Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զապէլ Եսայեանի Հետ Խանութէ Խանութ

January 28, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ

«Բանաստեղծութեան Խանութներ»

Հասան կը հեռաձայնէ: Կ’ուզեն գրական ձեռնարկ մը կազմակերպել, նաեւ` Զապէլ Եսայեանէն ընթերցում մը կատարել… հայերէնով: Եւ միտքը ես եկեր եմ: Շատ աղէկ, բայց չզարմանալը անկարելի է: Հայերէնը ո՞վ պիտի հասկնայ իր շրջանակին մէջ: Թուրք, հայ եւ քիւրտ երեք գրողներէ գրական ընթերցումներ են խնդրոյ առարկայ ձեռնարկին բաղադրիչները, Համպուրկի այս ծայրամասին մէջ. իւրաքանչիւր հեղինակէ` բնագիր եւ թարգմանութիւն (գերմաներէնի), Եսայեանի պարագային` ֆրանսերէնէ թարգմանուած, այսինքն` թարգմանութեան թարգմանութիւն. յետոյ կը տեսնեմ, որ թարգմանութիւնը կը կաղայ տեղ-տեղ, բայց հարցը այդ չէ: (Եսայեան եթէ կը գրէ, օրինակ, «… ցրիւ բուրմունք®, երանգ, լոյս եւ երազ…», գերմաներէնը կը թարգմանէ` «… շատ բոյրեր, գոյներ եւ լոյսեր»: Երազ-ը մէկդի նետուած է, ցրիւ-ն ալ` շատի վերածուած):

Թարգմանութիւն մըն է, ի վերջոյ: Բայց թարգմանչուհիին համարձակութեան նայէ՛. ամբողջ հատոր մը կազմել, հատուածներ այս-այն հայ գրողէն` առանց հայերէն գիտնալու, ֆրանսերէն թարգմանութեան վստահելով… Ինչպէս ատենին Հայաստանի մէջ մայր ռուսերէնի թարգմանուած կտորներ անկէ անհամ-անհոտ կը թարգմանուէին խորհրդային աշխարհի որդի լեզուներուն: Քաղաքակրթեալ Արեւմուտք… կեցցե՛ս, մեռցո՛ւր լեզուները: Ու հիմա, գոնէ Եսայեան հատուածաբար կամ կաղն ի կաղ, ինչպէս որ է, ներկայ է գերմանացի ընթերցողին համար: Շնորհակալ պիտի ըլլանք:

Մանրամասնութիւններով ո՞վ կը զբաղի:

Հասան ձախակողմեան թուրք է, նախկին համայնավար, որ իր գաղափարակից ընկերներուն հետ կը հաւատայ, որ քառասուն տարի առաջ հոն չեղածը այսօր կարելիութիւն դարձած է հոս. բանտ, ծեծ եւ հալածանք հայրենիքէն այսօր իրենց պատասխանը կը ստանան, թերեւս, ժամանակի ու վայրի հեռաւորութենէն: Կարելի է հիմա խօսիլ նաեւ արգիլուած նիւթերուն մասին: Եւ արգիլուած պտուղները նաեւ քիւրտերն ու հայերն են իրենց համար, անոնց մշակութային ժառանգութիւնը: Բազմագոյն Թուրքիոյ մը տեսլականը կայ: Կամ ալ` այդ բազմագոյնին տակ իրենց կարմիրը ներկելու ձեւ մը: Բազմագոյն կարմիր:

Հոս, հիմա ընդհանրական կարեւորը այդ չէ: Կարեւորը, նոյնիսկ, Զապէլ Եսայեանին ալ Հայաստան երթալով` կարծեցեալ կարմրացումը չէ. թող իրենք` կարմիրները այդպէս հասկնան: Կարեւորը Զապէլին ձայնն ու ներկայութիւնն է: Պարունակն ու առիթը, որ զինք կրնան յիշեցնել, յիշողութեան առարկայի վերածել: Հասան նոյնիսկ տուեալ քաղաքապետութեան առաջարկած է, որ փողոց մը Զապէլ Եսայեանի անունով կոչուի, կ’երեւի` խանդավառուած Փարիզի օրինակէն, բայց դժբախտաբար չէ յաջողած: Քաղաքապետական խորհուրդին մէջ քսան հոգի հիմա գոնէ Զապէլ Եսայեանի մը ով ըլլալը գիտցաւ, կը յիշեցնէ Հասան, թէեւ հակափաստարկը եղած է այն, որ Համպուրկի այս քաղաքամասին հետ Եսայեան որեւէ առնչութիւն չունի: Ուրկէ՞ բերել, առնչել, կարմրցնե՞լ, ընչութեան դիմաց, քով, մօտ բերել զայն: Եւ ի՞նչ է արդեօք այդ ընչութիւնը:

Բանաստեղծութիւնը խանութները կը տանին, դուրս կը բերեն գրականութիւնը իր դասական պարունակէն: Կը փորձեն: Կը հրամցնեն զայն այլ վայրերու մէջ: Այս պարագային եւս աշխարհագրական վայրերը, անոնց փոփոխութիւնները կարեւոր են: Նոյն տուեալը` տարբեր տեղ: Ոչ թէ տուեալը փոխել, այլ` միջավայրը: Բանաստեղծութիւնը` այլատեղ: Հոս խօսքը չի վերաբերիր գրողներու ու գրականութեամբ հետաքրքրուողներու խումբի մը, որ այսինչ տեղը կը հաւաքուի. հոս հաւաքատեղին է, որ ինքզինք կը փոխէ:

Հետաքրքրուողներ ալ կան. երեսուն-քառասուն կարելի է հաշուել: Երեք խանութները, որոնք իրարմէ հեռու ալ չեն շատ, կ’այցելենք յաջորդաբար:

Առաջին խանութին տէրը ատանացի արաբ մըն է, վարսայարդար եւ սափրիչ, քանի մը տասնամեակ առաջ` հոս հաստատուած: Հոն կը կարդացուի Եաշար Քեմալի մէկ վէպէն հատուած մը. ի միջի այլոց` խոշոր թիթեռնիկ մը. այնքան խոշոր, որ կարծես թռչուն ըլլար: Պատանին կը մօտենայ, որ ստուգէ, ու ահա թիթեռը կը թռի… Երկրորդ խանութին սեփականատիրուհին հագուստ-կապուստ եւ զարդեղէն վաճառող կին մըն է, քիւրտ կամ թուրք: Հոն կը կարդանք «Սիլիհտարի պարտէզներ»-էն հատուածներ: Ի միջի այլոց.

«Այգիներէն անդին` թրքական թաղերն էին հոյակապ մզկիթներով, որոնց սլացիկ եւ ճերմակ մինարէները կ’ընկերանային սեւ նոճիներու: Հեռուէն կ’երեւէր նաեւ Վոսփորի կապոյտ եւ փայլփլուն ժապաւէնը, ուրկէ անդին Պոլսոյ սիլուէթը, որ առաւօտները վարդագոյն, օրուան մէջ ոսկեգոյն եւ իրիկունները կապտորակ մշուշի մէջ շղարշուած` կը թուէր յարափոփոխ, երանգաւոր ու երազային երկիր մը»:

Այսքան գունայորդ պոլսապատկերը (հաշուեցէ՛ք միայն գոյները` ճերմակ, սեւ, կապոյտ, վարդագոյն, ոսկեգոյն, կապտորակ…) հարկաւ ոչինչ կ’ըսէ ունկնդիրներուն, ոչինչով կը թարգմանուի անոնց, որոնք լեզուն չեն հասկնար, թէեւ հասկացողութիւն կը ցուցաբերեն անոր հանդէպ, չարչրկուած բայով մը` կը հանդուրժեն, զայն պարզապէս ունկնդրելով: Կայ նաեւ գերմաներէն թարգմանութիւնը: Ներկայ է նաեւ հայաստանցի կին մը, որ, այո՛, Եսայեանին անունը առաջին անգամ կը լսէ հոս, եւ երբեք զարմանալի չէ այս մէկը: Բայց պէտք է ըսելիքս ըսեմ, չէ՞, ընթերցումէն ետք, քանի մը խօսքի ընթացքին: Սազ նուագողը սեբաստացի քիւրտ է: Սեբաստիոյ շուկայի լեզուն հայերէնն էր, դար մը առաջ, գիտէ՛ք, կը յիշեցնեմ, թուրք ու քիւրտ վաճառորդներ որոշ հայերէնի մը կը տիրապետէին: Հարիւր տարի առաջ կարելին` հայերէնը, ինչո՞ւ այսօր դառնայ անկարելի:

Դառնաք վերջապէս այնքա՜ն հանդուրժող, որ սորվիք նաեւ այս լեզուն` հաճոյքի, համի համար, ոչ միայն վաճառականութեան նպատակով, շահու աղբիւրի վերածելու համար, ինչպէս ատենին Սեբաստիոյ շուկային մէջ, նոյնպէս ալ այսօր` սփիւռքի կարգ մը շուկաներուն վրայ, ուր «արեւմտահայերէնը կարեւոր է» ըսողներուն ու գրողներուն թիւը չէ, որ կը պակսի, ոչ ալ` անով շուկայական առուծախ կազմակերպողներուն ճամարտակութիւնը, որոնց շահը իսկապէս անկարելի է ըմբռնել` այնքան անձնական ուրախութիւն մը ըլլալուն համար, թերեւս: Այո՛, սորվիլ` վասն համին այնորիկ, որ հարկաւ խորովածին հետ չի կրնար մրցիլ: Բայց գիտենք, դուք ալ գիտցէք, որ ոչ միայն քարէն, այլեւ ցեխէն ու աղտէն Աբրահամի որդիներ կարելի է ստեղծել:

Այս բոլորը սեբաստացի քիւրտ նուագածուին չըսուեցան, անշուշտ, մի՛ մտահոգուիք:

Կարդացուող երրորդ հեղինակն ալ քիւրտ է` Ճիկերխուան, հռչակաւոր, ինծի անծանօթ: Երրորդ խանութը արեւելեան սրճարան մըն է, ուր յատկապէս քիւրտ տղամարդիկ կը խմբուին: Թէյ, սուրճ, սիկարեթ, թղթախաղ եւ այլ խաղեր: Եւ յաճախ նաեւ` սիկարեթին մառախուղը: Ֆութպոլի կարեւոր խաղ մը կայ, որ կ’աւարտի՞, կարելի կ’ըլլա՞յ հեռատեսիլը մարել. շատ լաւ չեմ հասկնար: Այցելուներս կը մտնենք, ու ընթերցումը ծայր կ’առնէ, որուն զուգահեռ, սրճարանին յետսամասը գրաւած ամէնօրեայ յաճախորդները իրենց խաղով եւ զրոյցով զբաղած են, անոնցմէ ոմանք մեր ներկայութիւնն անգամ չեն նկատեր: Անոնց բացայայտ անտարբերութիւնը ինծի կը յիշեցնէ անընդհատ «արեւմտահայերէնը կարեւոր է» ըսողներու հայոց բանակը, որուն քիթին տակ երբ բերես ու դնես լեզուն, ոչ մէկ հակազդեցութիւն կ’ունենայ, ու որքան հեռանայ լեզուէն, այնքան աւելի կը խօսի անոր կարեւորութեան մասին:

Քիւրտ երիտասարդ մը կը կարդայ Ճիկերխուանի սիրային քերթուածներէն, ու յետոյ, զրոյցին ընթացքին կը խոստովանի, որ ինք քրտերէնը այս մարդուն բանաստեղծութեան ծանօթանալով սկսած է սորվիլ ուշ տարիքին: Ապա կը սկսի քրտերէնով իր գրած ռեփը երգել, որուն իբրեւ յանկերգ` մենք խումբով պէտք է արձագանգենք` «Ո՞վ եմ ես»: Աւելի ուշ սրճարանատէրն է, որ Ահմետ Արիֆէն կտորներ կ’արտասանէ` ներշնչուած:

Եւ ընթերցումով խանութները կը վերածուին բանաստեղծութեա՞ն խանութներու… Կա՞յ ամբողջական կերպարանափոխում: Կը պատմուի, որ Հրաչ Զարդարեան իր ատամնաբուժարանը շաբաթը մէկ օր կը փակէր եւ զայն գրական հանդիպումներու կը տրամադրէր: Միայն կարելի է յուսալ, որ խանութները երբեմն դուրս գան իրենց բուն իմաստէն եւ դառնան հիւրընկալ ուրիշ բան մը, որ օտար է իրենց սկզբնապէս, բայց որ կրնայ մտերիմ դառնալ:

Դէպի Ներս

Բնական է, որ յետեղեռնեան սփիւռքեան համայնքը, հասած, հաստատուած օտար միջավայրին մէջ, Միջին Արեւելք կամ Արեւմուտք, ունենայ թէ՛ դուրսին` շրջապատող օտարին հետ հաղորդակցութեան, թէ ներսին` ինքն իր շրջանակին հետ յարաբերութեան երկու տարբեր մակարդակ: Երկու մակարդակներն ալ ունին իրենց կարեւորութիւնը: Յաճախ այդ երկու ինքնաներկայացումները եւ ինքնազգացողութիւնները կը տարբերին իրարմէ: Ուրիշին ներկայանալ այսպէ՛ս ու ներքին շրջանակին մէջ ըլլալ այնպէ՛ս: Ներքին եւ արտաքին ճակատները, երբեմն, ոմանց պարագային, կը նոյնանան, երբեմն ալ մէկ ճակատը վնաս կը կրէ ի հաշիւ միւսին: Մէկէն միւսը անցումը ինքնութենական դժուարութիւններ կը յառաջացնէ ոմանց համար: Մենք մեզի  հայ ըլլալ, օտարին համար հայ ըլլալ: Երկու ճակատ: Ասոնք երբեմն հակասութիւններ կը յառաջացնեն: Սակայն սփիւռքահայը եւ սփիւռք հասած հայաստանցին` նոր սփիւռքահայը, յատկապէս վերջին երկու տասնամեակէն ի վեր, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումէն ետք, քիչ թէ շատ, գիտակից կամ անգիտակից, ներքին որոշ հասունութիւն մը ձեռք ձգած են եւ ըստ այնմ գիտեն` ո՞ւր ի՛նչ ըլլալ, ինչպէ՛ս վարուիլ, ինչպէ՛ս ներկայանալ:

Հայկական «օտարամոլութիւն»-ը Պարոնեանէն ի վեր կը շահարկուի: Մենք օտարին համար սանկ կ’ընենք, նանկ չենք ըներ: Օտարին համար կ’ըլլանք այն, ինչ որ մենք մեզի չենք: Ասոնք ընկերաբանական ու հոգեբանական երեւոյթներ են, որոնք շատ հեռու կրնան երթալ: Այստեղ իմ ուշադրութեանս առարկայ կ’ուզեմ դարձնել երեւոյթ մը, որ ի վնաս ներհայկական կազմաւորումին կը գործէ: Այսորակ օտարամոլութիւնը կը սիրէ դուրսին ներկայացնել իր մշակոյթը, յատկապէս` երգուպարով, սակայն այդ նոյն արուեստին զարգացման հետամուտ չէ: Ինծի ծանօթ գերմանահայ շրջանակէն օրինակները ցոյց կու տան, որ տուեալ համայնքը շատ քիչ պահեր ունի, ուր ինքզինքին` դէպի ներս դարձած լուսարձակ կը գործածէ:

Գրահանդէս եւ ընթերցում, դասախօսութիւն, համերգ, պար ու պտոյտ կը ջանան մեր ունեցածը հրամցնել, ցոյց տալ, դէպի դուրս ծանօթացնել, յաճախ` պատահական ձեռնարկներով: Պիտի ըսենք ու գիտակցինք, որ ատկէ անդինի հասունացման նպաստող պայմանները չկան: Աւելի ճիշդ` չենք ստեղծեր, կարիքը չենք զգար: Ո՞վ է, որ կարիքը կը զգայ եւ զգացուածին տեղը կը բանայ: Յստակ օրինակ մը տալու համար` ճաշասեղանին վրայ այս կամ այն կերակրատեսակը կամ խմիչքը կը պակսի, ու մէկը կը մատնանշէ անոր բացակայութիւնը, անոր աւանդական, համեղ կամ այլ իմաստով կարեւոր ըլլալու հանգամանքը ներկայացնելով: Մասնաւոր համին յիշեցումը կատարուի: Ոչ այնպիսի հրապարակագրութեամբ, որ ինքն իր պոչը խածնող շան նման` ինքնակրկնութեան շրջանակ մը կազմած է, այլ` համիմաստին բերումով ու փարումով առօրեային, առօրեայէն շատ հեռու գացող:

Հայաստանի մէջ այս տարի տեղի ունեցած յեղափոխութիւնը, որ նախկին վարչակարգի հիմնական տարրերու փոփոխութեան վրայ աշխատելու ճամբան գտած պէտք է ըլլայ, կրնայ լաւ օրինակ ըլլալ սփիւռքի հայկական կազմակերպութիւններու մէջ մաքրագործութեան աշխատանքին, ուր հին, հինցած, ապականած տարրը բաւական արմատացած ներկայութիւն է` ի գին նոր, նորանալի ու… (թէեւ ապականութիւնը ամէն ժամանակի եւ սերունդի կրնայ վերաբերիլ) ապականութենէն հեռաւորութիւն պահող տարրի մը, որ յուսով ենք, թէ պիտի գայ դեռ: Ներհայաստանեան, ներհայկական հարցերու առաւել բիւրեղացումը, քննական` հաւաքապաշտ կամ անհատապաշտ մօտեցումներով, Հայաստան եւ սփիւռք, դէպի ներս նետուած հայեացքով մը կրնայ մանաւանդ երիտասարդական շարքերէն գալ, որոնք սակայն համացանցի վրայ իսկ այնքան անկազմակերպ պատկեր մը կը պարզեն: Ասիկա զուտ հայկական երեւոյթ չէ, բնականաբար:

Մենք մեզի մեր մասին մտածենք ու մեր հաշիւը ընենք, ամէն համայնք իր նեղ շրջանակը գծէ, օտարին ալ մասնակցութեամբ` հարկաւ:

(Շար. 1)
«Գանձասար» բացառիկ, 2019

Նախորդը

Խմբագրական «Յուսաբեր»-ի. Եգիպտոս Տիպար Պետութեան Վերածելու Կամքով

Յաջորդը

«Շատ Մի՛ Պրպտեր. Հրանդը Յիշէ՛»

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.