Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դուք Չկաք, Բայց Ձեր Ոգին` Միշտ Ներկայ

January 26, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԻՆ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ

Եւ այսպէս անցաւ մէկ տարի, որ դուք չկաք: Մեկնեցաք շատ արագ, առանց հրաժեշտի: Մեկնեցաք, սակայն ձեր ետին ձգեցիք այնպիսի յուշեր, որոնցմով դուք միշտ ներկայ էք մեր առօրեայ կեանքին մէջ:

1998-ին բախտը ունեցայ ծանօթանալու ձեզի եւ աշխատելու ձեր հովանիին եւ գուրգուրանքին ներքոյ, սակայն երբեք ինքզինքս պաշտօնեայ չզգացի, չձգեցիք` զգամ եւ սորվեցուցիք, որ ազգային գործը պաշտօնեաներով չէ, որ կը դառնայ: Սորվեցուցիք, որ նուիրուածութիւնը, անշահախնդրութիւնը, համեստութիւնը, յարգանքը եւ, ինչո՞ւ չէ, գործի հանդէպ պահանջկոտ ըլլալն է, որ կ՛ակնկալուի ազգային գործին նուիրուած անհատէն: Դուք այդպիսին էիք եւ սորվեցուցիք այդպէս ըլլալ:

Մեր ազգային հարցերն ու մտահոգութիւնները միշտ ալ ձեր ուշադրութեան կիզակէտին էին: Միշտ մտահոգ էիք մեր ապագայով: Կ՛ուզէիք անթերի տեսնել գործը եւ մասնագիտացած ձեւով աշխատիլ, այդպէս կը պահանջէիք մեզմէ: «Անցեալէն դասեր քաղեցէք», կ՛ըսէիք յաճախ եւ կը պատմէիք ձեր պատմութիւնները, յուշերը եւ արժէքաւոր ընկերներու հետ ձեր ապրած օրերը:

Ճեմարանը ձեզի համար սրբութիւն մըն էր: Կ՛ուզէիք, որ անիկա շարունակէր ճառագայթող ըլլալ, ինչպէս միշտ եղած է: Յաճախ նոր գաղափարներ ունէիք եւ առանց վարանումի կը յայտնէիք, կը պնդէիք, կը հետապնդէիք, որ իրականանան: Ճեմարանի փոխադրակառքէն սկսեալ մինչեւ կրթական համակարգը, աշակերտներու նիստուկացը, ուսուցիչներու պահուածքը, քաֆեթերիային մատուցած ուտեստի որակեալ ըլլալը եւ այլն` կարեւոր հարցեր էին ձեզի համար: Իսկ ամենակարեւորը հայեցի դաստիարակութիւնն էր, որուն փոխանցման մէջ նահանջ չէիք ընդուներ եւ խստապահանջ էիք, որ լաւագոյնը պէտք է տրուի Ճեմարանի մէջ:

Այս բոլորը կ՛ընէիք` յանուն ձեր գաղափարին եւ հաւատքին: Չեմ կարծեր` գտնուի մէկը, որ վկայէ, թէ որեւէ անձնական շահ հետապնդած ըլլաք եւ կամ ձեր ունեցած դիրքը շահագործած ըլլաք: Սխալը պէտք էր դատապարտուէր, նոյնիսկ եթէ կատարողը ձեր մօտ ընկերը կամ բարեկամը ըլլար:

Այսօր, ընկե՛ր Յակոբ, շատ բան չէ փոխուած: Ամէն ինչ նոյնն է, լաւով ու վատով մնացած են նոյնը: Սակայն ձեր ջամբած դաստիարակութիւնն է, որ կը ստիպէ փորձել, տոկալ, յուսալ եւ հաւատալ, որ գարունը պիտի գայ, եւ վարդերը պիտի բացուին այնպէս, ինչպէս դուք կ՛երազէիք:

Ննջեցէք խաղաղութեամբ:
Միշտ յարգանօք`

 

Նախորդը

Յակոբ Եափուճեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Յապաղած Գրութիւն

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.