Անդրադարձ. Շրջապտոյտը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց իր երկրին համար գլխաւոր երեք առաջնահերթութիւնները` Իրանի դէմ պայքարը, ՏԱՀԵՇ-ի ջախջախումն ու շրջանային կայունութեան ապահովումը: Անշուշտ, երբ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը «շրջանային կայունութեան ապահովում» կ՛ըսէ, պէտք է հասկնալ, թէ կը խօսի Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան վերահսկողութեան հաստատում: Այդ նպատակին իրագործման մէջ գլխաւոր արգելքը Իրանն...



















