Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Շատ Մի՛ Պրպտեր. Հրանդը Յիշէ՛»

Յունուար 28, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Կորսնցնելու ժամանակ չունէի, պէտք էր անմիջապէս նետուիլ հետազօտական դաշտ, որպէսզի 28 օրուան ընթացքին հաւաքէի տեղեկութիւններ այնքան, որքան պէտք էր պոլսահայոց մասին համալսարանական աշխատութիւնս հիմնաւորելու համար:

Պոլսահայ բարեկամներս շատ քիչ էին տակաւին, ընդամէնը` երեք հոգի: Կարճ ժամանակի մէջ ծանօթութիւնս ընդարձակելու համար ստիպուած էի անձնապէս նետուելու միջավայրէ միջավայր, երբեմն նոյնիսկ` խպնոտութենէ, ամչկոտութենէ զիջելու գնով: Պիտի երթայի հոն, ուր պոլսահայեր կային. իսկ ո՞ւր երթալ կիրակի օրով, եթէ ոչ ժամ` եկեղեցի:

Ընկերոջ մը խրատին ականջ տալով` ուղղուեցայ դէպի Ս. Սանդուխտ եկեղեցի, որուն անուանակոչութեան տօնն էր այդ օր:

Շուրջ երեք քառորդ ժամ տեւած ուղեւորութեամբ մը հանրակառքով հասայ Ռումելի Հիսար: Պոլսոյ մէջ մինչ այդ տեսած ամենագեղեցիկ թաղամասերէս մէկն էր անիկա, անկասկած: Քանի մը վայրկեան Վոսփորի ափին քալելէ ետք թեքեցայ ձախ ու սկսայ բարձրանալ ոլորապտոյտ եւ նեղ փողոցով` ետիս ձգելով կապոյտը Պոլսոյ: Քանի մը վայրկեան ալ այդպէս` հասայ Ս. Սանդուխտ, 18-րդ դարու վերջերուն կառուցուած այդ սիրուն եկեղեցին:

Մօտեցայ յաւարտ պատարագի ընդունելութիւնը կազմակերպող տիկիններուն, ներկայացուցի ինքզինքս, Պոլիս գալու շարժառիթս եւ նիւթս: «Յարութ աղբարիկին հետ խօսէ, լաւ հայերէն գիտէ, ուզած նիւթերուդ մասին քեզի լաւ մը կը պատմէ», ըսին` մատնացոյց ընելով յաղթանդամ տղամարդ մը, որուն տարիքը յիսունի շուրջ ըլլալու էր: Յարութ աղբարիկին հետ խօսեցանք պոլսահայոց ներկայ վիճակէն. ցաւով պատմեց հայախօսութեան անկումին մասին, երիտասարդութեան համայնքային կեանքէն հետզհետէ հեռացման մասին, յիշեց իր հօրմէն լսած պատմութիւնները` ջարդէն մինչեւ հանրապետական տարիներու հալածանքներ եւ դժուարութիւններ: «Նախնիներուս գերեզմաններուն տե՛ղը անգամ չեմ գիտեր կոր», ըսաւ խեղդուած ձայնով, արցունքները զսպելով: «Մեր յոյսը դուք էք, երիտասարդները», ամփոփեց իր խօսքը` շեշտը դնելով լեզուի եւ յիշողութեան պահպանման կարեւորութեան վրայ:

Բաժնուեցայ աղբարիկէն` շուտով հանդիպելու համար ծայրաստիճան տարբեր մօտեցում ունեցող ուրիշ մէկուն: Աւելի ծեր էր, քան` Յարութ աղբարիկը: Աթոռի մը նստած էր մինակ, երբ մօտեցայ, նստայ կողքը ու հայերէնով բարեւեցի: Զգուշ կերպով նայեցաւ, չպատասխանեց եւ աչքերը փախցուց: Շուարած` հարցուցի. «Հայ չէ՞ք», ու կեցութեանս ընթացքին տեղի ունեցած թերեւս ամենախորհրդաւոր զրոյցը սկսաւ, երբ «թուրք եմ», պատասխանեց… հայերէնով:

– Բայց հայերէն կը խօսիք, հայկական եկեղեցի եկած էք, ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ…

– Թուրք եմ: Հոս բոլորը, որ կը տեսնես, թուրք են… ասոնք ամէնն ալ թուրք են:

Ո՛չ «հայ եմ», ո՛չ ալ «հայ չեմ» ըսող ծերունին, ընդգծուած զգուշաւորութեամբ, հազիւ կը պատասխանէր հարցումներուս` անընդհատ շեշտելով Թուրքիոյ ու թրքութեան հանդէպ իր ու նաեւ միւս բոլոր ներկաներուն պատկանելիութիւնը, պնդելով` «փասափորթս թրքական է, թուրք եմ»: Քաղաքացիական եւ ազգային պատկանելիութիւններու տարբերութեան մասին նշումներս ապարդիւն անցան անշուշտ, եւ շուտով հասկցայ, որ մարդուն կատարած պնդումներուն մեկնակէտը անծանօթ սփիւռքահայ երիտասարդիս հանդէպ զգուշաւորութիւնն էր, ինքնապաշտպանութեան բնազդը` աւելի, քան` գաղափարական համոզումները կամ ինքնութենական ընկալումները: Երբ յոյսս կտրած` հրաժեշտս կու տայի, ծերունին տուաւ իր բանալի պատասխանը. «Շատ մի՛ պրպտեր, Հրանդը յիշէ՛® տե՛ս անոր վերջը ի՛նչ եղաւ…»:

Պարզ էր, որ անմոռանալի այդ յորդորին պիտի չհետեւէի, պրպտելու համար եկած էի` ի վերջոյ: Հետագայ օրերու պրպտումներուս ընթացքին պիտի շարունակէի հանդիպիլ պոլսահայու տարբեր ու հակասական կերպարներու: Ոմանք` հայկականութեան հանդէպ անհոգ, ուրացման ընդունակ ըլլալու աստիճան զգուշ, ինչպէս` այդ խորհրդաւոր ծերունին: Ուրիշներ` երբեմն «անխոհեմ» ըլլալու աստիճան հայկականութեամբ հետաքրքրուող, ցաւող ու ապրող, ինչպէս` նոյն Ս. Սանդուխտի բակին մէջ գտնուող տաքարիւն Յարութ աղբարիկը:

Իրերամերժ, բայց համակեաց այս երկու երեւոյթներուն տարբեր դրսեւորումներուն դեռ կ՛անդրադառնանք այս սիւնակով:

 

 

 

Նախորդը

Զապէլ Եսայեանի Հետ Խանութէ Խանութ

Յաջորդը

Մանուկին Ճաշարանը

RelatedPosts

Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Աշխարհաքաղաքական Վտանգաւոր Զարգացումներու Առջեւ Կը Գտնուի Հայաստան

Յունիս 24, 2025
Նամականի
Անդրադարձ

Ռուսիոյ մասին Դ. Մաս – Իսրայէլի Յարձակումը Իրանի Դէմ, Հաւաքական Արեւմուտքին Պատերազմն է Ռուսիոյ, Եւրասիոյ եւ ՊՐԻՔՍ-ին Դէմ

Յունիս 24, 2025
Ինչպէ՛ս Կը Դաստիարակէին…
Անդրադարձ

Ինչպէ՛ս Կը Դաստիարակէին…

Յունիս 24, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?