Սիմոն եւ Սիլվա Գաֆալեանները Հայաստան փոխադրուած են 1997-ին: Արմատներով Կիլիկիայէն են: Երեւան կը բնակին իրենց զաւակներուն հետ: Սիլվան փոխադրուելէն ետք ուրիշ անձ դարձաւ` աւելի լաւատես, այստեղ` հայրենիքի մէջ իր սիրտը լի է երջանկութեամբ եւ խաղաղութեամբ:
Սիմոնի մայրական մեծ հայրը յարգուած զինուորական էր թրքական բանակին մէջ, այնուամենայնիւ Ցեղասպանութեան ժամանակ անոր ընտանիքն ալ ամբողջութեամբ ոչնչացուեցաւ, եւ միայն մեծ հայրը ազատեցաւ զինուոր ըլլալու պատճառով: Իր հօրը կողմը նաեւ Ցեղասպանութեան ականատես եղած է եւ կրցած է Պէյրութ հասնիլ:
Սիլվային արմատները հօրը կողմէն Մարաշէն են (Կիլիկիա): Իրենք ալ նոյնպէս փախած են դէպի Լիբանան: Սիլվան կ՛ըսէ, որ ուրախ մանկութիւն ունեցեր է իր չորս քոյրերուն հետ: Իր հայրը մեծ ազդեցութիւն ձգած է վրան` ինքնութեան կերպարի զարգացման մէջ, որպէս հայ: Բաւական կարդացած մարդ էր, իրենց տունը լեցուն էր պատմական հայկական գրականութեամբ, որ կը կարդար իր զաւակներուն:
Սիլվան կ՛ըսէ. «Մեծ մայրիկս դաջուածքներ ունէր իր ճակատին եւ բերանին շուրջ, մենք փոքր էինք եւ մտքերնէս չէր անցած, որ հարցնենք` ի՞նչ է: (Սիլվայի քոյրը` Սիւզան Խարտալեանը վաւերագրական ժապաւէն նկարահանեց «Մեծ մօրս դաջուածքները» անունով): Ես շատ ուրախ եմ, որ քոյրս այս պատմութիւնը ժապաւէնի վերածեց, եւ ժողովուրդը տեղեակ եղաւ հայ կիներու ճակատագրի եւ տառապանքի մասին` Ցեղասպանութեան տարիներուն: Երբ որ ժապաւէնը ցուցադրուեցաւ, շատ հեռաձայններ եւ նամակներ ստացանք, եւ մարդիկ ըսին ու խոստովանեցան, որ իրենց հարազատներն ալ այդպիսի դաջուածքներ ունին: Այսպիսով, շատ մը պատմութիւններ լուսաբանուեցան»:
Ան կը շարունակէ. «Երբեք չէի պատկերացներ, որ օր մը օտարի հետ պիտի ամուսնանամ կամ ուրիշ մշակոյթի հետ պիտի համակերպիմ: Անկարելի բան էր ինծի համար: Ամուսինս եւ ես զգացինք, որ մեր հայապահպանման համար պէտք է վերջապէս մեր տունը գտնել Հայաստանի մէջ: Ես երբեք ուրիշ բան չէի երազած»:
Սիմոնը կը նշէ, որ հայկական դպրոցներն ու կուսակցութիւնները մեծ դեր կը խաղան սփիւռքի հայապահպանման գործին մէջ: Նոր սերունդի ուսուցումը ամենակարեւոր աշխատանքն է: Բայց զգացի, որ սփիւռքի մէջ կատարած աշխատանքս միայն այդ գաղութին համար է: Շատ մեկուսացուած է: Ինչո՞ւ մեր ուժն ու ջանքը չենք ուղղեր մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին օգնութեան, որպէսզի հզօր ազգ եւ ուժեղ հայրենիք ունենանք»:
Սիլվան կ՛աւելցնէ. «Մենք 17 տարիէ Հայաստան կ՛ապրինք: Սկիզբը, երբ որ տեղափոխուեցանք, ես լացի, որովհետեւ ծնողներս կը կարօտնայի, բայց անիկա շատ երկար չտեւեց: Ամենալաւ բանը Հայաստան ապրելուն մէջ այն է, որ զաւակներս իրենք զիրենք շատ ուրախ կը զգան, ազատ, անկախ եւ անվախ»:
«Նոյն դժուարութիւններուն աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ ալ կը հանդիպիս: Օրինակ` ամբողջ Եւրոպայի մէջ մարդիկ կը կորսնցնեն իրենց ազգային ինքնութիւնը: Նոյն խնդիրը կայ նաեւ Ամերիկա», կ՛աւելցնէ Սիմոնը:
Այսօր «Արամ Մանուկեան երիտասարդական կեդրոն»-ին մէջ Սիմոնը եւ Սիլվան կը շարունակեն իրենց գործը` յառաջադէմ երիտասարդներ պատրաստելու, անոնց ոգեշնչելով եւ ներշնչելով ազգային ու մշակութային արժէքները:
Սիմոնը կ՛ըսէ. «Իմ ցանկութիւնն է, որ յաջորդ սերունդի անդամները մնան Հայաստան, որ` պայքարին իրենց հայրենիքին համար: Այո՛, ես քաջ գիտեմ, որ դժուար է, բայց իրենք պէտք է մնան: Ո՞վ պիտի բարելաւէ մեր երկիրը: Այսօր ընկերս եւ ես (ան ոսկերիչ է, իսկ ես` ադամանդաշար) արհեստ կը սորվեցնենք կեդրոնի պատանիներուն: Մենք կը հաւատանք, որ երեխաները, որ արհեստ գիտեն, աւելի քիչ հակուած են գաղթելու: Իրենք կը կարողանան աշխատանք գտնել եւ ընտանիք կառուցել, ապա` ուժեղացնել մեր հայրենիքը»:
«Իմ քոյրերը տարածուած են աշխարհին մէջ: Աւագ քոյրս կը բնակի Շուէտ, միւս քոյրս` Պոսթըն, միւսները` Այնճար եւ Պէյրութ: Ես հոս եմ եւ շատ հպարտ եմ: Քոյրերս ինծի կ՛ըսեն, որ ես բախտաւոր եմ, որ Հայաստան կ՛ապրիմ: Ես իրենց միշտ կը պատասխանեմ, որ արդէն ժամանակն է վերադառնալու ազատ եւ անկախ հայրենիք: Դռները միշտ բաց են եւ պէտք է վերադառնալ եւ օգնել հայրենիքի կառուցման աշխատանքներուն», կ՛աւելցնէ Սիլվան:
«Ես ամէնէն առաջ երջանկութիւնը գտայ իմ տանս մէջ: Երբ կը տեսնեմ կինս եւ զաւակներս կողքիս, մէկ տանիքի տակ, Հայաստանի` մեր հայրենիքին մէջ: Ես այն հողին վրայ կ՛ապրիմ, որուն համար տարիներ շարունակ պայքարած ենք սփիւռքի մէջ», կը նշէ Սիմոնը:
Սիլվան կ՛եզրափակէ. «Ես միշտ զաւակներուս կ՛ըսեմ, որ սփիւռքահայ կամ հայաստանցի` պէտք է բոլորս համախմբուինք, միաւորուինք եւ գործի անցնինք յանուն մեր հայրենիքի ու ազգի զարգացման»:
Նիւթը տրամադրուած է «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամին կողմէ
www.repatarmenia.org
Հարցազրոյցի թուական` յունիս 2014 http://repatarmenia.org/en/engage/community/a/simon-and-silva-kafalian



