործադրել: Որպէս ծնողք` շատ բաներ կ՛ուզենք եւ կը ցանկանք, բայց չենք ուզեր մեր հանգիստը խանգարել: Զաւակ մը ճիշդ ձեւով դաստիարակելը անձնազոհութեան կը կարօտի: Այսօր աշխարհի բոլոր ղեկավարները կ՛ուզեն լաւ որակի ժողովուրդ ունենալ, բայց կը թերանան իրենց ժողովուրդին մօտենալու, անոնց օրապահիկը բարելաւելու ու նաեւ իրենց ապրելակերպով լաւ օրինակ դառնալու. անոնք ի վերջոյ կը ձախողին եւ կը տապալին:
Ծնողն ալ կը նմանի երկրի մը ղեկավարութեան, որ իր պարտականութիւնը ճիշդ ձեւով պէտք է ընէ իր զաւակներուն յառաջդիմութեան համար: Երբ ղեկավարութիւնը գիտակից հօր կամ մօր նման իր ժողովուրդին հոգ կը տանի, կարող կ՛ըլլայ իր երկիրը դէպի առողջ եւ յաջող ապագայ մը առաջնորդել, ապա թէ ոչ կը լճանայ եւ կը վերջանայ: Անցեալ օր Տուպայի իշխանը իր յիսնամեակին առիթով համաձայնագիր մը հրապարակեց, ուր կ՛ըսէ, թէ ինչպէս պիտի բարելաւէ իր երկիրը եւ իր ժողովուրդին կեանքը, որ արդէն ամէնէն յառաջդիմած իշխանութիւններէն մէկը կը համարուի: Նշուած է նաեւ, որ համաձայնագիրին իրագործումը պիտի հետապնդուի եւ, թերացման պարագային, պատասխանատուները հաշուի պիտի կանչուին: Այսօր տիպար, գիտակից հօր օրինակը կը ներկայացնէ այս ղեկավարը` իր հեզութեամբ եւ միշտ ժողովուրդին կողքին իր ներակայութեամբ, որուն գործերը կը գերազանցեն խօսքերը… Կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր ղեկավարութիւններուն եւ ի մասնաւորի Հայաստանի ղեկավարութեան, որ գիտակից հօր նման` մեր հայրենիքի շահերը գերադասեն իրենց անձնական շահերէն եւ անձնազոհողութեամբ յառաջ տանին մեր սիրելի հայրենիքը` առանց մտածելակերպի խտրութեան: Բոլոր զաւակներուն իրաւունքները արդար ձեւով պաշտպանեն եւ կեանքի որակը բարելաւեն: Սփիւռքի մասնակցութիւնը Հայաստանի ապագայի բարելաւման եւ աճումին պէտք է նկատի առնուի: Սփիւռքը գործնական տեղ պէտք է գրաւէ քաղաքական ղեկավարութեան կողքին` ապագայի ծրագիրներու մշակման եւ իրագործման մէջ: Հայ ազգի վերածնունդի կարօտը կայ ոչ միայն յեղափոխութեամբ, այլ` մտածելակերպի զարթօնքով, փոխադարձ սիրոյ եւ իրարու օգնելու գաղափարի ներկայութեամբ, մեր կեանքին մէջ, առանց վնաս հասցնելու աւանդութիւններուն եւ, ամէնէն կարեւորը` Հայ եկեղեցւոյ եւ ընտանիքին… Ձեռք-ձեռքի, իրարու հետ բարձրացնենք ՀՄԸՄ-ի նշանաբանը` «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»-ը եւ զայն որդեգրենք ու մեր կեանքի նշանաբանին վերածենք… Միասնականութեամբ եւ առանց նախապայմանի անձնազոհութեամբ միայն կրնանք գոյատեւել իբրեւ ազգ ու ընտանիք եւ կրնանք հերթական նուաճումները արձանագրել:
 
			

