Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մտորումներ «Կարկաչ»-ի Աշակերտական Համերգին Առիթով. Կոմիտասեան Յուզմունք

Մայիս 24, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐ. ՆՇԱՆ ՊԱԳԱԼԵԱՆ

Մեր հայ վարժարաններուն մէջ, եթէ տակաւին «մերը» կը սեպենք զանոնք, հիմնական պայքար մը կը մղուի հայ մշակոյթի պահպանումին եւ հայ մարդու կերտումին համար: Հայ սփիւռքի տարածքին վրայ ա՛յս է գլխաւոր հրամայականը, եւ իւրաքանչիւր հայ վարժարան այս գոյամարտին մէջ իր իւրայատուկ դերն ու պատասխանատուութիւնը ունի: Հայ գոյատեւումի այս դաժանացող պայքարին մէջ բոլորս զիտակից ենք, ոչ թէ մրցակից` մեր մշակութային ժառանգութեան պահպանման ու փոխանցումի առաքելութեան մէջ:

Այսօր այդ ժառանգութեան մէջ թաքնուած կը մնայ… Կոմիտասը: Ինչո՞ւ…

Վերջերս առիթը ունեցայ ներկայ գտնուելու Համազգայինի «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբի ելոյթին` խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի եւ նուագակցութեամբ Լիանա Յարութիւնեանի: Այն օրը Միացեալ վարժարանի սրահը կը յորդէր 450 աշակերտներով` զանազան հայ վարժարաններէ եկած` «Կարկաչ»-ի այս միակ աշակերտական համերգին: Իմ խանդավառութիւնս աւելի բարձրացաւ, երբ մտածեցի, որ այս հայ աշակերտներուն ականջները պիտի լեցուին Կոմիտասով եւ Թումանեանով, այսինքն` իրենց սեփական մշակութային հարստութիւնով:

«Պարոն Զաքար»-ը ներկայացուց համերգին ծրագիրը եւ հրաւիրեց աշակերտները իրենց  ուշադրութիւնը կեդրոնացնել այս համերգի նպատակին վրայ, այսինքն չորս մեծանուն հայերու` Կոմիտասի, Յովհաննէս Թումանեանի, Լեւոն Շանթի եւ Երուանդ Օտեանի ծննդեան 150-ամեակին: Մատչելի ձեւով անոնց բացատրեց Կոմիտասի տեղն ու կարեւորութիւնը հայ մշակոյթին եւ առանձնապէս երաժշտութեան մէջ: Ինծի համար Կոմիտասին կեանքը բազում յուզիչ կողմեր ունի, մանաւանդ` իր ոչ հայախօս մեծնալը (Իրը` պարտադիր էր, իր բնակած թրքական միջավայրի ճնշումներուն պատճառով, իսկ իմս յիսունական թուականներու ամերիկեան ընկերային ճնշումներու պատճառով էր):

Ընկերս` Զաքարը, համերգէն առաջ մօտեցաւ եւ իմացուց, որ պատանեկան երգչախումբին անդամները թէեւ լսած էին Կոմիտաս անունը, բայց կոմիտասեան ոչ մէկ երգ գիտէին` համերգի փորձերուն չսկսած: «Ես չեմ ըսեր, որ Կոմիտասի երգ մը երգել չէին գիտեր երգին անունն անգամ չէին լսած», շարունակեց ան: Այժմ այդ երեսունի մօտ պատանի երգիչները տասէ աւելի Կոմիտասի երգեր գիտեն, անունով եւ եղանակով, ու իրենց կեանքերը, ե՛ւ մեր կեանքերը հարստացած են` շնորհիւ «Կարկաչ»-ի աշխատանքին:

Աշակերտական համերգի բեմէն «Պարոն Զաքար»-ը, իր սովորական մանկավարժական հմտութեամբ, նախապէս «Կարկաչ»-ի տուած հարցումը ուղղեց սրահի փոքրիկ ունկնդիրներուն. «Այստեղ ո՞վ կրնայ ըսել Կոմիտասի մէ՛կ երգի անուն»: Եւ սպասեց, որ բազում ձեռքեր բարձրանան: Նայեցաւ, եւ մենք մեծերս ալ մեր հայեացքները սրահ դարձուցինք: Եւ տեսանք չորս, հինգ, կամ վեց ձեռք: Երբ պզտիկ մը Կոմիտասի մէկ երգի անունը տուաւ, այլ երկու ձեռքեր վար առնուեցան: Հոգ չէ, մտածեցի, հիմա պիտի լսեն երկու կոմիտասեան երգափունջ:

Հանդիսատեսները ուշագրաւ լռութեամբ հետեւեցան մէկ ժամ տեւողութեամբ յայտագրին, հակառակ որ վարժ չէին այդպիսի երգեր լսելու: «Պարոն Զաքար»-ը իր մանկութենէն դրուագ մը պատմելով` քաջալերեց, որ իրենք իրենց համար «Եու թուպ» բանան եւ անվճար ունկնդրեն Կոմիտասը: «Այս երգերը գիտնալը «անթի-վայրըս» է. եթէ դուք Կոմիտասէն տասը երգ սորվիք, կը մնաք հայ: Որքան որ կարեւոր է Եղեռնի յիշատակութիւններուն եւ ցոյցերուն մասնակցիլը, եւ պէ՛տք է մասնակցիք, բայց զօրաւոր հիմք ունենալու համար նոյնքան կարեւոր է ձեր մշակոյթը, հայ մշակոյթը ճանչնալը»:

Ցաւ զգացի այդ պահուն` մտածելով, որ այս փոքրերուն ծնողները որքա՜ն դժուարութեամբ կը փորձեն հայ մեծցնել իրենց զաւակները: Նաեւ մտածեցի, թէ արդեօք պայքար կը մղե՞ն իրենց զաւակներուն հայկական դիմագիծը ձեւաւորելու` հայ դպրոցի կողքին : Այս 450 աշակերտներու տուներուն մէջ արդեօք հայկական երաժշտութիւն կ՛ունկնդրուի՞: Եւ այդ հայկական երաժշտութեան մէջ Կոմիտասը տեղ կը գրաւէ՞: Ան, որ Հայաստանի պատկերասփիւռի ակնդիր եւ ունկնդիր է, գիտէ, թէ պաստառները որքա՛ն խճողած են արեւմտեան երգերու ու տարբեր նորաձեւ երեւոյթներու յայտագիրները, եւ թէ` որքան հազուդէպ է հարազատ հայկական երաժշտական աւանդոյթի ներկայացումը:

Որքան մեծ է կարիքը Զաքար Քէշիշեանի նման անձերու եւ «Կարկաչ»-ի ու Համազգայինի նման խումբերու եւ միութիւններու` մեր ժողովուրդին այս ուղեկորոյս վիճակէն դուրս գալու համար: Ողբալու փոխարէն` աշխատանքի պէտք է լծուինք: Զաքարի պարագային, ինք հայ վարժարաններու տնօրէններուն հետ հանդիպումներ պիտի սկսի Կոմիտասը նոր սերունդին վերածանօթացնելու ծրագիրով: Իսկ նման ծրագիրներ բոլո՛րս պէտք է ձեռնարկենք, մեր ամէնէն կարեւոր դրամագլուխը` մեր զաւակները օտարումի դէմ պատուաստելու համար:

21 մայիս 2019, Պէյրութ

Նախորդը

Երկու Խօսք` Մեր Ծագումնաբանութեան Ու Անձնական Կապերի Մասին

Յաջորդը

Լրջացէ՛ք

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?