Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մայիսի Այժմեան Խոհեր

May 23, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մայիսը իւրայատուկ ու եզակի ամիս մըն է հայորդիին համար:

Փա՛ռք ու պատիւ, պարծանք եւ յաղթանակ… Այսպէս կը նշուի մայիսը: Ազգային արժէքները կազմաւորող, ուրուագծող եւ բիւրեղացնող ամիսն է մայիսը: Պետական ամուր կառոյց, ուղղամիտ ղեկավարութիւն, պաշտպանութիւն եւ բանակ:

Այսպէս, դեռ հազիւ երկու շաբաթ առաջ նշեցինք Շուշիի ազատագրման 27-ամեակը, որ անկիւնադարձային եւ վճռական ազդեցութիւն ունեցաւ Արցախի ազատագրութեան գործընթացին վրայ: Իսկ հազիւ տարի մը առաջ նշուեցաւ Ա. հանրապետութեան հարիւրամեակը: Յիշատակելի եւ անմոռանալի օր մը, որ դարերով օտարի լուծին տակ մնալէ ետք, առիթ ընծայած էր հայորդիին, որպէսզի ազատ ու անկախ ապրի, շնչէ եւ գործէ:

Պարզ ու մեկին, կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն երանգներուն ամիսն է մայիսը: Եւ այդ երեքը պարզ գոյներ եւ ներկ չեն, այլ երկիր մը` կերտուած արեան ճամբով, չքնաղ երկինքին տակ եւ սուրբ հողին կառչած:

Այո՛, 28 մայիս 1918-ին ծնունդ առած Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը հազիւ երկուքուկէս տարուան ժամանակաշրջանի մը մէջ, իր վիթխարի իրագործումներով, խոր ու անմոռանալի հետքեր ձգեց հայոց պատմութեան էջերուն մէջ: Մայիսեան այդ զանգերու ղօղանջն ալ ցայսօր զիլ ձայնով կը հնչէ` շարունակ արձագանգելով հայորդիին մէջ եւ իրերայաջորդ սերունդներուն փոխանցելով անկախ Հայաստանի քայլերգը:

Տեղին է մի՛շտ ալ շեշտել, որ անբացատրելիօրէն դժուար ու դաժան պայմաններու մէջ ծնունդ առաւ այդ առաջին հանրապետութիւնը` դէմ յանդիման գալով դրացի թշնամիներու ճակատումներուն, տնտեսական դժուարութիւններուն, հազարաւոր գաղթականներուն եւ անոնց հետեւանք` համատարած սովին:

Այսօր, մայիս 2019-ին, տարբեր կացութիւն մը ստեղծուած է հայրենիքէն ներս: Խաթարուած է հարիւր տարի առաջուան հերոսներուն յղած պատգամը: Վերստին անկախացած Հայաստանը այսօ՛ր ալ պատերազմական վիճակի մէջ կը գտնուի` իր դէմ թշնամի ունենալով թուրքն ու ազերին, որոնք ամէն գնով կը փորձեն ճնշում բանեցնել: Հոս է, որ հայորդին սկսած է չգիտակցիլ, չնկատել, թէ կացութիւնը որքան ծանրակշիռ ու պայթուցիկ է, եւ դժբախտաբար Երեւանի փողոցներուն մէջ եւ նոյնիսկ բեմահարթակներուն վրայ ամբոխավարութիւնն է, որ փոխարինած է ժողովրդավարութիւնը:

Թաւշեայ յեղափոխութենէն աւելի քան տարի մը ետք, փոխանակ լրջօրէն քայլ պահելու երկիրը յուզող հարցերուն հետ, երկրորդական հարցերու շուրջ ո՛չ միայն բիւզանդական վիճաբանութիւններ կամ հաւաքներ տեղի կ՛ունենան, այլ նաեւ ցոյցեր… անտէր ու անտիրական ցոյցեր, ուր դժուար է նոյնիսկ զանազանել ամբոխը` խուլիկանէն:

Այսպէս աղաւաղուած է Սարդարապատի ճակատամարտն ու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծումը մարմնաւորող «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար» խօսքն ալ:

Ժամանակը հասած է, որ այս խօսքի ետին կանգնող «խենթեր»-ն ու անոնց կատարած «խենթութիւն»-ները փոխարինեն խուլիկաններն ու անոնց կատարած քանդիչ եւ աւերիչ խուլիկանութիւնները:

Ուստի, առանց յապաղումի … սթափումի եւ զգաստացումի զանգեր ղօղանջել:

 

Նախորդը

Հայկականութեան Նոր Ճարտարապետութիւն Կերտելու Մասին

Յաջորդը

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Երբ Անհանդուրժողութիւնը Կը Դարձնեն Հանդուրժելի

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.