ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Սիրելի՛ Յակոբ,
Ահաւասիկ տարի մը անցած է կատարած վերջին «ճամբորդութենէդ» եւ քեզմէ ոչ մէկ լուր ստացած եմ:
Հանգիստ ճամբորդեցի՞ր: Ծնողքիդ եւ հին բարեկամներուդ հետ հանդիպումդ վստահաբար յուզիչ էր:
Մայր հայրենիքի մէջ կատարուած իրադարձութիւններուն կը հետեւի՞ս:
Վստահաբար վերէն լաւատեսութեամբ կը նայիք բոլոր հարցերուն:
Նախապէս, երբ ճամբորդէիր, վերադարձիդ մանրամասն «տեղեկագիր» կը ներկայացնէիր մօտիկ ընկերներուդ, որոնց ցանկին մէջ գտնուելու պատիւը ունեցած եմ:
Նախքան ճամբորդելդ` կը տեղեկացնէիր երթալիք վայրիդ եւ վերադառնալիք թուականիդ մասին:
Նկարներ ուղարկելով` մեզ բաժնեկից կը դարձնէիր:
Շաբաթ օրերը հեռաձայնային այնքա՜ն հաճելի եւ օգտաշատ մեր խօսակցութիւնները երբեմն կ՛ընդհատուէին, երբ զաւակներէդ մէկը կամ միւսը փորձէր հետդ կապուիլ:
– Կը ներես, Վարանդն է,- կամ,- Հայկն է,- ըսելով` կը խոստանայինք յաջորդ շաբաթ շարունակել մեր կիսատ ձգած խօսակցութիւնը:
Բացառաբար, վերջին կատարած «ճամբորդութիւնդ» կատարեցիր «գաղտնօրէն»: Գացիր լուռ ու մունջ:
Անկեղծ էինք իրարու հանդէպ: Իրարմէ ո՛չ մէկ գաղտնիք ունէինք, սակայն այս անգամ, վերջին անգամ, առանց իսկ տեղեակ պահելու, գացիր … գաղտնօրէն:
Գացիր անվերադարձ:
Ահաւասիկ տարի մը անցած է այդ թուականէն: Ո՛չ հեռաձայն, ո՛չ ե-նամակ, ո՛չ ալ նկար ստացած եմ քեզմէ:
Ուղարկած նամակներս եւ հեռաձայններս մնացին անպատասխան: Գրութիւններդ կարդալու կարօտը ունէի: Բազմիցս կարդացի նախապէս ուղարկած նամակներդ եւ այն տպաւորութիւնը ունեցայ, որ տակաւին մեզի հետ ես: Ուզեցի պատասխանել, սակայն…
Ամբողջ տարի մը անյոյս սպասելէ ետք, կրկին կը գրեմ` յուսալով, որ «վերէն» կարենաս կարդալ, սակայն վստահ չեմ` պիտի կարենա՞ս պատասխանել, թէ՞ ոչ:
Վստահաբար` ո՛չ: Կը հասկնամ եւ քեզմէ նեղուած չեմ: Աւելի քան 60 տարիներու մեր բարեկամութեան ընթացքին բնաւ չնեղացուցինք զիրար, հիմա՞ պիտի նեղուիմ: Բնականաբար` ո՛չ:
Կարդալու կամ գրելու առիթը ունի՞ս, թէ՞ ոչ «հանգստեան կոչուած»` ժամանակդ կ՛անցընես միայն հանգստանալով, որուն համար կը կասկածիմ: Քեզ լաւ կը ճանչնամ: Քու բառարանիդ մէջ «հանգիստ» բառը գոյութիւն չունի:
Հետաքրքրական է, հոն ալ կուսակցական ժողովներ տեղի կ՛ունենա՞ն: Քեզի համար պաշտելի Համազգայինն ու Ճեմարանը մասնաճիւղեր բացա՞ծ են:
Անհատնում հարցումներս դժբախտաբար պիտի մնան անպատասխան:
Կարօտագին բարեւներով`
Պօղոս
Լոս Անճելըս, 2019


