Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նահատակութեան 12-րդ Տարելիցին Հրանդ Տինքի Յիշատակին Առիթով

Յունուար 19, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ

12 տարի առաջ, 19 յունուար 2007 թուականին, ժամը 15:00-ին Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագրատան դռան առջեւ թուրք ազգայնականներու կողմէ սպաննուեցաւ հայազգի մտաւորական Հրանդ Տինքը:

Անոր նահատակութիւնը թուրք եւ հայ հասարակութեան կեանքը բաժնեց «Հրանդ Տինքէն առաջ» եւ «Հրանդ Տինքէն ետք» երկու ժամանակահատուածներու: Հրանդ Տինքի նահատակութիւնը, հայ իրականութեան ալ աւելի մօտէն ծանօթանալու համար, իւրաօրինակ ազդակ մը դարձաւ թուրք հասարակութեան լայնախոհ եւ մտաւորական խաւերուն կողմէ: Շատեր արդէն գիտակցած էին, որ Հրանդ Տինք ոչ թէ միայն հայերու իրաւունքներու պաշտպանն է, ալ նաեւ` բոլոր անոնց, որոնց մարդկային հիմնական իրաւունքներ սահմանուած են:

Հրանդ Տինքի եղերական նահատակութեան յաջորդ օրն իսկ հազարաւոր մարդիկ փողոց իջան եւ բողոքի երթով ու «Մենք բոլորս հայ ենք, բոլորս Հրանդ Տինք ենք» պաստառներով դատապարտեցին այս դառն եղեռնը:

Ըստ էութեան , Թուրքիոյ տարբեր հարթակներու վրայ սկսաւ մարդոց իրաւունքներու , ազատութեան եւ արդարարութեան մասին խօսուիլ,արծարծուիլ եւ նիւթը օրակարգի բերուիլ:

2008-2009 թուականներէն Թուրքիոյ մէջ սկսաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսուիլ, եւ զանազան քաղաքներու մէջ տեղի ունեցան նաեւ 24 ապրիլի եւ 1915-ին նահատակուած հայ մտաւորականներու յիշատակութեան օրեր: Ապրիլ 2016 թուականը թուրք եւ հայ հասարակութեան կեանքին համար շրջադարձային թուական մը եղաւ: Հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանը Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ հանդէս գալով` պահանջեց յանձնաժողով մը ձեւաւորել, որ քննէ 1908-1915 թուականներու Օսմանեան կայսրութեան խորհրդարանի հայազգի 7 երեսփոխաններու` Գրիգոր Զօհրապի, Պետրոս Հալաճեանի,Նազարէթ Տաղաւարեանի,Կարապետ Փաշայեանի, Յովհաննէս Սէրէնկիւլեանի, Օննիկ Դերձակեանի, Համբարձում Պոյաճեանի  ձերբակալութեան եւ սպաննութեան գործերը: 12 տարի առաջ եւ նախապէս նման բան երեւակայելն իսկ կարելի չէր:

Հրանդ Տինք այնպիսի հայ մտաւորական մըն էր, որ կը հասկնար ու իր սիրտին մէջ կը զգար իր սեփական ժողովուրդին ապրած խոր ցաւը ու նաեւ իր ուսերուն վրայ կը կրէր այդ բեռը:

Ան իր վերջին յօդուածներէն մէկուն մէջ գրած էր, որ` «Վախցած աղաւնիի հոգեվիճակի մէջ է, աղաւնիները իրենց գոյութիւնը կը շարունակեն քաղաքի խորքերու եւ մարդոց խիտ բազմութեան մէջ, գուցէ քիչ մը վախկոտ, բայց` անկախ»:

Այսօր բարեբախտաբար Հրանդ Տինքի գաղափարակիցները  քիչ չեն: Արդարամտութեան եւ ազատութեան գաղափարակիր Հրանդ Տինք այսօր իսկ իր գաղափարակիցներու միջոցով կը շարունակէ պայքարիլ եւ իրականացնել իր առաքելութիւնը:

Ըստ ժամանակակից փորձագէտներու եւ ընկերաբաններու, ժողովրդավարական հասկացողութեամբ, անցեալի հետ հաշտուելով եւ քաղաքական ու գաղափարախօսական  շահերը մէկդի ձգելով, իրաւունքները ու արդարութիւնը առաջ քաշելով ու նաեւ  խիղճի ձայնին ականջ տալով` կարելի է ատելութիւններէն ու ոխէն ծնունդ առնող բռնի ուժի գործածութիւնները եւ սպանութիւններու առաջքը  մասամբ առնել:

Իսկ միւս կողմէ ալ յառաջացած ժամանակակից ժողովրդավարութեան համակարգը եւ ողջամտութիւնը, անցեալը ուրանալ եւ ժխտելը, ոտնահարուած ու բռնագրաւուած  իրաւունքներուն չվերադարձուիլը, մարդոց իրաւունքներու անարգումը  կ՛ընկալուին որպէս մարդկութեան դէմ գործուած «լուրջ յանցագործութիւն»:

19 յունուար 2007 թուականին անողոքօրէն սպաննած հայ լրագրող Հրանդ Տինքին մահը եւ հայոց «Մեծ սուգի օր» 24 ապրիլին զուգադիպող Սուրբ Յարութեան տօնին օրը, Պաթմանի մէջ զինուորական պարտականութիւնը կատարող թուրք բանակի զինուոր հայազգի Սեւան Պալըքճըի հրացանով սպանութեան խոր ու մութ մնացած կէտերը դեռ չեն լուսաբանուած: Այս երկու եւ նմանատիպ  դէպքերուն  վարագոյրի ետին մնացած մութ կէտերուն չլուսաբանուիլը մարդոց միտքին ու սիրտին մէջ անհանգստութիւններու, մտահոգութիւններու եւ մտավախութիւններու ծնունդ կու տայ եւ կը ստեղծէ նաեւ ատելութեան ու ոխի զգացումներ:

Հետեւաբար պէտք է շեշտել, որ հոս «արդարադատութիւնը»  շատ մեծ  պատասխանատուութիւն ունի եւ ամէն պարագային պէտք է արդարադատութեան վստահիլ եւ արդարադատութեան դատարանի  հռչակած որոշումները յարգել ու հնազանդիլ, սակայն հոս պայման է նաեւ արդարադատութեան  ճիշդ ու առողջ աշխատութիւնը եւ օրէնքներուն  արդար կիրարկումը :

Ըստ իս, Հրանդ Տինքի եւ Սեւան Պալըքճըի սպանութեան եւ նմանաձեւ սպանութիւներու վարագոյրի ետեւ մնացած մութ կէտերուն լուսաբանութիւնը  կախեալ է արդարադատութեան եւ օրէնքներու ճիշդ ու առողջ գործածութենէն, որ կապուած է Թուրքիոյ հասարակութեան մէջ մինչեւ մեր օրերուն  հասնող իթթիհատական  մտայութեան հետ:

Ըստ իս, երբ որ Թուրքիոյ մէջ իթթիհատական մտածելակերպը կը հարցաքննուի եւ անցեալի հետ կը հաշտուի, այդ պարագային է, որ  վարագոյրի ետին մնացած մութ կէտերուն լուսաբանութիւնը կրնայ կարելի ըլլալ:

Երբ արդարադատութիւնը ճիշդ ու առողջ արդարութիւն չի բաժներ, այդ պարագային մարդոց մտավախութիւնն ու մտահոգութիւնը կը շարուանկուին, եւ խիղճերը չեն հանգստանար: Սակայն, ամէն պարագային, պէտք չէ յուսահատիլ: Հրանդ Տինքի, Սեւան Պալըքճըի եւ նմանաձեւ սպանութիւներուն մութ կէտերու լուսաբանութիւնը կրնայ յառաջացած ժողովրդարարութեան գործընթացի մէջ իրականալ եւ իբրեւ նոր լոյս` կրնայ իթթիհաթական մտածելակերպը հարցաքննելու առիթ մը ստեղծել, որ անտարակոյս  հզօր Թուրքիոյ իշխանութեան նոր ուժ մը եւս աւելցնելով` ա՛լ աւելի հզօր կը դարձնէ զայն:

Անողոք սպանութեամբ մահացած հանգուցեալ Հրանդ Տինքի անուրանալի վաստակը  եւ  անմոռանալի բարի յիշտակները պիտի ապրին մեր յիշողութեան մէջ. ամէն տարի 19 յունուարին զինք պիտի ոգեկոչենք ու պիտի յիշենք ոչ թէ միայն մեր երախտագիտութեան պարտքը վճարելու համար, այլեւ` անոր գաղափարները, միտքը եւ մեզի բացատրել ուզածները անգամ մը եւս լաւ հասկնալու եւ ըմբռնելու համար:

Լոյսերու ու վարդերու մէջ ննջէ, սիրելի՛ «Ջութակ»:

Մեծ յարգանք` Հրանդ Տինքի եւ ժողովրդավարութեան բոլոր նահատակներու յիշատակին:

 

 

 

Նախորդը

Հրանդ Տինք Պէտք Չէ «Մսի» Իր Շիրիմին Մէջ

Յաջորդը

Հրանդ Տինք (1954-2007). Թուրքիոյ Վերազարթնեալ Հայութեան Պատգամաբեր Նահատակը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?