17 Մայիս 1907. Աղթամարի Երկրորդ Կռիւը. Ֆետայիները Կրցան Ճեղքել Թրքական Զօրքին Պաշարումը Եւ Դուրս Գալ Դէպի Ծովուն Բացերը
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Մայիս 17-ին Վանայ լիճի Աղթամար կղզին ապաստանած դաշնակցական ֆետայիներ, թրքական զօրքի ռազմանաւերուն կողմէ երկու օր պաշարման տակ իյնալէ եւ անհաւասար ուժերով կենաց-մահու կռիւ մղելէ ետք, հերոսական գրոհով յաջողեցան, ձկնորսական նաւակով, ճեղքել թշնամիին ռազմական ուժը եւ դուրս գալ ծովուն բացերը: Երկու օր շարունակ թրքական ռազմական նաւերէն ռումբերու եւ փամփուշտներու տարափով կրակ բացուեցաւ դաշնակցական ֆետայիներուն վրայ, որոնք, սակայն, ահեղ դիմադրութիւն...


















