Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համշէնահա՞յ, Թէ Համշէնցի

Մայիս 23, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Համշէնը վերջին տասնամեակի ընթացքին դարձաւ բաւական տաք նիւթ մը` թէ՛ հայաստանեան, թէ՛ սփիւռքեան, թէ՛ մասամբ նաեւ պոլսահայ լրատուական դաշտի մէջ: «Համշէն», «համշէնահայ» եւ «համշէնահայութիւն» բառերը սկսան գործածուելու աւելի յաճախակիօրէն, այդ նիւթով յօդուածներ գրուեցան, ձեռնարկներ ու դասախօսութիւններ կազմակերպուեցան, փոխադարձ այցելութիւններ ու մշակութային ծրագիրներ իրականացան…

Այս նիւթով հետաքրքրուողներուն համար, յատկապէս Հայաստանի եւ սփիւռքի գաղութներու մէջ, հիմնական միտքը, շատ պարզացուած եթէ ըսենք, հետեւեալն է. «Համշէն անունով շրջանի մը մէջ կան հինէն իսլամացած հայեր, որոնք դեռ հայերէն կը խօսին եւ իրականութեան մէջ գաղտնի հայեր են»:

Հոս արդէն կը ծագին մարդիկ դասակարգելու, անոնց ինքնութիւնը հեռուէն-դուրսէն որոշելու, եւ տրուած «համշէնահայ» բնորոշման նոյն այդ մարդոց իրականութեան հետ կապ ունենալ-չունենալու հարցերը:

Այլ խօսքով, իսկապէս հայե՞ր են Համշէնի հայախօս եւ հայկական արմատներ ունեցող բնակիչները: Զիրենք համշէնահայ կոչելը ճի՞շդ է:

Երբեմն այս հարցումները ինծի կ՛ուղղեն բարեկամներ, որոնք կը մտածեն, որ ես իմ ուսումնասիրութիւններուս պատճառով ճշգրիտ պատասխան մը պիտի ունենամ: Իրականութեան մէջ, սակայն, պարզունակ ու սխալ են այդ հարցումները, որովհետեւ չունին եւ չե՛ն կրնար ունենալ մէ՛կ պատասխան:

Կարելի չէ խօսիլ բոլո՛ր համշէնցիներու անունով եւ յստակօրէն ըսել, թէ անոնք բոլորը հա՛յ են կամ չեն:

Համշէնցիներուն մէջ կա՛ն հայեր, բայց բոլորը չէ, որ հայ են:

Այստեղ, երբ «հայ» կ՛ըսեմ, գիտական, ցեղային, ծագումնաբանական դասակարգի մը մասին չեմ խօսիր, այլ` ինքնութեան: Իսկ ինքնութիւնը միշտ ալ կամաւոր է: Մարդ հայ է, եթէ այդպէս կը զգայ, եթէ այդպէս կը վարուի, եթէ այդպէս կը դիրքաւորէ ինքզինք հասարակութեան մէջ:

Ուրիշ խօսքով, ոչ ոք, ոչ իսկ ուսումնասիրողը, կրնայ որոշել, թէ համշէնցիք հա՞յ են, թէ՞ ոչ: Միակ բանը, որ կրնայ ընել, անոնց հարցնելը, անոնցմէ լսելը, եւ ըստ այնմ պատկերացում ձեւաւորելն է:

Ես հանդիպած եմ երեք տեսակի համշէնցիներու:

Առաջին` համշէնահայեր: Ասոնք անոնք են, թիւով` ոչ շատ մեծ, որոնք հիմնուելով իրենց պատմական գիտելիքներու եւ համշէներէնին հայերէնի բարբառ ըլլալու իրականութեան վրայ` իրենք զիրենք կը նկատեն հայ հաւաքականութեան, հայկական մշակոյթի եւ հայոց պատմութեան մէկ մասնիկը: Բացայայտօրէն կը խօսին այս մասին, կապի մէջ կը մտնեն Թուրքիոյ մէջ թէ այլուր գտնուող «սովորական» հայերու հետ, եւ իրենք զիրենք կը ներկայացնեն որպէս հայեր:

Երկրորդ` թուրք համշէնցիներ: Ասոնք անոնք են, որոնք կը հաւատան, որ արմատներով թուրք ցեղերէ կը սերին: Յաճախ կը մերժեն որեւէ կապ տեսնել իրենց խօսած լեզուի ու հայերէնի հետ` յղում ընելով որոշ կեղծ-գիտական աշխատութիւններու, որոնք, խրախուսուած պետութեան կողմէ, համշէներէնը կը փորձեն ներկայացնել որպէս հին թրքերէնի բարբառ: Այս մարդիկ յաճախ շատ խիստ կ՛արձագանգեն համշէնցիներու հայկական ծագում ունենալու մասին պատումներուն ու բացասաբար կը վերաբերին առաջին տեսակի համշէնցիներուն, այսինքն համշէնահայերուն հանդէպ:

Երրորդ` պարզապէս «համշէնցիներ»: Ասոնք հաւանաբար մեծամասնութիւն կը կազմեն: Անոնք են, որոնք իրենք զիրենք ո՛չ հայ եւ ո՛չ ալ թուրք կը սեպեն ու կը զգան: Կը նախընտրեն իրենք զիրենք դասակարգել պարզապէս որպէս համշէնցի` վերջինս տեղայնական-աշխարհագրական դասակարգումէ վերածելով ազգային դասակարգումի: Յաճախ չեն դրժեր հայկական անցեալ մը ունենալու հաւանականութիւնը, բայց կը փաստարկեն, որ մշակութային եւ ինքնութեան առումներով այնքան կղզիացած ու հեռացած են հայերէն, որ ստեղծած են իրենց ինքնուրոյն տեսակն ու ինքնութիւնը` համշէնցիութիւնը:

Առայժմ այսքան. յաջորդիւ կ՛անցնիմ օրինակներու ու դրուագներու:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Նշմար` Մարզական Ոգիով. Ո՞վ Կ՛արգիլէ…

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?