Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եռեակ Ջիղի Ջղացաւ Trigeminal Neuralgia

Մայիս 23, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

«Եռեակ ջիղի ջղացաւ»-ը ջղախտաբանական (neuropathic) հիւանդութիւն մըն է, որ կը յառաջանայ եռեակ ջիղի ախտահարումով: Ան կը յատկանշուի դէմքին կամ բերանախոռոչի մակերեսին վրայ նոպայական, ուժգին, հարուածային, այրուածքային, ճնշիչ եւ ելեկտրանման ցաւի գերզգացողականութեամբ: Ան կը կոչուի ցաւագին դիմացունց (tic douloureux):

«Եռեակ ջիղի ջղացաւ»-ը յաճախակիօրէն տեսնուած հիւանդութիւն մըն է: Ան կը յայտնուի ընդհանրապէս 50 տարեկանէն ետք եւ առաւելաբար` կիներուն մօտ:

Ամէն էակ ունի երկու եռեակ ջիղեր (trigeminal nerves): Իւրաքանչիւր եռեակ ջիղ ծնունդ կ՛առնէ ուղեղէն եւ գանկէն դուրս կու գայ` անցնելով ոսկրային նեղանցքէ մը: Գանկէն դուրս ելլելէ ետք եռեակ ջիղը կը ճիւղաւորուի երեք բաժիններու` ակնային ջիղ (ophthalmic nerve), այտոսկրային-վերի ծնօտի ջիղ (maxillary nerve) եւ ստորին ծնօտի ջիղ (mandibular nerve): Եռեակ անուանումը եղած է` համաձայն ջիղին երեք ճիւղերուն:  Ուրեմն գոյութիւն ունին երկու ակնային, երկու վերի ծնօտի եւ երկու ստորին ծնօտի ջիղեր:

Եռեակ ջիղը ուղեղի 12 ջիղերէն մէկն է: Ան կը կոչուի ուղեղի հինգերորդ ջիղ:

Եռեակ ջիղը ունի բնախօսական (physiologic) երկու գործունէութիւն` զգացողական (sensory) եւ շարժիչ (motor):

Ա.- Զգացողական գործունէութիւնը կը հիմնաւորուի ամբողջ բերանախոռոչի մակերեսին եւ դէմքին վրայ ճնշումի, ջերմութեան եւ ցաւի զգացողութիւններու ընկալումով, այսինքն եռեակ ջիղը կը հաղորդէ այս զգացողութիւնները երեսի վերին, միջին եւ վարի բաժիններէն ինչպէս նաեւ բերանախոռոչէն  դէպի ուղեղ:

Ակնային ջիղը զգացողութիւնները կը հաղորդէ գլխու մակերեսէն  եւ ճակատէն: Այտոսկրային-վերի ծնօտի ջիղը զգացողութիւնները կը հաղորդէ վերի շրթունքէն, ակռաներէն, լինտէն եւ քիթէն: Ստորին ծնօտի ջիղը

զգացողութիւնները կը հաղորդէ կզակէն, վարի լինտէն, ակռաներէն եւ շրթունքէն:

Բ.- Շարժիչ գործունէութիւնը կը հիմնաւորուի մասնաւորապէս ծամելու, խածնելու եւ կլլելու ութ մկաններու շարժումնային գործողութիւններով: Շարժիչ ջիղերը կը գտնուին ստորին ծնօտի բաժանմունքին մէջ:

Դէմքի արտայայտութեան հետ առնչուող մկաններու գործունէութիւնը ոչ մէկ կապ ունի եռեակ ջիղին հետ:

Եռեակ ջիղ եւ երեք բաժինները

Եռեակ ջիղի երեք բաժանմունքներէն մէկը առանձնաբար, երկուքը միասին եւ կամ երեքը միասին կրնան ախտահարուիլ: Ընդհանրապէս վերի եւ վարի ծնօտային ջիղերն են, որոնք կ՛ախտահարուին առանձնաբար կամ միասին:

Տեսնուած է, որ նախ երեք ջիղերէն մէկը կ՛ախտահարուի եւ տարիներ ետք մնացեալ երկու ջիղերն ալ կ՛ենթարկուին նոյն ճակատագրին:

Ջղացաւը կը պատահի այն վայրերուն մէջ, ուր ջիղին ծայրամասերը կը գտնուին, մասնաւորապէս` ականջին, աչքերուն, շրթունքներուն,  քիթին, ճակատին, այտերուն, ակռաներուն, ծնօտին եւ դէմքին վրայ:

«Եռեակ ջիղի ջղացաւ»-ի նոպայական ցաւը ընդհանրապէս միակողմանի է եւ  կը տեւէ քանի մը երկվայրկեանէն մինչեւ քանի մը վայրկեան: Ան կրնայ կրկնուիլ քանի մը անգամ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ: Նոյնիսկ մէկ օրուան ընթացքին ան կրնայ հարիւր անգամ կրկնուիլ: Յաճախ այս հիւանդութենէն տառապող անձը շաբաթներով ցաւազերծ վիճակ կ՛ունենայ: Ընդհանուր առմամբ նոպայական ցաւը ժամանակի ընթացքին մագլցում կ՛արձանագրէ: Ան անյաղթահարելի, անհանգստացուցիչ, նեղացուցիչ եւ յամառ ցաւ մըն է: Յաճախ անոր կ՛ուղեկցին հետեւեալ ախտանշանները`  դէմքի կարմրութիւն, աչքերու արցունքոտութիւն եւ քիթի հոսք:

Եռեակ ջիղը կ՛ախտահարուի երկու ձեւերով` ախտաբանական յստակ պատճառներով եւ հիւանդութիւններով ու անյայտ պատճառներով:

Ախտաբանական պատճառներն են`

ա.- Եռեակ ջիղի ճնշում, որ կը յառաջանայ հետեւեալ ախտաբանական երեւոյթներով` եռեակ ջիղի նեղանցքին նեղացում, ներուղեղային անօթային (vascular) ծաւալում, ներուղեղային ուռ եւ ներուղեղային անօթային անբնական կազմուածք: Եռեակ ջիղը կը վնասուի այս չորս ախտաբանական կացութիւններու ճնշումով: Սկզբնական շրջանին ջիղը կը գրգռուի, անոր բջիջները գերաշխատանքի կը մատնուին եւ տեղի կ՛ունենայ ջղացաւը: Ժամանակի ընթացքին ջղացաւի կրկնութիւններով ջղաբջիջները կը կորսնցնեն իրենց աշխուժութիւնը:

բ.- Եռեակ ջիղի ներգրաւումը (involvement) եւ ախտահարումը զանազան հիւանդութիւններով եւ անբնական կացութիւններով`

  1. Տարածուն կարծրախտ (multiple-disseminated sclerosis – M.S.) կոչուած ջղախտական հիւանդութիւն, որ կը յատկանշուի ջղային հիւսուածքներու բծաւոր կարծրացումով եւ հետեւեալ ախտանշաններով` մարմնական անհաւասարակշռութիւն, մկանային տկարութիւն եւ թուլութիւն ու զանազան ջղային ախտանշաններով:
  2. Սողնախտագօտի (herpes zoster), որ ժահրային մորթային հիւանդութիւն մըն է եւ կը հարուածէ նաեւ մարմնի որոշ ջիղերը:
  3. Շաքարախտ, որ կը յառաջացնէ ընդհանուր ջղախտաբանական տկարութիւն:
  4. Տարեցութիւն, երբ անօթային մասնակի խցումով ջիղին արեան մատակարարումը կը նուազի.
  5. Ուղեղային կաթուած:

գ.- Վերին եւ ստորին ծնօտային բաժանմունքներուն հարուած-վնաս, որ կը պատահի հետեւեալ պատճառներով` քիթի խոռոչներու եւ բերանի վիրաբուժական վիրահատումներ ու դէմքի արտաքին հարուած վնաս:

Ստորին ջիղին հարուած-վնասով կը յառաջանայ ջիղին անդամալուծութիւնը, որ կը յայտնուի կլլելու, ծամելու եւ խածնելու դժուարութեամբ:

«Եռեակ ջիղի ջղացաւ»-ը ունի զանազան տեսակի գրգիռներ (stimuli) եւ  յարուցիչներ (triggers): Նկատուած գրգիռներ եւ յարուցիչներ են` կերակուր ուտել, հեղուկ խմել, խօսիլ, ածիլուիլ եւ ակռաները խոզանակել: Օդի զօրաւոր հոսանք, հով եւ բարձր ձայնով խօսակցութիւն կը վատթարացնեն այս ջղացաւը: Յաճախ նուազագոյն ճնշում մը դէմքին որոշ մէկ մասին վրայ կը յարուցէ «եռեակ ջիղի ջղացաւ»-ը:

«Եռեակ ջիղի ջղացաւ»-ի ախտաճանաչումը կը կատարուի հետեւեալ գործընթացով.

  1. Լսել հիւանդը եւ իմանալ անոր ջղացաւին նկարագրականը,
  2. Կատարել ուղեղի անօթային գունաւոր նկարում (angiography), ելեկտրա-ուղեղագրութիւն (EEG-electroencephalography), գանկի ու ծնօտներու պարզ նկարումներ, արեան քննութիւններ եւ ուղեղի մագնիս-արձագանգային նկարում (Magnetic Resonance Imaging-MRI) գիտնալու համար ուղեղային ուռի մը կամ տարածուն կարծրախտ հիւանդութեան գոյութիւնը:

«Եռեակ ջիղի ջղացաւ»-ի դարմանումը կը կատարուի զանազան միջոցառումներով`

  1. Դեղադարմանում` զօրաւոր ցաւազերծող դեղեր, օրինակ` morphine եւ անոր համազօր ուրիշ ցաւաբեկ դեղեր, հակացնցումնային (anticonvulsant) եւ հակաճնշուածային (antidepressant) դեղեր, հանդարտեցուցիչներ եւ ջիղի սրսկում` ալքոլ պարունակող որոշ հեղուկներով:
  2. Վիրաբուժական միջոցառումներ` ջիղին վրայ ճնշում բանեցնող ազդակներու վերացում, ջիղի հատում (rhizotomy) եւ նեղանցքի լայնացում: Ջիղի հատումը կրնայ յառաջացնել որոշ բարդութիւններ, օրինակ` բերնի եւ դէմքի զգացողութեան կորուստ եւ թմրութիւն:
  3. Կողմնակի լրացուցիչ դարմանամիջոցներ` կենսանիւթեր, հոգեբուժական միջոցներ եւ ասեղնաբուժութիւն (acupuncture):

Մոնրէալ

 

Նախորդը

Կարսի Մէջ Գանձագողերը Կ՛ոչնչացնեն Հայկական Գերեզմանները

Յաջորդը

Հայկականութեան Նոր Ճարտարապետութիւն Կերտելու Մասին

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?