Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զրոյց` Հեռացած, Բայց Միշտ Հետս Եղող Եղբօրս Հետ

January 26, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԿՕ

Յակո՛բ,

Շատ պիտի ուզէի մահուանդ կամ քառասունքիդ առիթով գրել քու մասիդ, սակայն այդ օրերու զգացումներս թոյլ չտուին, որ գրեմ, արդէն գրող  չեմ: Բայց գրեմ, հիմա որ համոզուած եմ, թէ ուրիշ ճար չունիմ հետդ խօսելու:

Գիտես` մեր ընտանիքին մէջ իրարու հանդէպ սիրոյ արտայայտութիւնը միշտ եղած է ամօթխած, պապայէն կու գար այդ մէկը անպայման: Զիրար շատ չէինք գովեր, չըլլայ, թէ վերջը յանկարծ մեր գովասանքին հակառակ արարք մը ընէինք:

Մեր մանկութեան լաւ ընկերներ էինք, կը խաղայինք իրարու հետ, բայց հիմա միտքս շատ բան չէ մնացած: Օր մը Պրումանայի մեր ամարանոց տան բակին օրօրոցին վրայ զիս շատ օդը հանելու համար ուժգին հրեցիր, բայց փոխանակ աթոռէն հրելու` մարմնէս հրեցիր, եւ ես քիթիս ու բերնիս վրայ ինկայ, ճակատիս վրայ տակաւին փոքր հետք մը կայ:

Լաւ զաւեշտով կապկելու յատկութիւն ունէիր, բան մը, որ չես զարգացուցած, լաւ դերասան կրնայիր ըլլալ: Կը յիշեմ մեր Ս. Յակոբ Ազգ. վարժարանի տնօրէնին` Ղազար Չարըխին (մենք Չարըխ կ՛ըսէինք) կապկելդ, երբ դասարանին մէջ ներգործական եւ կրաւորական բայերը ընկալելի կերպով բացատրելու համար «բեմ» հանած է երկու աշակերտ, մէկը միւսին հարուածելու հրամայած` ներգործական բայը բացատրելու համար: Կամ երբ այդ օրերուն նշանաւոր «քարոզիչ» պատուելի Տոքթորեանին մարդիկ ապաշխարեցնելու համար խեղկատակ «պարերը» կը կապկէիր:

Աւելի ուշ, մեր վաղ համալսարանական տարիներուն, երբ իրարու դէմ ֆութպոլ կը խաղայինք, դուն` իբրեւ յառաջապահ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի խումբէն, եւ ես` իբրեւ բերդապահ Ժամհուր քոլեճի Շրջանաւարտից միութեան խումբէն, իրարու բախեցանք, եւ ես քանի մը երկվայրկեան ուշքս կորսնցուցի, բնականաբար առաջին մտահոգը եւ զիս խնամողը դուն եղար: Հիմա չեմ յիշեր, թէ ո՛վ յաղթեց:

Ի դէպ, երկուքս ալ ֆութպոլի սիրահարներ էինք, այդ ժամանակուան ՀՄԸՄ-ի խումբին խաղերը չէինք փախցներ: Բայց չեմ գիտեր` ինչո՞ւ մեծ համարում ունէիր ֆութպոլի իմ «գիտութեանս» վրայ: Երբ իւրաքանչիւրս իր տան մէջ մեր սիրած անգլիական «Արսենալ»-ի խաղերը կը դիտէինք, եւ երբ հեռաձայնս զանգէր, գիտէի, որ անպայման ըսելիք մը ունիս խաղին մասին. «Աս մարդը (մարզիչը) ինչո՞ւ ասանկ կը խաղցնէ կոր», կամ ալ` «Աս Էօզիլը (թուրք գերմանացի նշանաւոր խաղացողը) խաղալ չի գիտեր»: Հոս ազգային ջիղդ հանդէս կու գար:

Միւս կողմէ ալ դուն ինծի համար տեսակ մը տեղերու եւ անձերու համայնագիտարան  էիր: Լիբանանը լաւ կը ճանչնայիր, իսկ գացած վայրերդ շատ դիւրաւ միտքդ կը պահէիր, անձերու անունները կամ իրենց պատկանելիութիւնները լաւ գիտէիր: Հիմա երբեմն պէտք կ՛ունենամ անձի մը կամ տեղի մը ստուգումը կատարելու, միտքէս կ՛ըսեմ, որ եթէ Յակոբը հոս ըլլար, իրեն կը հարցնէի:

Երբ Յիսուսեան հայրերու Ժեհթաուիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ քոլեճը աւարտեցիր, բնականաբար Նշան Փալանճեան Ճեմարան փոխադրուեցար: Բայց երբ ես աւարտեցի նոյն քոլեճը, պապան զիս նոյն Յիսուսեան հայրերու Ժամհուր քոլեճը ղրկեց` համոզուած, որ հոն աւելի լաւ արաբերէն կը սորվիմ, քանի Ճեմարանը արաբերէնին կարեւորութիւն չէր տար այն ատեն: Գացի, բայց արաբերէնս դպրոցէն վերջը սորվեցայ համալսարանի եւ գործի մէջ: Բայց ըսելիքս այն է, որ երբ Ժամհուր քոլեճ սկսայ յաճախել, դուն մտահոգ, որ կ՛օտարանամ, «ձեռքէս բռնեցիր» եւ տարիր զիս արձանագրեցիր Զաւարեան աշակերտական միութիւն: Թէեւ եղած եմ ՀՄԸՄ-ական գայլիկ, սկաուտ, սակայն Զաւարեան աշակերտականն ու յետոյ ալ ուսանողականը իմ կեանքիս հունը ճշդեցին անձնական թէ գաղափարական գետիններուն վրայ. այդ իմաստով, պապայէն աւելի ազդեցութիւն ունեցած ես իմ վրաս:

Միշտ համակարծիք չենք եղած իրարու հետ` կուսակցական, ընկերային թէ հաւատքի (կրօնական) մարզերուն մէջ: Դուն աւելի աւանդապահ էիր, բայց այդ մօտեցումի տարբերութիւնները մեզ բնաւ իրարմէ չեն հեռացուցած: Յարգանք ունէիր ազգային բոլոր հաստատութիւններուն հանդէպ` եկեղեցի, դպրոց, միութիւններ, նոյնիսկ` ոչ գաղափարակից: Միշտ համերաշխութեան կողմնակից էիր (քիչ մը պապային քաշած էիր ատոր մէջ), բայց կ՛ընդվզէիր, կը տառապէիր թերութիւններէն, բացթողումներէն` ազգային թէ կուսակցական գետիններուն վրայ, սակայն քու ազգային, կուսակցական օրինակելիութիւնդ թոյլ չէր տար, որ քու իսկ գծած կարմիր գիծերդ անցնիս եւ ներքին ընդվզումներդ ըմբոստութեամբ արտայայտես: Երանի ընէիր:

Կ՛ընդվզէիր ապերախտութիւնէն` անձնական թէ ազգային գետիններուն վրայ, եւ շատեր, մօտիկներ գործիդ եւ շրջապատիդ մէջ այդպէս վարուած են հետդ` շահագործելով քու ազնուութիւնդ եւ օգտակար ըլլալու տեւական պատրաստակամութիւնդ:

Քու անաչառութիւնդ եւ ուղղամտութիւնդ, մասնագիտութեանդ բերումով քեզ, կրնամ ըսել, դարձուցած էին «ամենայն հայոց հաշուապահ»: Ո՛ր կազմակերպութեան, հաստատութեան կամ ժողովի մը մէջ որ ըլլայիր, հաշուական, տնտեսական քննարկումներուն կամ որդեգրուելիք ուղղութիւններուն մէջ միշտ դերակատար էիր:

Համազգայինը, իր կանոնագրային նոր շրջանէն ետք, այսինքն` 1990-ականներէն ետք, եղած է քու ազգային մտահոգութիւններուդ եւ գործունէութեանդ հիմնական բնագաւառը: Քանի մը անկեղծ ընկերներու հետ նիւթական շատ անբարենպաստ պայմաններու մէջ թիավարած ու կանգուն պահած ես զայն, ապա` ջահը փոխանցած, երբ աւելի բարենպաստ պայմաններ ստեղծուած են, սակայն Համազգայինը միշտ մնացած է քու ազգային մտահոգութիւններուդ հիմնական առարկան:

Կ՛ըսէի` միշտ համակարծիք չենք եղած իրարու հետ: Այսպէս, զիս կ՛այպանէիր, որ բնաւ, մեռելոցի առիթով, գերեզմանատուն չեմ երթար մեր ծնողքին եւ հարազատներուն շիրիմներուն վրայ աղօթելու եւ մոմ մը վառելու համար: Կ՛ըսէի` ես պէտք չունիմ հոն երթալու, որովհետեւ անոնք միշտ իմ միտքիս եւ հոգիիս մէջն են: Մահուանդ տարելիցին նորէն չերթամ հաւանաբար,

պէտք չունիմ երթալու,
դուն իմ քովս ես:

ՄԿՕ

 

Նախորդը

Յապաղած Գրութիւն

Յաջորդը

Մոնաքօ Ժամանակաւորապէս Կասեցուց Հանրիի Լիազօրութիւնները

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.