Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 23 յունուարին Ստեփանակերտի մէջ ընդունելով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովի մասնակիցները, ողջունեց ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովի կայացումը Արցախի մէջ` զայն նկատելով կարեւոր ներքաղաքական իրադարձութիւն:
Նախագահը արժեւորեց ՀՅԴ-ի ներդրումը արցախեան ազգային-ազատագրական պայքարի, պետականութեան ձեւաւորման ու կայացման, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման, հայ ազգային ինքնութեան պահպանման եւ համազգային խնդիրներու լուծման առումով:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան նաեւ պետականաշինութեան, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցեր:
ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովին անունով շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, որուն ելոյթը կը ներկայացնենք ստորեւ.
«ՀՅ Դաշնակցութեան հաւաքական կամքը ներկայացնող 33-րդ Ընդհանուր ժողովի անունով շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեզի այս ընդունելութեան համար:
Հայաստանի, Արցախի հայրենամերձ թէ աշխարհասփիւռ տարածքներու մէջ գործող Դաշնակցութեան տարբեր միաւորներու ներկայացուցիչներէ կազմուած այս Ընդհանուր ժողովի Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք ազատ Ստեփանակերտի մէջ գումարումը ինքն իր մէջ արդէն յատուկ նշանակութիւն, խորք եւ թելադրականութիւն ունի մեզի համար:
Իր 129 տարուան պատմութեան մէջ փաստօրէն առաջին անգամն է, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ազատ Արցախի մէջ կը գումարէ իր Ընդհանուր ժողովը: Պատմական փաստ է այս մէկը եւ իբրեւ այդպիսին` միաժամանակ պարտաւորեցնող եղելոյթ, որ ամբողջ 13 տասնամեակ իր ժողովուրդին ծառայութեան, բարօրութեան, զարգացման, ձգտումներու իրագործման, Հայաստան աշխարհի ու հայութեան մէկութեան համար պայքարած Դաշնակցութիւնը կը դնէ նոր մարտահրաւէրներու դիմաց, յաւելեալ պայքարունակութեան հրամայականին առջեւ ու իբրեւ հայկական մէկ բռունցք` մեր իրաւունքներու ձեռքբերման անկոտրելի կամքի պողպատացման վճռակամութեամբ գործելու սրբազան պարտաւորութեան դէմ յանդիման:
Հսկայական խնդիրներ կը դիմագրաւէ աշխարհատարած հայութիւնը` թէ՛ հայրենիքի մէջ, թէ՛ սփիւռքի մէջ: Մեր դիմաց ցցուող խնդիրները հաշտուողականութեամբ, անտարբերութեամբ, նահանջի հոգեբանութեամբ կամ կրաւորականութեամբ դիտելու փոխարէն` ՀՅ Դաշնակցութիւնը, ինչպէս միշտ, տեւաբար հայակեդրոն, հայադրոշմ, ազգակեդրոն գործելու առաջամարտիկը եղած է` մերժելով ապազգայնացնող, այլասերող, հայկական արժէքներէ հեռացնող, արդիականութեան պատրուակին տակ հայութիւնը իր ինքնութենէն պարպող բոլոր փորձերը:
Ու այս անգամ մեզի համար ու մեր ժողովուրդի պատմութեան ճակատագրական այս փուլին, մենք անվարան կը յայտարարենք, որ Արցախի անկախ հանրապետութիւնը պիտի շարունակէ մնալ ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին տեսադաշտին կիզակէտը, գուրգուրանքի առարկան, իսկ Արցախի հերոս ժողովուրդի ազատ կամքի արտայայտութիւնը` ՀՅ Դաշնակցութեան սրբազան արժէք:
Մենք կը հաւատանք ու կը զօրակցինք Արցախի արդար պայքարին, ազատ ինքնորոշման իրաւունքին, անկախութեան ու հողային ամբողջականութեան պահպանման ու անոր ժողովրդային եւ տարածքային միասնութեան անվտանգութեան:
Մեզի համար Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումը, անոր ամբողջական միջազգային ճանաչումը, արցախեան հիմնախնդիրները, ազգային-ազատագրական եւ ինքնորոշման պայքարի դաշտի մէջ պահպանումը, Արցախի վերաբնակեցումը, ազատագրուած տարածքներու զարգացումն ու ընդհանրապէս Արցախի հզօրացումը անզիջելի սկզբունքներ են անտարակոյս:
ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին անունով կ՛ողջունենք ձեզ, պրն. նախագահ, ու ձեր միջոցով` Արցախի ողջ բնակչութիւնը, Արցախի բանակը, Արցախի արդար պայքարին զօրակցող քոյրերն ու եղբայրները եւ կը խոնարհինք անոր համար զոհուած աննման ազատամարտիկներու յիշատակին առջեւ»:



