Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիտութիւն-Արհեստագիտութիւն

Յունուար 18, 2019
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ

Նոր «Այֆոն»-ը Կը Ստանայ Ամէնէն Արագ «Ուայ-Ֆայ»-ը

«Էփփըլ» ընկերութեան ներկայացուցիչները տեղեկացուցած են 2019 թուականին  նոր «ԱյՖոն» սմարթֆոնի հրապարակման մասին: Գործիքին արհեստագիտական կարելիութիւնները  կ՛ընդարձակուին  ի հաշիւ «Ուայ-Ֆայ»-ի նոր սերունդի աջակցութեան, որ անլար ցանցի ամէնէն արագ տեսակն է աշխարհի մէջ:

Բացի ատկէ`  նոյնպէս կը  սպասուի «Ֆէյս ԱյՏ»-ի ինտիքէյտըրի բարելաւուած տեսակ:

«Ուայ-Ֆայ 5» հաղորդակցութիւնը գրեթէ երկու անգամ դանդաղ է նորէն. բացի ատկէ` ընկերութիւնը կը  խոստանայ աւելցնել ինքնավար դրութեան մէջ աշխատանքի ժամանակը, որ  սմարթֆոնի աշխատանքը աւելի արդիւնաւէտ կը դարձնէ:

Ընկերութեան մասնագէտները կը տեղեկացնեն, որ հաղորդումին արագութիւնը պիտի քառապատկուի: Նոր արհեստագիտութեան անունն է` «Ուայ-Ֆայ 6802. 11 էյէքս»: Ցարդ ընկերութեան բոլոր կաճեթները օգտագործած են «Ուայ-Ֆայ 5 802.11էյսի», իսկ ատոր նախորդը մինչեւ 2011 թուական եղած է «Ուայ-Ֆայ 4:802.11»-ը:

Արդիականացած «ՖէյսԱյՏի»-ն ունի փրոյեքթըրի աշխատանքի աւելի բարձր արդիւնաւէտութիւն եւ աւելի զգայուն սքենըր, որ  կը բացառէ խանգարումի կարելիութիւնը: Անիկա նոյնպէս ունի  եռեակ խցիկ, որ կրնայ էապէս ազդել գործիքի արտաքին տեսքը վերատեսութեան ենթարկելու հարցին վրայ:

Նոր սմարթֆոնը դիւրին կը մտնէ առօրեային մէջ այն գործածողներուն, որոնց բնակարանը հագեցած է «խելացի տուն» շարքի գործիքներով, որոնք կը գործածուին համացանցին  միանալու համար:

Ճափոնական Խելացի Սառնարանը Գարեջուր Կը Գնէ

Ճափոնի մէջ  ընդունուած է շատ աշխատիլ եւ նոյնքան յուսահատ հանգստանալ:

Տեղական «ՏրինքՇիֆտ» ընկերութեան ներկայացուցիչները խմել սիրողներու համար նորարարական գործիք մը արտադրած են: Խելացի սառնարանը ինքն իրեն գարեջուր կը պատուիրէ:

Սառնարանին տէրը կրնայ բջիջային յաւելուածի միջոցով ընտրել, թէ յատկապէս ի՛նչ տեսակի գարեջուր կ՛ուզէ իր տան մէջ տեսնել: Բացի ատկէ` սառնարանը կ՛արձանագրէ, որ տէրը երբ եւ որքան շատ կը խմէ:

«Այն պահուն, երբ մտածէք գարեջուրի շիշը բանալ, ան  արդէն ձեզ կը սպասէ», կը նշեն արտադրողները:

Խելացի սառնարանը ներկայացուցած են Լաս Վեկասի մէջ «Սպառողական էլեկտրոնիք»-ի միջազգային ցուցահանդէսին (CES): Առայժմ յայտնի չէ, թէ սառնարանը ե՛րբ կը սկսին վաճառել:

«Էփփըլ Փաուր» Անլար Լիցքաւորման Գործիք

«Էփփըլ» ընկերութիւնը 2017 թուականին հրապարակած է «ԷրՓաուր» անլար լիցքաւորման գործիքիՆ նմուշը: Սակայն երկու տարուան ընթացքին նոր գործիքի վաճառքին մասին լուրերը չեն թարմացած: Լիցքաւորման սարքի արտադրութիւն սկսելու մասին թուիթըրեան արձանագրութիւն կատարուած էր արդէն անցեալ տարի` յղում կատարելով ընկերութեան պաշտօնական մատակարարներէն մէկուն:

Առայժմ «ԷրՓաուր» լիցքաւորման գործիքի արտադրութիւնը կը յետաձգուի զանազան պատճառներով:

Կարճ ժամանակ «Էփփըլ»-ի պաշտօնական կայքին մէջ  տեղադրուած էր տեղեկութիւն «ԷրՓաուըր»-ի արտադրութեան մասին, սակայն որոշ ժամանակ ետք անիկա վերցուցած են:

Ըստ վերջին լուրերու, բոլոր խոչընդոտները արդէն հարթուած են, եւ մարտկոցներու լիցքաւորման գործիքի արտադրութիւնը շուտով կը սկսի:

Նորոյթի արտադրութեամբ կը զբաղի «Լաքշէյր փրէսիշըն» ընկերութիւնը, որ արտադրած էր «ԷրՓոտս» ականջակալներն ու «ԵուԷսՊի»-ները:

Այսօրուան դրութեամբ չկան հաւաստի տուեալներ լիցքաւորման գործիքի վաճառքի թուականներուն եւ արժէքին մասին: Կ՛ենթադրուի, որ ընկերութիւնը  շուտով կը հրապարակէ այդ մասին ճշգրիտ տեղեկութիւնը:

Նախապէս  հրապարակումը կը խոչընդոտէին ծրագրային ապահովման խանգարումներն ու գործիքին չափազանց տաքնալը:

 Անլար Ականջակալներուն Վարկանիշը

«Ռոսքաչեսթվօ» ընկերութիւնը Սպառողական փորձարկումներու կազմակերպութիւններու միջազգային խորհուրդին հետ զանազան տեսակի եւ սակերու ականջակալներու  ուսումնասիրութիւն կատարած է:

Առաջինը փորձարկուած է «Պլութութ» անլար ականջակալներու  84 զոյգ: Յառաջիկային կը հրապարակուի ուսումնասիրութեան երկրորդ մասը, որ յատկացուած կ՛ըլլայ լարով տեսակներուն», կը նշուի «Ռոսքաչեսթվօ» ընկերութեան հրապարակած  հաղորդագրութեան մէջ:

Ուսումնասիրութեան ժամանակ գնահատուած են` ձայնի որակը, անոր փոխանցման որակը, ականջակալներու կարողականութիւնը, անոնց  յարմարաւէտութիւնը եւ ամրութիւնը, նոյնպէս`  մարտկոցին որակը:

Տասնեակին մէջ ներառուած են` են Sony WH-1000XM2, Sony WH-H900N h.ear on 2 Wireless NC, Sony MDR-100ABN, Sennheiser RS175, Sennheiser RS 165, AKG N60NC Wireless, Sony WI-1000X, AKG K845BT, Sennheiser CX 7.00BT ? Sennheiser PXC 550:

Փորձարկումները կատարուած են Լոնտոնի որակաւոր գիտական աշխատանոցին մէջ, որ կը գործէ ԻՍՕ 17025  չափանիշով (միջազգայնօրէն ընդունուած չափանիշ):

Տիթրոյիթի  Ինքնաշարժներու Միջազգային Շօ

14 յունուարին Միացեալ Նահանգներու մէջ սկսաւ Տիթրոյիթի ինքնաշարժներու միջազգային շօ-ն, որուն ծիրին մէջ  ինքնաշարժ արտադրող բազմաթիւ յայտնի ընկերութիւններ ներկայացուցին իրենց տպաւորիչ նորոյթները:

Միջազգային հեղինակաւոր լրատու կայքերը նկարներու շարքով անդրադարձան  բացայայտուած  ամէնէն ուշագրաւ մոտելներուն, որոնց շարքին են` «Ֆորտ», «Լեքսուս», «Թոյոթա», «Հիւնտայ» ընկերութիւններու ստեղծած նորութիւնները:

Ինքնաշարժներու միջազգային շօ-ն պիտի տեւէ  մինչեւ 27 յունուար:

 «Քատիլաք»-ի Առաջին Ելեկտրոնային Ինքնաշարժը 

Ամերիկեան «Քատիլաք» ինքնաշարժի ընկերութիւնը վերջերս հրապարակեց իր առաջին ելեկտրոնային ինքնաշարժին լուսանկարը:

Նոր ինքնաշարժը  ստեղծուած է Tesla Model X-ի եւ Audi e-tron-ի հետ մրցակցութիւն ապահովելու համար:

Ինքնաշարժը ապագայապաշտական տեսքով  մեծ քրոսովըր մըն է, որ ունի նստարաններու երեք շարք:

Մոտելին անունն ու հրապարակման թուականը  ընկերութիւնը տակաւին չէ յայտարարած:

«Քատիլաք» ընկերութեան  նոր նախագահ Սթիվըն Քարլայլը կը մտադրէ բարձրացնել մակնիշին վարկը աշխարհի մէջ, եւ նոր ելեկտրոնային ինքնաշարժը կրնայ կարեւոր դեր խաղալ այս հարցին մէջ:

 Նոպէլեան Դափնեկիրը Խտրական Արտայայտութիւններու Պատճառով Զրկուեցաւ Կոչումներէն

Ամերիկեան «Քոլտ սփրինկ կարպըր» գիտական աշխատանոցը Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Ճեյմս Ուոթսընը զրկեց պատուոյ կոչումներէն:

Պատճառը այն է, որ գիտնականը զանազան ցեղերու ներկայացուցիչներու անհաւասար մտային կարողութիւններու  մասին արտայայտութիւններ ըրած է:

Իննսունամեայ Ուոթսըն խտրական արտայայտութիւններ ունեցած է «Փի.Պի.Էս» պատկերասփիւռի կայանի պատրաստած եւ սփռած վաւերագրական շարժապատկերներէն մէկուն մէջ:

«Դոկտ. Ուոթսընի արտայայտութիւնները քննադատութեան արժանի են, հաստատուած չեն գիտութեան կողմէ եւ ոչ մէկ ձեւով  կ՛արտայայտեն գիտական աշխատանոցին, անոր  հոգաբարձուներուն, դասախօսներուն, աշխատակիցներուն եւ  ուսանողներուն հայեացքները», յայտարարած է «Քոլտ սփրինկ կարպըր» գիտական աշխատանոցը:

Այժմ գիտնականը զրկուած է պատուոյ հոգաբարձուի, Օլիվըր Կրէյսի անուան վաստակաւոր փրոֆեսէօրի կոչումներէն:

Կը նշուի, որ  2007 թուականին Ուոթսըն նոյնպէս  խնդիրներ ունեցած էր գիտական աշխատանոցին հետ` յայտարարելով, որ Ափրիկէի բնակիչներու մտային կարողութիւնները չեն համապատասխաներ իրենց մտային կարողութիւններուն:

Ճեյմս Ուոթսըն կը նկատուի ժամանակակից կենսաբանութեան եւ ծննդաբանութեան հիմնադիրներէն: 1962 թուականին Ուոթսըն իր գործընկերներուն հետ Նոպէլեան մրցանակի արժանացած էր ՏՆԹ մասնիկի կառոյցի բացայայտման համար:

Պառնարտ Բ. Մոլորակին Վրայ  Կրնար Կեանք Ըլլալ

Համեմատաբար վերջերս յայտնաբերուած հսկայ «Գերերկիր»` Պառնարտ Բ. կամ GJ 699 b մոլորակը կրնար ըլլալ Երկրէն  դուրս կեանքի օրրանը` 6 լուսային տարի առաջ:

Այս մոլորակը կը մտնէ Երկրին դրացի աստղային համակարգին մէջ:

Մոլորակին մէջ կը տիրէ ցուրտը, օդի ջերմաստիճանը շուրջ  -150՛C (-238՛F) է:

Այդուհանդերձ, հետազօտողները կը կարծեն, որ ժամանակին «Գերերկիր»-ի բաղադրիչ մասերէն մէկը եղած է տաք մետաղական կեղեւը, որ ապահոված է նախնական կեանք մոլորակին վրայ:

Վիլանովայիի համալսարանի աստղագէտ Էտուարտ Կինանին ըսած է, որ  մոլորակին երկրաջերմական (ճիոթերմալ) տաքացումը կրնար յանգեցնել անոր մակերեսին «կենդանի գօտիներու» յառաջացման,  որոնք նման եղած են հիւսիսային բեւեռի սառոյցներուն տակ յայտնաբերուած լիճերուն:

Օգտագործուած կայքեր`
«Նիւզ Տէյ», «Փլանեթ Թուտէյ», «Տէյլի Մէյլ» «Լայֆ»

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Պատի Մը Պատմութիւնը

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ազգի Եւ Ընտանիքի Մը Յաջողութիւնը

RelatedPosts

Թանգարաններու Ամէնէն  Յանդուգն Կողոպուտները Պատմութեան Ընթացքին
Մշակութային եւ Այլազան

Թանգարաններու Ամէնէն Յանդուգն Կողոպուտները Պատմութեան Ընթացքին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր
Մշակութային եւ Այլազան

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?