Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի Յիշատակ Լեւոն Ճերմակեանին

May 25, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ՏԷՐՈՒՆԵԱՆ       

Մանկութենէս յաճախած եմ   հանրածանօթ «Ոսկեդար» գրախանութը: 1980-ական տարիներուն, նախակրթարանի դասարաններէն ի վեր, Մեսրոպեան վարժարանէն արձակուելէս ետք, գրեթէ ամէն օր կ՛անցնէի «Ոսկեդար»-ին առջեւէն: Փայլուն ապակեայ փեղկերով, շլացուցիչ գիրքերով լեցուն «Ոսկեդար»-ը մշտապէս գրաւած էր զիս:  Միշտ յափշտակուած  կը դիտէի ցուցափեղկին մէջ ցուցադրուած գիքերը: Այնքան կը սիրէի գրապահարանին ներքեւ զետեղուած գիրքերը: Պատանի տարիքէս սկսայ մտնել գրատուն եւ կամաց-կամաց հարստացնել տանս գրադարանը: Ծանօթացայ Լեւոն Ճերմակեանին, ան անպայման hամապարփակ  բացատրութիւն մը կու տար ինծի զիս հետաքրքրող իւրաքանչիւր գիրքի մասին: Ուսուցիչիս տեղեկութիւններուն կողքին, Լեւոնը այնչափ լրացուցիչ տեղեկութիւններ ինծի կու տար, որ այդ գրատունը ինծի համար դարձած էր հարստացուցիչ երկրորդ դպրոց մը: Այդ ժամանակէն համոզուած էի, որ Լեւոնը պարզ անձ մը չէր: Ինծի համար ան  շատ բան գիտցող «Մեծ» մտաւորականն էր: «Ոսկեդար»-էն էր, որ ունեցայ Larousse, Chronique de L՛Humanité, Chronique du 20ème siècle, Dictionaire du Cinema, Jules Verne հայերէն եւ օտար հատորներ… Տարիներու ընթացքին մեր յարաբերութիւնը զարգացաւ, եւ մենք դարձանք մտերիմ բարեկամներ: Յաճախ կ՛այցելէի «Ոսկեդար», եւ կը զրուցէինք զանազան ազգային հասարակական նիւթերու շուրջ: Ան շատ հետաքրքրուած էր իմ տարած որբաշխարհի աշխատանքովս եւ միշտ ինծի կու տար իր օգտաշատ խրատները: Ան միշտ կը պնդէր, որ անպայման գիրք մը հրատարակեմ: Կ՛ըսէր. որ` «Եթէ գիրք մը հրատարակես, կ՛անմահանաս»: Կը փափաքէր, որ իր հօրը` Նազարէթ Աքօղլանեանի, որբանոցներու յուշերը տպուին եւ աշխատանք մը արդէն պատրաստած էր այս ուղղութեամբ: Շաբաթ օրերը անպայման կը հանդիպէի «Ոսկեդար» եւ հոն միշտ կը գտնէի հայասէր կամ հայագէտ օտարներ կամ հայ սփիւռքէն հիւրեր, որոնք եկած կ՛ըլլային հազուագիւտ գիրքեր գտնելու կամ ալ հետը լիբանահայութեան մասին զրուցելու: Վերջին տարիներուն, մեր յարաբերութիւնները հասած էին հօր եւ զաւակի մակարդակին: Հայրս ըլլար կարծես: Այո՛, երկրորդ հայրս: Վերջին ամիսները սկսած էր անհանգստութիւններ ունենալ, գրատունը բանալ միայն շաբաթ օրերը, բայց բնաւ չէր գանգատեր, միշտ կը ժպտէր ու կ՛ըսէր` «լաւ կ՛ըլլայ»: Իսկ վերջին ամիսը նոյնիսկ շաբաթ օրը չկրցաւ գրատունը բանալ… Ականջներուս մէջ կը կրկնուի իր վերջին խօսքը` մահուան անկողինին մէջէն. տարիքն ու հիւանդութիւնը չէին ազդած ո՛չ իր ձայնին վրայ եւ ո՛չ ալ իր լաւատեսութեան վրայ: Վերջին ձայնատուփը իր խանդավառ բարձր ձայնը, հայրական սիրով լեցուն ձայնը նորանոր անգամներով մտիկ կ՛ընեմ. « Սիրելի՛ Կարօ, նմանապէս ե՛ս կարօտցայ զրուցելը: Խօսելիք բաւական նիւթեր կան: Կը յուսամ, որ այս շաբաթ օրը կը տեսնուինք»:

Արցունքոտ աչքերով իմացայ Լեւոնին մահուան գոյժը: Շաբաթէ շաբաթ սկսած եմ զգալ իր առ յաւէտ բացակայութիւնը: Պուրճ Համուտը պարապ է առանց քեզի, Լեւո՛ն»

 

 

 

 

Նախորդը

Յարգանք Ու Սէր Բոլորին…

Յաջորդը

Լիբանանահայ Մշակութային Եւ Հասարակական Կեանքին Վրայ Իր Դրոշմը Ձգած Համեստ Մշակը` Դոկտ. Լեւոն Ճերմակեան

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ. Լիբանանի Ապագան` Ընտրական Հաշուարկներու, Տարածաշրջանային Հակամարտութեան Եւ Դիւանագիտական Բանակցութիւններու Խաչմերուկին Վրայ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.