Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

Մայիս 24, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Փեթարի Իսրօ


Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, ֆետայի, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Փեթարցի Իսրօ ծնած է 1885-ին, Սասնոյ լանջերուն գտնուող Փեթար փոքրիկ գիւղին մէջ: Իսրօ եղած է աղքատ ընտանիքի մը` անուս զաւակը, միայն ոչխար կ’արածէր:

Իսրոն երիտասարդ տարիքէն եղած է յանդուգն եւ հերոս ֆետայի: 1904-ին կը մասնակցի Սասնոյ բոլոր կռիւներուն: 1905-ին կ’անցնի Կովկաս ու կը մասնակցի թաթարներուն դէմ Շարուր-Դարալագեազի ու Զանգեզուրի կռիւներուն: Այնուհետեւ` Կարս, ապա զինուած կը վերադառնայ Սասուն: Մաս կը կազմէ Փեթարի Մանուկի տասնեակին:

1915-ին Սասնոյ ինքնապաշտպանութեան ան խիզախօրէն կը մարտնչի բոլոր ճակատներուն վրայ. ապա կրկին կ’անցնի Կովկաս, բայց հայ կամաւորներուն հետ կը վերադառնայ Տարօն:

«Որբ հաւաքենք, շիթիլ անենք Հայաստանի համար» ըսելով` Փեթարցի Իսրօ շուրջ հազար որբացած մանուկներ կը հաւաքէ աւերակուած տուներէ կամ քիւրտերու քովէ` դրամի կամ զէնքի ուժով ու զանոնք կը պատսպարէ որբանոցներուն մէջ:

Կը դառնայ Քաղաքներու միութեան պաշտօնեայ` ազատագրուած Տարօնի:

1918 մայիսին կը կռուի Ղարաքիլիսայի ճակատին վրայ: Անկախութեան շրջանին Մանուկի, Մուշեղի, Ախոյի, Չոլոյի, Թաթոյի ու միւս ընկերներուն հետ, Թալինէն սկսած մինչեւ Միլլի Ձոր, Աղուտ-Վաղուտ ու Զանգեզուր, Հայաստանը կը մաքրեն թաթար ու քիւրտ թշնամիներէն ու անոնց գիւղերուն մէջ կը տեղաւորեն Տարօնի գաղթականները:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Իսրոն չ’ուզեր հեռանալ Հայաստանէն: Կը հաստատուի Ալագեազի լանջին գտնուող գիւղի մը մէջ իր «տնկած շիթիլներուն» մօտ:

1938-ին զոհ կ՛երթայ իր կարգ մը ապերախտ որբերու դաւին ու կը սպաննուի հայ չեկիստներու կողմէ: Կը թաղուի Դաւթաշէն գիւղի ձորալանջին:

Փեթարի Մանուկ


Փեթարի կամ Փեթարայ Մանուկ.- Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, ֆետայի, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է Մշոյ դաշտի Փեթար գիւղը, ծննդեան թուականը ամենայն հաւանականութեամբ 1887 կը յիշատակուի:

Փեթարի Մանուկի մասին հիմնական կարգ մը տեղեկութիւններ կը պակսին. կրնանք ըսել, որ ան ուսումի տէր էր եւ ազգային-յեղափոխական իր կազմաւորումը ստացած էր Ս. Յովհաննու եւ Ս. Կարապետի վանքերուն մէջ: Մանուկը պատանի տարիքէն թրքական պետութեան դէմ յանուն ազատութեան եւ արդարութեան անվեհեր կռիւ մղած է: 1903-1904 թուականներուն Սասնոյ Բ. ապստամբութեան շրջանին Գէորգ Չաւուշի հաւատարիմ զինուորն է ան:

Փեթարի Մանուկի անուան եւ գործունէութեան վերաբերող յիշատակութիւնները անբաժան են Գէորգ Չաւուշի մղած կռիւներէն եւ հերոսական քայլերէն մինչեւ մայիս 1907` Գէորգ Չաւուշի նահատակութիւնը: 1907-էն ետք Փեթարայ Մանուկ փախստական կը մնայ Երկրի մէջ եւ Մշոյ դաշտի ու Սասնոյ լեռներուն վրայ կը ստանձնէ պահապան հրեշտակի պատասխանատուութիւնը: 1908-ին, օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Փեթարայ Մանուկ իբրեւ շրջուն գործիչ աշխատանքի կը կոչուի Սիմոն Զաւարեանի կողմէ:

Փեթարի Մանուկ 1915-ին ղեկավար դերակատարութիւն ունեցաւ Սասնոյ եւ Մշոյ դաշտի հայութեան ինքնապաշտպանութեան հերոսամարտերու կազմակերպման մէջ, մինչեւ որ սասունցիներու եւ մշեցիներու զանգուածային գաղթը առաջնորդեց դէպի Արեւելեան Հայաստան` Արագածի փէշերուն հանգրուանելով:

Այնուհետեւ զինուորական գործիչի եւ քաջ հրամանատարի բեղուն գործունէութեամբ յատկանշուեցան սասունցի Մանուկին վերապահուած կեանքի վերջին տարիները: Կամաւորական գունդերուն մէջ սասունցիներու հեծեալ զօրքին գլխաւոր առաջնորդներէն հանդիսացաւ, իբրեւ այդպիսին` մասնակցեցաւ 1918-ին Հայաստանի անկախութեան կերտման հերոսամարտերուն, կարեւոր ներդրում հայոց բանակի կազմութեան եւ ռազմական-կազմակերպական հզօրացման մէջ, գլխաւոր կերտիչներէն մէկը եղած է Հայաստանի հայացման պատմակշիռ գործին: Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները, յատկապէս 1920-ին մայիսմէկեան պոլշեւիկեան խռովութիւններէն ետք կազմուած Բիւրօ-կառավարութեան օրով, զինուորական նախարար Ռուբէնի կարգադրութեամբ, սասունցիներու ջոկատին վստահուեցաւ նախ զսպումը հայոց բանակը պառակտել փորձող ներքին խռովարարներուն եւ, այնուհետեւ, սեպտեմբերին, քեմալական ներխուժումին սատար կանգնած թուրք-թաթար բնակչութիւնը վնասազերծելու կարեւորագոյն գործը: Մայիսէն սեպտեմբեր երկարող այդ շրջանին Փեթարայ Մանուկ իր վերջին ծառայութիւնը մատուցեց հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին` անձնազոհաբար ղեկավարելով սասունցի քաջարի զինուորները կռուի տարբեր ճակատներուն վրայ:

Թրքական ոսոխին դէմ Մանուկի վերջին ճակատումը եղաւ սեպտեմբեր 1920-ին, Կողբի կռիւներուն, ուր Փեթարի Մանուկ ինկաւ ռազմի դաշտին վրայ 10 սեպտեմբերին` քաջաբար դիմադրելով ներխուժող թրքական զօրքին:

Զօր. Դանիէլ Բէկ Փիրումեան


Դանիէլ Բէկ Փիրումեան.- ռազմական գործիչ, Սարդարապատի ճակատամարտի գլխաւոր հրամանատար, ազգային հերոս, ռուսական բանակի գնդապետ (1915 թ.):

Ծնած է 22 նոյեմբեր 1861-ին, Արցախի Խաչէն գաւառի Նախիջեւանիկ գիւղը: Աւարտած է Շուշիի քաղաքային ուսումնարանը: Սորված է Թիֆլիսի հետեւակային իւնկերական ուսումնարանը, աւարտած է Օրանիենպաումի (այժմ` քաղաք Լոմոնոսով,  Ս. Փեթերսպուրկի մարզ) սպայական հրաձգային դպրոցի դասընթացը (1913): Ռուս բանակին մէջ ծառայած է 1881-ին: Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ կռուած է Կովկասեան ռազմաճակատին վրայ, եղած է գումարտակի, գունդի հրամանատար:

1918 մայիսին թրքական յառաջապահ ջոկատները կ՛արշաւեն դէպի Սարդարապատ կայարան` հոնկէ մօտենալով Էջմիածինին: Հայութեան համար այդ օրհասական պահուն վճռական դեր կը խաղան Դանիէլ Բէկ Փիրումեանի ռազմաճակատային մեծ փորձը եւ ուժեղ կամքի յատկանիշները: Բացառիկ եղած է Դանիէլ Բէկ Փիրումեանի դերակատարումը Սարդարապատի ճակատամարտի յաղթանակի կերտման մէջ, ուր ան փաստացի հանդիսացած է այդ ուղղութեան հայկական զօրամիաւորումներու ընդհանուր հրամանատարը:

Հետեւաբար, 26 մայիս 1918-ին Սարդարապատի ճակատամարտին, իբրեւ զօրամիաւորումի ընդհանուր հրամանատար, ցուցաբերած է զօրավարական հմտութիւն եւ արիութիւն` ռազմաճակատի կեդրոնական հատուածին մէջ ջախջախելով եւ ետ շպրտելով թուրքերը եւ ապահովելով յաղթանակ:

1918-ին 57 տարեկան Դանիէլ Բէկ Փիրումեանին շնորհուած է զօրավար-հազարապետի կոչում: Նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան օրով ան առաջիններէն մէկն էր, որ պաշտօնապէս ստացած է այդ կոչումը:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան տարիներուն Դանիէլ Բէկ Փիրումեան տարբեր պաշտօններ զբաղեցուցած է Հայաստանի ռազմական գերատեսչութեան մէջ: 1919-ին վերջը ան ստացած է զօրավար-տեղակալի կոչում եւ նշանակուած` Կարսի բերդի պարետ: Դժբախտաբար ինքնաշարժի արկածի մը պատճառով ան մարմնական մեծ վնասներ կրած է, որուն պատճառով ալ չէ կարողացած պատշաճ ձեւով կազմակերպել Կարսի բերդի եւ Կարսի ճակատի ինքնապաշտպանութիւնը 1920-ի աշնան կայացած թուրք-հայկական պատերազմի ժամանակ: Իսկ 30 հոկտեմբեր 1920-ին թուրքերու կողմէ Կարսի անառիկ բերդի գրաւումի ժամանակ գերի ինկած է: 1921 յունուարին զայն տեղափոխած են Ալեքսանդրապոլ (այժմ` Գիւմրի), ապա յանձնած` ռուսական 11-րդ Կարմիր բանակի ներկայացուցիչներուն:

1921-ին, Հայաստանի խորհրդայնացումէն  ետք Դանիէլ Բէկ Փիրումեան հայ բարձրաստիճան այլ սպաներու հետ պոլշեւիկներու կողմէ գնդակահարուած է Ղարաքիալիսա-Դիլիջան ճանապարհին: Այնուհետեւ զօրավարին դիակը հնարաւոր  եղած է գաղտնի տեղափոխել Էջմիածին եւ թաղել Սուրբ Գայեանէի վանքին կից գերեզմանատունը:

Պօղոս Բէկ Փիրումեան


Պօղոս Բէկ Փիրումեան (Փիրումով).- Ռազմական գործիչ, ռուսական բանակի գնդապետ:

Ծնած է 1862-ին, Արցախի Խաչէնի Նախիջեւանիկ գիւղը:

Դանիէլ Ա. Փիրումեանի հօրեղբօրորդին: 1874-ին աւարտած է Շուշիի զինուորական ուսումնարանը եւ 1878-ին` Թիֆլիսի ռազմական ուսումնարանը: 1878-ին ծառայած է ռուսական բանակին մէջ:

Մինչեւ Ա. Համաշխարհային պատերազմը, Պօղոս Բէկ Փիրումեանը, ծառայելով ռուսական բանակին մէջ, հասած է գունդի հրամանատարի աստիճանի` գնդապետի զինուորական կոչումով: Ան ծառայած է Ալեքսանդրապոլի (այժմ` Գիւմրի) մէջ, ապա` Արտահանի մէջ տեղակայուած զօրամասերու մէջ, ի վերջոյ տեղափոխուած է Ծայրագոյն Արեւելք: Պօղոս Բէկ Փիրումեանը պատերազմի առաջին տարիներուն` մինչեւ 1916, կռուեցաւ Արեւմտեան ռազմաճակատին վրայ: 1916-ին տեղափոխուած է Կովկասեան ճակատ եւ նշանակուած` հայկական հինգերորդ հրաձգային գունդի հրամանատար, որուն անձնակազմը հիմնականին մէջ համալրուած էր արցախցիներով: Գունդը ծանր մարտերով 1917-ին նահանջեց Մշոյ դաշտէն եւ հաստատուեցաւ Նոր Պայազետի շրջանը: Իր հինգերորդ հրաձգային գունդը, ստացաւ Մահապարտներու գունդ անուանումը:

Պօղոս Բէկ Փիրումեան` իբրեւ Ղարաբաղի մահապարտներու 5-րդ գունդի հրամանատար,  մասնակցած է 1918 մայիսեան հերոսամարտին: Անոր հարուածային գունդը վճռեց մարտի ելքը եւ, այդ առումով, կարեւոր դեր խաղցաւ թրքական զօրքի ջախջախումի գործին մէջ: 5-րդ գունդը Սարդարապատի ճակատամարտին մարտական իսկական սխրանքներ գործեց: Պօղոս Բէկ Փիրումեան եւ իր գունդի մարտիկներուն դրսեւորած խիզախութիւնն ու անձնազոհութիւնը անուրանալի եղած է:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակումէն ետք Պօղոս Բէկ Փիրումեանը զօրավար-հազարապետի զինուորական կոչումով ծառայութեան անցաւ հայկական բանակին մէջ:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք պոլշեւիկները ամէն ինչ ըրին հայութիւնը թուլացնելու եւ բարոյալքելու համար: Անոնք ձերբակալեցին հայկական բանակի հարիւրաւոր սպաներ եւ շոգեկառքով ուղարկեցին Պաքու, ուր անոնց զանազան չարչարանքներու ենթարկեցին:

Հետեւաբար, Պօղոս Բէկ Փիրումեան 1921-ին, չդիմանալով այլեւս պոլշեւիկեան իշխանութիւններու բռնութիւններուն եւ արհաւիրքներուն, Երեւանի մէջ ինքնասպան եղաւ:

Քրիստափոր Փիրումով


Քրիստափոր Փիրումով ծնած է 1895-ին,  Ելիզավետպոլի (Գանձակ) նահանգի Շուշի քաղաքը: Ուսանած եւ աւարտած է Քիեւի համալսարանի բժշկական բաժանմունքը: 1917-ին զինուորական ծառայութեան մէջ եղած է: Մասնակցած է Ա. Համաշխարհային պատերազմին, սկիզբը` Հարաւարեւմտեան ռազմաճակատին վրայ, իսկ 1918-ին տեղափոխուած է Անդրկովկաս` Կովկասեան ռազմաճակատ:

Փիրումով` իբրեւ զինուորական բժիշկ,  մասնակցած է Սարդարապատի ճակատամարտին: Բժիշկի պահանջը հայկական զօրամասի մէջ մեծ էր: Մասնագիտութեամբ վարակաբան էր, բայց Ա. Համաշխարհային պատերազմին մասնակցած է իբրեւ ընդհանուր մասնագէտ բժիշկ եւ, առաջին հերթին, որպէս վիրաբուժ: Զինուորական բժիշկները ցարական բանակի անձնակազմի պատասխանատու սպայի համազգեստ կրած են, միայն ուսադիրներու վրայ սպիտակ գիծեր կային: Փիրումովի ուսադիրներու վրայ մէկ սպիտակ գիծ եղած է. ան զինուորական աստիճանով զօրագլուխ էր: Մասնակցած է նաեւ գերմանա-խորհրդային պատերազմին` «Հայրենական մեծ պատերազմ»-ին (22 յունիս 1941 – 9 մայիս 1945): Ունի բազմաթիւ մետալներ եւ շքանշաններ:

Քրիստափոր Փիրումով կը մահանայ 1985-ին:

(Շար. 25 եւ վերջ)

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (24 Մայիս 1969)

Յաջորդը

Երբ Կը Հաւատանք…

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?