ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Պէտք է յիշել, որ այդ թունաւոր մթնոլորտին մէջ իրենց բաժինը ունէին մեծ թիւով հայեր, որոնք ընդմիշտ պատրաստ էին Հրանդ Տինքը յօշոտելու` անոր գաղափարներուն մէջ զիրենք անհանգստացնող բազմաթիւ գործօններու պատճառով:
Բագրատ Էսդուքեան
Պոլսահայ գրող եւ հրապարակագիր
(ԱԶԴԱԿ, 20-1-2018)
Ամէն տարի, այս թուականին, աւանդութիւն դարձած մեր գրութիւններուն մէջ, իբրեւ խորագիր ու բովանդակութիւն կը շեշտադրէինք երկու հիմնական իրողութիւն. նախ` պոլսահայ քաջարի մտաւորական եւ նահատակ Հրանդ Տինք երեւոյթը, ապա` այդ քստմնելի ոճիրին ետին կանգնող զազիր թրքութիւնը:
Թրքութիւն, որ յաչս աշխարհին կը ներկայանայ մերթ իբրեւ Էրկենեքոն, մերթ իբրեւ Գորշ գայլեր ու մերթ իբրեւ խորունկ պետութիւն: Անուանումներ, որոնք ծնունդ առած են նախահայր օսմանականութենէ, երիտթրքութենէն, քեմալականութենէ եւ նորովի թուրք պետական մակարդակի բարբարոսութենէ:
Ի դէպ, բոլորին հասարակ յայտարարը, զիրար զօդողը հայատեացութիւնն է, այլամերժութիւնն ու ցեղապաշտութիւնը, որոնք արմատաւորուած են թրքութեան մէջ. վայրագօրէն կը գործադրուին օրն ի բուն, իբրեւ պետական դաւանանք, այսպէս ասած, յանուն Թուրքիոյ գոյատեւման եւ պաշտպանութեան:
Փաստօրէն, 12 տարի առաջ, ճիշդ այս օրը պոլսահայ հրապարակագիր Հրանդ Տինք թիրախ կը դառնար անարգ ոճիրի մը, ձեռամբ գազանաբարոյ Օկիւն Սամասթի եւ անոր անմիջական հովանաւոր Եասին Հայալի, որոնք առանց դոյզն խղճմտանքի եւ գոռոզաբար կ՛ընդունէին իրենց գործադրած սպանութիւնը:
Բարեսիրտ, բայց ճշմարտութինը ըսելու վճռակամութեամբ տոգորուած Հրանդ Տինք, իր եզակի համարձակութիւնն ու յախուռն կեցուածքը ցոյց տալով, իջած էր հրապարակ` զգաստութեան եւ արթնամտութեան հրաւիրելու Թուրքիոյ տարածքին ապրող այն բոլոր բանիմաց մարդիկը (մտաւորականութիւն, ակադեմականներ, լրագրողներ եւ այլն), որոնց խօսքն ու կշիռը, մօտեցումներն ու ներկայութիւնը, ըստ պոլսահայ գրողին, իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենային եւ փոփոխութեան ենթարկէին տիրող հակահայ մտայնութիւնն ու աղաւաղուած պատմութիւնը:
Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագրապետը` հաւատալով իր առաքելութեան, խօսքի ու գրիչի ուժին, կը նետուէր պատերազմի դաշտ, թրքութեան օրրան` երբեմնի Կոստանդնուպոլսոյ սրտին մէջ ինքնութեան մասին դասախօսութիւններ տալով, հայոց դարաւոր իրաւունքն ու պահանջը ընդգծող սեմինարներ կազմակերպելով, թուրք տարրին հետ փոխադարձ ընկալումի եւ հասկացողութեան եզրեր գտնելով, բայց մանաւանդ` Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը` թուրք նորահաս սերունդի սեփականութիւնը դարձնելու առաջադրանքով:
Բնականաբար, նման անհատի մը գոյութիւնը հաշտ աչքով պիտի չդիտուէր. նախ` թուրք ազգայնամոլներու, ապա հայ նեղմիտ ու մորթապաշտ զանգուածին կողմէ: Բացայայտ ճշմարտութիւն է, որ Հրանդ Տինք իր ողջուց արդէն կը հալածուէր թէ՛ կրաւորական հայերու, եւ թէ ցեղապաշտ թուրքերու կողմէ: Անոնց թիրախն ու նպատակը մէկ էր. իր սաղմին մէջ խեղդել Հրանդ Տինքի ըմբոստ ոգին ու միտքը, լռեցնել արդարութիւն պահանջող անոր ձայնը:
Եւ ահա այդ հալածանքի ու սպառնալիքի (թունաւոր) մթնոլորտին մէջ, իր իսկ թերթի խմբագրատան դիմաց, Հրանդ Տինք կ՛իյնար վայրագ, բայց վախկոտ թշնամիի գնդակը ստանալով. անոր նահատակութեամբ` երկիր մը ամբողջ կը ցնցուէր:
Ըսուածին ապացոյցը, թաղման օրը բազմահազար այլազգի սգաւորներու ներկայութիւնն էր, անոնց արցունքն ու պոռթկումը միախառնուած էր, սիրտ ու հոգին միաձուլուած: Այո՛, հայ նահատակ մտաւորականին սպանութիւնը հոգեշարժ յառաջացուցած էր. հսկայ զանգուած մը արթնցած էր իր թմբիրէն ու ա՛լ հասկցած, թէ ի՛նչ կը կատարուէր իր շուրջ բոլոր: Փաստօրէն, այլախոհներու դէմ վճիռը կ՛արձակուէր ու կը գործադրուէր փողոցը` բոլորին բաց աչքերուն առջեւ:
Հրանդ Տինք իր նահատակութեամբ կը նուաճէր միլիոններու սիրտը եւ իր պարկեշտ մտածումներուն պարարտ հող կը ստեղծէր: Անոր երկխօսութեան, եղբայրասիրութեան եւ արդարութիւն պահանջող խօսքերուն արձագանգը գլեցին անցան աշխարհագրական սահմանները եւ բոյն դրին մարդասէր զանգուածներու սրտին մէջ:
Փաստօրէն, Հրանդ Տինքի մեծութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, որ ան լիարժէք ու անմնացորդ հաւատացողն է իր մտքերուն, ըմբռնումներուն եւ երազին: Այն երազին, որով կ՛ուզէր փրկել հայն ու թուրքը: Սակայն, ի զուր, որովհետեւ իր մարդկային ու ազնուաբարոյ կեցուածքին էութիւնը չէր կրնար, չէր ուզեր հասկնալ վայրագ թրքութիւնը, չհասկցան նաեւ` հայ խեղճացած կարգ մը շրջանակներ:
Պէտք չէ մտահան ընել նաեւ, որ պոլսահայութիւնը եւ կամ ընդհանրապէս հայոց բռնագրաւուած հողին վրայ ապրողներ միշտ ալ ենթակայ են սպառնալիքի ու սադրանքներու, այդուամենայնիւ, հայութիւնը կարողութիւն ու վճռակամութիւն ցոյց պէտք է տայ, տէր կանգնելու իր ճակատագիրին, հարազատին ու հայրենակիցին, այլապէս ալ անոր գոյութիւնը ընդմիշտ հարցականի տակ կրնայ ըլլալ:
Հրանդ Տինքի սպանութեան դատական թղթածրարը ունի մէկ խորագիր. ամէն գնով մոռացութեան տալ պատահածը, փրկել ոճրագործներն ու անոնց ետին կանգնող խորունկ պետութիւնը եւ քայքայել արդարադատական ամէն գործընթաց, որ պիտի կարենայ լոյսին բերել ճշմարտութիւնը: Այլապէս ինչպէ՞ս բացատրել այն բոլոր ձգձգումները, խեղաթիւրուած վկայութիւնները, թատերական ձերբակալութիւններն ու ջնջումը ոճիրի հետքերու, որոնց ականատես ենք բոլորս:
Պաշտպան փաստաբաններու իսկ վկայութեամբ, Հրանդ Տինքի դատական գործընթացը, որ կ՛ընդգրկէր լրջագոյն գործօններու բացայայտում, ինչ-ինչ պատճառներով` իր հունէն տակաւ կը շեղէր, կ՛որբանար` հասնելով այս օրուան:
Ճիշդ է, որ Հրանդ Տինքի յիշատակին նուիրուած տարեկան ձեռնարկները անպակաս են, բոլորս ականատես կ՛ըլլանք արդարութիւն պահանջող մարդոց, որոնց ցասումը անարձագանգ չի մնար, այդուհանդերձ, էականը կը մնայ ոճիրի լիարժէք բացայայտումը եւ թուրք պետութիւնը յականէ-անուանէ դատապարտելու որոշումը:
Քաղաքական (միջազգային) որոշում, որ պիտի կարենայ պատռել ցեղապաշտ թուրքի դիմագիծն ու մարդակեր էութիւնը:
Մինչ այդ օրը, մենք պիտի շարունակենք խոնարհիլ ու յարգել յիշատակը այս մեծ հայուն, որ թրքութեան երկրին մէջ ոտքի ելաւ եւ քաջաբար պաշտանեց իր ազգին ու նահատակներուն իրաւունքը:
Իսկ թուլամորթ ու պատեհապաշտ կարգ մը պոլսահայեր (մերօրեայ աղաներ) պէտք է մեղայի քան, թէեւ ուշ, երթան ու իրենց արցունքով, ինքնախոստովանութեամբ, ինքնախղճահարութեամբ, խունկ ու մոմով ջրդեղեն հպարտ հայու գերեզմանը, որպէսզի Հրանդ Տինք «չմսի» իր շիրիմին մէջ:



