Յօդուածներ

Անդրադարձ.  Առյաւէտ Կորսնցուցինք Արեւմտահայերէնի Պահապաններէն Տիրան Աղազարեանը

Լիբանանահայ Մշակութային Եւ Հասարակական Կեանքին Վրայ Իր Դրոշմը Ձգած Համեստ Մշակը` Դոկտ. Լեւոն Ճերմակեան

ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ Մօտ 40 օր առաջ իր մահկանացուն կնքեց լիբանանահայ մշակութային կեանքին մէջ իր դրոշմը ձգած նուիրեալներէն մէկը` դոկտ. Լեւոն Ճերմակեան: Մտաւորական լայն պաշարի տէր անձ` ան գիրքերով հետաքրքրուած անձերուն ուշադրութեան կեդրոնն էր: Անձնապէս մեզի համար Լեւոն Ճերմակեանի անձը առնչուած էր 1980-ին Պուրճ Համուտի մէջ իր հիմնադրած «Ոսկեդար» գրախանութին հետ, ուր երբեմն գացած ենք եւ ականատես դարձած ենք անոր մտաւորական...

Ի Յիշատակ Լեւոն Ճերմակեանին

Ի Յիշատակ Լեւոն Ճերմակեանին

ԿԱՐՕ ՏԷՐՈՒՆԵԱՆ        Մանկութենէս յաճախած եմ   հանրածանօթ «Ոսկեդար» գրախանութը: 1980-ական տարիներուն, նախակրթարանի դասարաններէն ի վեր, Մեսրոպեան վարժարանէն արձակուելէս ետք, գրեթէ ամէն օր կ՛անցնէի «Ոսկեդար»-ին առջեւէն: Փայլուն ապակեայ փեղկերով, շլացուցիչ գիրքերով լեցուն «Ոսկեդար»-ը մշտապէս գրաւած էր զիս:  Միշտ յափշտակուած  կը դիտէի ցուցափեղկին մէջ ցուցադրուած գիքերը: Այնքան կը սիրէի գրապահարանին ներքեւ զետեղուած գիրքերը: Պատանի տարիքէս սկսայ մտնել գրատուն եւ կամաց-կամաց հարստացնել տանս գրադարանը:...

Յարգանք Ու Սէր Բոլորին…

ՊԵՏԻԿ «Ազդակ»-ի 9 մայիսի թիւին մէջ ունէի յօդուած մը` ապրիլ 24-ին Պուրճ Համուտէն դէպի Անթիլիաս ուղղուող քսան հազար լիբանանահայերու մասին, երբ ամէն հայ գործատէր, փակելով իր գործատեղին, պարտաւորութիւնը զգացած էր բարձրաձայն արտայայտելու 1,5 միլիոն զոհ խլած  Եղեռնի իր ցաւը եւ պահանջատիրութիւնը: Այո՛, հոն յիշած էի, որ այդ քայլարշաւի ճամբուն վրայ կար հայկական մէկ հաստատութիւն, որ իր եկամուտի դռները բաց պահած...

Շարլ Ազնաւուր . Պատմական Անմահութեան Արժանացած Անկրկնելի Առասպել

Շարլ Ազնաւուր . Պատմական Անմահութեան Արժանացած Անկրկնելի Առասպել

Ծննդեան 95-ամեակ Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին գրասենեակը Դիմատետրի էջին վրայ տեղադրած է նախագահ Արմէն Սարգսեանի խօսքը՝ Ազնաւուրի 95-ամեակին առիթով.- Դուն միշտ մեզի հետ ես, սիրելի Շարլ, քու ժողովուրդիդ, քու Հայաստան եւ Ֆրանսա՝ երկու հայրենիքներուդ հետ...»։ Շարլ Ազնաւուրի Մանկութեան Տան Պատին Յուշաքար Տեղադրուած Է Փարիզի Մէջ 20 մայիս 2019-ին Փարիզի 6-րդ շրջանի Մըսիէօ լը փրենս 36 հասցէին վրայ գտնուող...

Չարաբաստիկ Նորացուած Մատրիտեան Սկզբունքները

Լրջացէ՛ք

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին 20 մայիսի նշանաւոր «պատմական» ելոյթները, բայց յատկապէս դատարաններու մուտքերն ու ելքերը փակելու կոչը ունին հիմնական երկու մտահոգիչ կողմերը: Մէկը սահմանադրական կարգի տապալման կոպիտ խախտումն է եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային վարկի հեղինակազրկում, ինչպէս նաեւ, ըստ էութեան, հակաժողովրդավարական դրսեւորում, վարչապետին կողմէ երկրի բոլոր օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւնները զաւթելու եւ իր հակակշռին տակ առնելու կոպիտ փորձը, այդ...

Համազգայինի «Կարկաչ» Մանկական  Եւ Պատանեկան Երգչախումբի Տարեկան Ելոյթը

Մտորումներ «Կարկաչ»-ի Աշակերտական Համերգին Առիթով. Կոմիտասեան Յուզմունք

ՎԵՐ. ՆՇԱՆ ՊԱԳԱԼԵԱՆ Մեր հայ վարժարաններուն մէջ, եթէ տակաւին «մերը» կը սեպենք զանոնք, հիմնական պայքար մը կը մղուի հայ մշակոյթի պահպանումին եւ հայ մարդու կերտումին համար: Հայ սփիւռքի տարածքին վրայ ա՛յս է գլխաւոր հրամայականը, եւ իւրաքանչիւր հայ վարժարան այս գոյամարտին մէջ իր իւրայատուկ դերն ու պատասխանատուութիւնը ունի: Հայ գոյատեւումի այս դաժանացող պայքարին մէջ բոլորս զիտակից ենք, ոչ թէ մրցակից` մեր...

Երկու Խօսք` Մեր Ծագումնաբանութեան Ու Անձնական Կապերի Մասին

ԱՐԹՈՒՐ ՄԿՐՏՉԵԱՆ Ընդ աստեղօք ի՜նչ կայ սիրուն, Քան զանձկալի եղբայր անուն: Մ. Պէշիկթաշլեան Դատական շրջափակման անյաջող գործողութիւնը աւարտուեց տխուր եզրայանգումներով... դրանք, ցաւօք, մէկը չեն, ոչ էլ` երկուսը...Վարչապետի սահմանադրօրէն անթոյլատրելի երէկուայ յայտարութեանը հետեւեց այսօրուայ անթոյլատրելի արարքը մի քանի տասնեակ կիսագրագէտ ու պետական մտածողութիւնից զուրկ քաղաքացիների կողմից, ինչպէս նաեւ հնչեց մի նոր ելոյթ` ոչ հարիր ՀՀ ղեկավարին: Այդ ելոյթի ոչ խոհեմ եւ ոչ իրաւական ձեւակերպումների մասին կարելի է երկար խօսել,...

«Եթէ Մենք Մոռնանք Եւ Անտեսենք Մեր Արժէքները, Մենք Ապագայ Չենք Ունենար». «Ղարաբաղը Հայկական Հող Է»  Հաստատեց Իտալիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ճուլիօ Չենթեմերոն

«Եթէ Մենք Մոռնանք Եւ Անտեսենք Մեր Արժէքները, Մենք Ապագայ Չենք Ունենար». «Ղարաբաղը Հայկական Հող Է» Հաստատեց Իտալիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ճուլիօ Չենթեմերոն

Հարցազրոյցը վարեց` ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ «ԱԶԴԱԿ».- Մօտաւորապէս ամիս մը առաջ, 10 ապրիլ 2019-ին, Իտալիա ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը` ոճիրին տալով իր արժանի անունը: Ինչպէս գիտենք, առաջին անգամ չէ, որ Իտալիա կը ճանչնայ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը: Առաջին անգամ 2000-ին էր, երբ Իտալիա ճանչցաւ եւ դատապարտեց Հայոց ցեղասպանութիւնը: Սակայն այս տարուան Իտալիոյ որդեգրած քայլը կը տարբերի 2000-ի քայլէն, որովհետեւ Իտալիոյ կառավարութեան կոչ ուղղուեցաւ...

Կեդրոնականցին` Ընդդէմ Անմահութեան  Արշաւի Մեկնող Յուշագիրներուն

Կեդրոնականցին` Ընդդէմ Անմահութեան Արշաւի Մեկնող Յուշագիրներուն

ՄԱԿԱՐ Ազնաւուրի զբօսայգին նստած էինք ջերմացնող արեւէն օգտուելու համար: Արմենակ նոր եկած էր Էյֆելի Աշտարակի քաղաքէն: Եւ ըսելիք ունէր: - Մակա՛րս, իրենց ապահովութիւնը անտեսելով անհաւասար կռիւի մէջ մտած մեծեր` իրենց յուշերը գրած են, աւելի խօսած` իրենց ժամանակին եւ պատմութեան մասին,ոչ իրենց անձին: - Անոնք համեստ եղած են,- ըսի: - Ճիշդ այդպէս, անոնց յուշագրութիւնը չի նպատակադրեր իրենց անձը, իրենց կարեւորութիւնը, կը...

Երբ Կը Հաւատանք…

Երբ Կը Հաւատանք…

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Մուրացկանները շատ հին ժամանակներէն գոյութիւն ունեցած են բոլոր երկիրներուն մէջ: Եթէ սկիզբը մուրացկանութիւնը անհատական բնոյթ ունէր, այժմ բազմաթիւ երկիրներու մէջ աՆիկա ձեւով մը կազմակերպուած է եւ` արհեստավարժ մակարդակի հասած, անտեսելով բարոյական բոլոր չափանիշները: «Պի.Պի.Սի.» յօդուածով մը մասամբ անդրադարձած է այս երեւոյթին` ներկայացնելով դէպք մը: Նիւթին ընթերցումը մեր մէջ այլ միտք մըն ալ կ՛արթնցնէ: Գիտական միտքի զարգացումով եւ...

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Փեթարի Իսրօ Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, ֆետայի, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ: Փեթարցի Իսրօ ծնած է 1885-ին, Սասնոյ լանջերուն գտնուող Փեթար փոքրիկ գիւղին մէջ: Իսրօ եղած է աղքատ ընտանիքի մը` անուս զաւակը, միայն ոչխար կ’արածէր: Իսրոն երիտասարդ տարիքէն եղած է յանդուգն եւ հերոս ֆետայի: 1904-ին կը մասնակցի Սասնոյ բոլոր կռիւներուն: 1905-ին կ’անցնի Կովկաս ու կը մասնակցի թաթարներուն դէմ Շարուր-Դարալագեազի ու...

Ակնարկ.  Եւրոպայի Բազմերանգ Ուղերձները Երեւանին

Ակնարկ. Եւրոպայի Բազմերանգ Ուղերձները Երեւանին

Քաղաքականօրէն ակնկալելի էր, որ դատական համակարգի արմատական բարեփոխումներու գործողութիւններու մեկնարկի պաշտօնական յայտարարութիւնը տեղի տար միջազգային իրաւաքաղաքական կեդրոններու արձագանգին: Այս պարագային դիտարժան հանգամանք կը ներկայացնէ եւրոպական միջավայրը` նկատի ունենալով Երեւան - Պրիւքսել համաձայնագիրի վաւերացման ընթացակարգն ու ընդհանրապէս համագործակցութեան խորացման եւ աշխուժացման ուղղութեամբ երկկողմանի յայտարարութիւնները: Դէպի Եւրոպա ուղղութիւնը իրերայաջորդ վարչակարգերու համար կը շարունակէ մնալ արտաքին քաղաքականութեան գերակայ օրակարգ. հետեւաբար ներքին բարեփոխման թէ...

Կատակը Մէկդի.  Ապաւինեցէ՛ք Հանճարներուն…

Նշմար` Մարզական Ոգիով. Ո՞վ Կ՛արգիլէ…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Եւրոպայի թանկարժէք մէկ բաժակին համար անգլիական երկու հզօր խումբեր` Արսենալ եւ Չելսի, 29 Մայիսին ժամադրուած են Պաքու: Այս մակարդակի եւ որակի մրցումներ բնականաբար մարզական աշխարհին մէջ ամէն տարի կը ստեղծեն դրական փոթորիկներ. նախատեսութիւններ, գրաւներ, նախասիրուած խումբի մը ի նպաստ քարոզչութիւն, կոլ նշանակողներու մասին ենթադրութիւն եւ հազար ու մէկ... սովորական բան: Այս տարի Արսենալի եւ Չելսիի միջեւ նախատեսուած ճակատումին...

Նիկոլենց «իզմ»-ի Հետքերով

Համշէնահա՞յ, Թէ Համշէնցի

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ Համշէնը վերջին տասնամեակի ընթացքին դարձաւ բաւական տաք նիւթ մը` թէ՛ հայաստանեան, թէ՛ սփիւռքեան, թէ՛ մասամբ նաեւ պոլսահայ լրատուական դաշտի մէջ: «Համշէն», «համշէնահայ» եւ «համշէնահայութիւն» բառերը սկսան գործածուելու աւելի յաճախակիօրէն, այդ նիւթով յօդուածներ գրուեցան, ձեռնարկներ ու դասախօսութիւններ կազմակերպուեցան, փոխադարձ այցելութիւններ ու մշակութային ծրագիրներ իրականացան... Այս նիւթով հետաքրքրուողներուն համար, յատկապէս Հայաստանի եւ սփիւռքի գաղութներու մէջ, հիմնական միտքը, շատ պարզացուած եթէ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ  Պըրպենքի Հայ Դատի Յանձնախումբի Տասնամեակին Նուիրուած Տօնակատարութիւն Եւ Մեծարումներ Վերջերս «Արպաթ» ճաշասրահին մէջ նշուեցաւ Պըրպենքի Հայ դատի յանձնախումբին հիմնադրութեան տասնամեակը եւ կարգ մը անձնաւորութիւններուն մեծարումը: Կոմիտաս Ա. քհնյ. Թորոսեանը կարդաց առաջնորդ սրբազանին շնորհաւորական գիրը, որուն մէջ սրբազանը հայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունէր եւ իր օրհնութիւնները կու տար Հայ դատի նուիրեալներուն ու զօրակիցներուն` բարձր գնահատելով անոնց գործունէութիւնը,...

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական.  Երբ Անհանդուրժողութիւնը Կը Դարձնեն Հանդուրժելի

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Երբ Անհանդուրժողութիւնը Կը Դարձնեն Հանդուրժելի

Մինչ մարդիկ կը քնանային` թշնամին եկաւ, որոմ ցանեց ցորենին մէջ եւ գնաց: Մատթէոս 13:25 Մայիս 18-ին Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի դէմ կատարուած յարձակումը իր բովանդակ իմաստով յանցագործութիւն է եւ իբրեւ այդպիսին` խիստ դատապարտելի: Արցախեան ազատամարտին իր ներդրումը կատարած դաշնակցական քաղաքական գործիչին դէմ կատարուած խուժանային արարքը, պարզապէ՛ս ստորութեան համազօր է: Երկրի իշխանութիւններն ու իրաւապահ մարմինները...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Մայիսի Այժմեան Խոհեր

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մայիսի Այժմեան Խոհեր

Մայիսը իւրայատուկ ու եզակի ամիս մըն է հայորդիին համար: Փա՛ռք ու պատիւ, պարծանք եւ յաղթանակ... Այսպէս կը նշուի մայիսը: Ազգային արժէքները կազմաւորող, ուրուագծող եւ բիւրեղացնող ամիսն է մայիսը: Պետական ամուր կառոյց, ուղղամիտ ղեկավարութիւն, պաշտպանութիւն եւ բանակ: Այսպէս, դեռ հազիւ երկու շաբաթ առաջ նշեցինք Շուշիի ազատագրման 27-ամեակը, որ անկիւնադարձային եւ վճռական ազդեցութիւն ունեցաւ Արցախի ազատագրութեան գործընթացին վրայ: Իսկ հազիւ տարի մը...

Հայկականութեան Նոր Ճարտարապետութիւն Կերտելու Մասին

Հայկականութեան Նոր Ճարտարապետութիւն Կերտելու Մասին

ՄԻՔԱՅԷԼ ՄԻՆԱՍԵԱՆ Սուրբ Աթոռում, Փորթուգալում եւ Մալթայի Ինքնիշխան Ուխտում Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին դեսպան Հայկական ազգային օրակարգի առաջնային խնդիրներից մէկը շարունակում է մնալ սփիւռքի կամ, աւելի ճիշդ կը լինի ասել, համահայկականութեան նոր, համարձակ ու արդիւնաւէտ ճարտարապետութեան հարցը: Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան ընկալումների ու տարուող քաղաքականութեան, օրակարգերի ձեւաւորման ու առաջմղման այն մոտելը, որն ունենք այսօր, ձեւաւորուել է նախորդ դարում եւ ոչ ամբողջութեամբ է համարժէք...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

Եռեակ Ջիղի Ջղացաւ Trigeminal Neuralgia

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ «Եռեակ ջիղի ջղացաւ»-ը ջղախտաբանական (neuropathic) հիւանդութիւն մըն է, որ կը յառաջանայ եռեակ ջիղի ախտահարումով: Ան կը յատկանշուի դէմքին կամ բերանախոռոչի մակերեսին վրայ նոպայական, ուժգին, հարուածային, այրուածքային, ճնշիչ եւ ելեկտրանման ցաւի գերզգացողականութեամբ: Ան կը կոչուի ցաւագին դիմացունց (tic douloureux): «Եռեակ ջիղի ջղացաւ»-ը յաճախակիօրէն տեսնուած հիւանդութիւն մըն է: Ան կը յայտնուի ընդհանրապէս 50 տարեկանէն ետք եւ առաւելաբար` կիներուն մօտ:...

Կարսի Մէջ Գանձագողերը Կ՛ոչնչացնեն Հայկական Գերեզմանները

Կարսի Մէջ Գանձագողերը Կ՛ոչնչացնեն Հայկական Գերեզմանները

Կարսի մէջ գանձ փնտռողները կը շարունակեն մշակութային աւերը: Այս անգամ անոնք թիրախ ընտրած են հին հայկական գերեզմանները: Այդ մասին կ՛ահազանգէ Akunq.net-ը` վկայակոչելով Karsmanset.com կայքէջը: Ըստ աղբիւրին, տարիներ շարունակ գանձագողերու աւերումներուն ենթարկուած այս տարածքին մէջ գտնուող հայկական գերեզմանաքարերու տակէն մարդկային ոսկորներ ելած են: Ինչպէս կը նշուի թրքական աղբիւրին մէջ, մինչ օրս կանգուն մնացած պատմական շինութիւնները մեծապէս կը տուժեն նաեւ իշխանութիւններու անտարբերութեան...

Page 580 of 1112 1 … 579 580 581 … 1,112

Արխիւներ