Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար` Մարզական Ոգիով. Ո՞վ Կ՛արգիլէ…

Մայիս 23, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Եւրոպայի թանկարժէք մէկ բաժակին համար անգլիական երկու հզօր խումբեր` Արսենալ եւ Չելսի, 29 Մայիսին ժամադրուած են Պաքու:

Այս մակարդակի եւ որակի մրցումներ բնականաբար մարզական աշխարհին մէջ ամէն տարի կը ստեղծեն դրական փոթորիկներ. նախատեսութիւններ, գրաւներ, նախասիրուած խումբի մը ի նպաստ քարոզչութիւն, կոլ նշանակողներու մասին ենթադրութիւն եւ հազար ու մէկ… սովորական բան:

Այս տարի Արսենալի եւ Չելսիի միջեւ նախատեսուած ճակատումին շուրջ ստեղծուած փոթորիկը չմնաց մարզական աշխարհին մէջ, այլ շեշտակիօրէն ստացաւ քաղաքական երանգաւորում, երբ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ մուտքի արտօնութիւն պիտի չտան հայկական ծագում ունեցող մարզասէրներուն: Այս յայտարարութիւնը անմիջականօրէն շուքի մէջ ձգեց այն աղմուկը, որ նախապէս բարձրացած էր Արսենալի մարզիկներէն Հենրիկ Մխիթարեանի ապահովութիւնը երաշխաւորելու-չերաշխաւորելու Պաքուի կեցուածքին շուրջ: Յատկապէս հայկական շրջանակներու մէջ բաւական յուզում բարձրացաւ, դժգոհութեան ալիքներ ստեղծուեցան, եւ` արդարօրէն:

Եթէ յարուցուած հարցը դիտենք իր ամբողջութեան մէջ, կարելի չէ աչքաթող ընել քանի մը իրականութիւն, որոնք անպայման չեն յարակցիր Հենրիկին ու հայկական ծագում ունեցողներուն: Փաստօրէն, ի յայտ կու գայ որ մրցումին համար ընտրուած վայրը շատ անյարմար է քանի մը պատճառներով: Նախ` եւրոպական ֆութպոլի վարիչ մարմինը` Եու. Է. Էֆ. Ա.-ն ընտրած է դաշտ մը, որ հազիւ 70.000 մարզասէր կրնայ ընդունիլ (մինչդեռ նման աւարտական, ո՛վ որ ալ ըլլան մրցողները, շատ աւելի մեծ թիւով հանդիսատես կը ներգրաւէ): Յետոյ` ազերիները մրցակից խումբերէն իւրաքանչիւրին պիտի տրամադրեն միայն 6.000-ական տոմս, ինչ որ հիասթափ ըրած է անոնց համակիրները. պատճա՞ռը. որովհետեւ բազմատասնեակ հազարաւոր համակիրներ մարզական տուեալ եղանակին, շաբաթական հերթականութեամբ դաշտ կը վազեն` քաջալերելու իրենց նախասիրած խումբը. հիմա, համակիրներէն քառորդն իսկ իրաւունք պիտի չունենայ ներկայ ըլլալու եւ քաջալերելու իր խումբը: Կան նաեւ այլ մտահոգիչ պատճառներ. դէպի Ազրպէյճան ճամբորդութեան կարելիութիւնները սահմանափակ են, պանդոկներու եւ փոխադրամիջոցներու սակերը անհամեմատօրէն բարձրացած (սա տարօրինակ ու աննախընթաց երեւոյթ չէ, սակայն շշուկներ շրջան կ՛ընեն, որ ազերիները իրողապէս կողոպուտի ելած են), կան նաեւ յարակից այլ մտահոգութիւններ: Արսենալի պատասխանատուները խորապէս վրդոված են. անոնց անբաւարարութեան առաջին թիրախը` հայեր չհիւրընկալելու Ազրպէյճանի տրամադրութիւն է, որուն համար դիմած են արտաքին գործոց նախարարութեան միջամտութեան, իսկ երկրորդը` Եու. Է. Էֆ. Ա.-ն, որմէ կը պահանջուի չկրկնել նման սխալ:

***

Պահ մը ձգենք անգլիական խումբերուն օձիքը, որպէսզի իրենց նախընտրած ձեւով վարուին մէկ կողմէ Պաքուի արտառոցութեան, ու միւս կողմէ` Եու. Է. Էֆ. Ա.-ի անհեռատեսութեան հետ (ո՜վ գիտէ, վաղը կրնայ ի յայտ գալ, որ հոն ալ ազերիական կաշառքը դեր մը խաղացած է), ու տեսնենք, թէ Պաքուի այս կեցուածքը ինչպիսի՛ առիթ կը ստեղծէ հայութեան համար (չծածկենք մեր գոհունակութիւնը` այս արգելքին առիթով, որովհետեւ, ո՜վ գիտէ, Ազրպէյճան գացող հայերու գլխուն ինչեր կրնան գալ այսօր եւ միշտ…):

Հարցը դիտենք Հենրիկի անձէն անդին. սա առիթ է աշխարհին յիշեցնելու Ազրպէյճանի արիւնոտ ձեռքը, որ խտրութիւն չի դներ պատերազմի դաշտին ու այլ դաշտերու միջեւ. Եւրոպա մարզումի գացած ազերի զինուորական մը կրնայ կացինահար սպաննել հայ սպայ մը եւ որոշ պատիժ կրելէ ետք, իր երկիրը վերադարձին, արժանանալ հերոսի պատիւի: Պատերազմի դաշտին վրայ եւս ոճիրներ գործողներ կը հերոսանան այդ երկրին մէջ, որուն գերագոյն ձգտումն է նմանիլ… Թուրքիոյ ոճրագործ պետութեան: Կարելի է, տակաւին, Եւրոպային ու աշխարհի «աչքը կոխել», թէ Ազրպէյճան ինչպիսի՛ մեքենայութիւններ կը սարքէ նոյնինքն իր եւրոպացի դաշնակիցներուն դէմ, կաշառքի կը դիմէ Եւրոպական Խորհրդարանի անդամներ սիրաշահելու համար: Ասոնց կողքին, կարելի է նեցուկ կանգնիլ Արսենալին ու Չելսիին (ո՞վ կ՛ըսէ, որ այս խումբի համակիրներուն մէջ ալ հայեր չկան), որպէսզի Եու. Է. Էֆ. Ա.-էն պահանջեն մրցումի վայրին տեղափոխումը (ընդունելով հանդերձ, որ այս փուլին, նման քայլ անկարելի է). Հայաստանի ֆութպոլի կառավարիչ մարմինը եւ ընդհանրապէս հայ հեղինակաւոր շրջանակներ կրնան ձեւեր որոնել ու գտնել` պահանջելու Ազրպէյճանի հեռացումը այս համախմբումէն, կամ պահանջել անոր դէմ խիստ պատժամիջոցներու որդեգրումը` անոր ոչ մարզավայել ու անմարդկային վարմունքին պատճառով:

Կարելի է… կարելի է…

Վերջին բաղձանքները վստահաբար պիտի դիտուին իբրեւ երեւակայածին ու անիրականանալի, զգացականութեամբ յագեցած: Սակայն չմոռնանք, որ նախընթացներ կան. մինչեւ իսկ մարզական մրցումի մը պահուն խուլիկանութեան դիմող համակիրներու երկիրներն ու խումբերը պատժամիջոցներու ենթարկուած են գանգատողներու պահանջով, խումբը զրկուած է որոշ դաշտի վրայ մրցելու իրաւունքէն եւ.. մասամբ նորին:

Նման քայլեր սպասելը հաւանաբար անկարելի է նաեւ այլ պատճառով. «Մենք հիմա զբաղած ենք շատ աւելի լուրջ հարցերով, որոնք… Հայաստանի մէջ ստեղծուած հատուածականութիւնն ու երկփեղկումները դէպի նոր խորխորատներ կը տանին»: Այլապէս, ո՞վ կ՛արգիլէ Ազրպէյճանի դէմ նման աշխատանք, երբ անդին, սահմանային գօտիին վիճակն ալ վերջերս լարուած է դարձեալ, եւ Պաքու ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն կը յարգէ խաղաղութիւն հաստատելու իր ցանկութիւնն ու պատրաստակամութիւնը:

19 մայիս 2019

Նախորդը

Համշէնահա՞յ, Թէ Համշէնցի

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?