Յօդուածներ

Տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան Խօսեցաւ Արեան Տկարութեան Մասին

Տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան Խօսեցաւ Արեան Տկարութեան Մասին

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսական շարքի տասնմէկերորդ դասախօսութիւնը` արեան տկարութեան մասին, տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 8 մայիս 2019-ին: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին անունով տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը նշեց, որ մարդու կեանքի հիմնական բաղադրիչ մասնիկը արիւնն է:  Կարեւոր է, որ արեան բաղադրիչ մասնիկները բնական չափանիշներու վրայ գտնուին, որպէսզի անձը տկարութենէ եւ անոր պատճառած բարդութիւններէն  հեռու մնայ:...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

Եկամտային Հարկի Դրոյքաչափերի Նախատեսուող Համահարթեցումը

Հայաստանի  կառավարութիւնը նախատեսում է գործող եկամտային հարկի եռաստիճան պրոգրեսիւ սանդղակը համահարթեցնել եւ նախատեսել եկամտային հարկի միասնական մէկ դրոյքաչափ` 23 տոկոս: Արդիւնքում համեմատաբար ցածր վարձատրութեամբ աշխատողների եկամտային հարկի բեռը առնուազն սկզբնական շրջանում կը մնայ նոյնը` 23 տոկոս: Փոխարէնը` էապէս կը նուազեն բարձր եկամուտ ունեցողների եկամտային հարկի դրոյքաչափերը` 28 եւ 36 տոկոսից դառնալով 23 տոկոս: Նախատեսուած չէ եկամտի չհարկուող շեմ, ասենք, օրինակ`...

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական.  Մայիս 28-ը` Անկախութեան Արարչագործութեան Աւանդը

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Մայիս 28-ը` Անկախութեան Արարչագործութեան Աւանդը

«Հայե՛ր, հասել է ժամը, երբ բոլորս միասին` ծեր թէ երիտասարդ, կին թէ տղամարդ, պարտաւոր ենք հրապարակ իջնել, դէպի ճակատ վազել եւ բոլորանուէր զոհաբերութեան գնով փրկել Ազգն ու Հայրենիքը: Բոլորիս միասնական կամքով միայն կարող ենք ազատուիլ մահուան մղձաւանջէն, մահասփիւռ նենգ թշնամու եաթաղանէն: Կարգապահ, հնազանդ եւ հերոսական կեցուածքով` բոլորդ դէպի սրբազան գործ, դէպի անհաւասար պատերազմ»: ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ Պատմութիւնն ու անցեալին արձանագրուած փորձութիւնները...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յեղափոխութեան Մը Երկրորդ Փուլը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յեղափոխութեան Մը Երկրորդ Փուլը

Տասնեակ մը օրեր թաւալած են այն օրէն, երբ Դիմատետրի միջոցով վարչապետ Փաշինեան թաւշեայ յեղափոխութեան երկրորդ փուլին ազդանշանը տուաւ... առաջինէն տարի մը ետք: Այս անգամ կիզակէտը արդարադատական համակարգն էր, գործունէութեան դաշտ մը, որ իր կառոյցով եւ խոր իմաստով միայն ու միայն լրջութիւն կը պարտադրէ: Կարելի չէ բաղդատութիւն մը կատարել յեղափոխութեան առաջին եւ երկրորդ փուլերուն (հաւանաբար` ներառեալ յաջորդող փուլերը) միջեւ: Եթէ առաջին...

Այո՝ ժողովրդային շարժմանը, ոչ՝ անարխիային…

Կրկնակի Պարտաւորութիւն…

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ Պատմութիւնը եւ առհասարակ պատմական նշանակալի իրադարձութիւնները գնահատւում-արժեւորւում են նրանով նաեւ, երբ դրանք սերտելու եւ, առաւել եւս, դրանցից դասեր առնելու ունակ է տուեալ պատմութեան կրող ժողովուրդը, ազգն ու պետութիւնը... Ահաւասիկ. 20-րդ դարասկզբի հայ ազատագրական պայքարի առաջատար քաղաքական ուժերը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն եւ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութիւնները 1906թ. դեկտեմբեր 15-ին նոյն պայքարի միջնաբերդ հանդիսացող Ատրպատականում ստորագրում են մի համաձայնագիր, որով...

Կատակը Մէկդի.  Ապաւինեցէ՛ք Հանճարներուն…

Տխուր Երգիծանք. Պէտք Է Կիոթինի Տակ Դնենք Ասանժի Գլուխը…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու արդարութեան նախարարութիւնը ուրբաթ, 24 մայիսին 17 տեսակ ամբաստանագիր արձակեց «Ուիքիլիքս»-ի հիմնադիր Ճիւլիըն Ասանժի դէմ` զայն ամբաստանելով իբրեւ լրտես, զարտուղի միջոցներով պետական գաղտնիքներ կորզող ու հրատարակող եւ երկրի անվտանգութեան սպառնացող տարր: Եթէ Ասանժ Միացեալ Նահանգներու յանձնուի եւ դատուի, կրնայ ընդամէնը 170 տարի բանտարկութեան դատապարտուիլ: Ասանժին պատմութիւնը երկար է. ան շուրջ 9 տարի առաջ ձեռք բերած էր ու...

Ակնարկ.  Հայ Մօր Կերպարը Գեղարուեստական Գրականութեան Մէջ

Ակնարկ. Հայ Մօր Կերպարը Գեղարուեստական Գրականութեան Մէջ

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ Մայիս: Դիմատետրի «արեւմտեան կողմն աշխարհի»-ն մայրերու տօն կը տօնէ: Գեղեցիկ ու անձնազոհ մայրերու նկարներ կը տողանցեն: Բանաստեղծութիւններ ու քառեակներ կը նուիրուին սիրելի մայրիկներուն: Ու պահ մը կ՛անդրադառնաս, որ գեղարուեստական գրականութեան մէջ որքա՜ն հարուստ ատաղձ ունինք` մայրերգութեան վերաբերող: Արդարօրէն, մօր յուշարձանը կանգնեցուցած է Յովհաննէս Շիրազ իր քերթուածներու հատորով. թէեւ երբեմն գրիչը ծայրայեղութեան կը տանի, մանաւանդ երբ համեմատութեան տակ կ՛առնէ...

Հարցազրոյց Պոլսահայ Գրող Եւ Ուսուցիչ Սեւան Տէյիրմենճեանի Հետ

«Միտք Եւ Արուեստ»` Կողքի Մը Տակ

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ Արեւմտահայ յայտնի լրագրող ու հասարակական գործիչ Շաւարշ Միսաքեանի կողմէ 1925 թուականին Փարիզ հիմնադրուած «Յառաջ» օրաթերթը անկասկած սփիւռքի յառաջատար թերթերէն մէկն էր մինչեւ իր փակուիլը 2009-ին` հիմնադրին դստեր` Արփիկ Միսաքեանին կողմէ, որ թերթը երկար տարիներ հրատարակած էր անձնուիրաբար: Յառաջատար թերթ ըլլալ` հանրութեան լուր մատակարարելու նպատակ հետապնդելով չ՛ըլլար միայն (ինքնին հասկնալի առաքելութիւնը մամուլին), այլ կը կարօտի այլ բաղադրիչներու ալ, որոնց...

Ապրիլ 24, Պարզ Խօսքեր. Պարզ Մարդիկ. Յասմիկին Կրպակը Բաց Էր, Կը Վաճառէր Ջերմուկ, Կոլա Եւ Հաց

Պատմութեան Ուղիներէն Դիտենք Փոքրացած Հայաստանը, Մեր Ներկան Եւ Խարխափումները

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Արդէն տարի անցաւ, բայց կարծէք Հայաստանը եւ իր ղեկավարութիւնները դեռ կը շարունակեն իրենք զիրենք եւ դժուարութիւններու մէջ շնչահեղձ ժողովուրդին օրհնութեան գիրի պէս ջամբել յեղափոխութիւն եւ Նոր Հայաստան հոգեպարար բառերը: Ինչպէ՞ս չյուզուիլ: Իսկ յուզումներու պարագային, տրամաբանութիւն եւ իրատեսութիւն կանգ կ’առնեն: Աշխարհի ո՛չ առաջին, ո՛չ վերջին եւ ո՛չ ալ միակ ժողովուրդն ենք, որ դժուարութիւններու բովէն անցած ըլլանք: Ուրիշ ժողովուրդներ ալ...

Տաճարը` Աւագ Շաբթուան Աղօթքներու Ներքոյ

Տաճարը` Աւագ Շաբթուան Աղօթքներու Ներքոյ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ Մինչ Փարիզը տօնական հանդերձանք առած` կը նշէր քաղաքի խորհրդանիշները դարձած Էյֆել աշտարակի 130 եւ Լուվր բուրգի 30-ամեակները, Փարիզի միւս գեղեցկուհին` Նոթրը Տամ տաճարը կրակի լեզուակներու մէջ կ՛այրէր ողջ Եւրոպայի եւ աշխարհի աչքին առջեւ: Մարդիկ արցունքն աչքերուն անզօր եւ վհատ կը դիտէին 850 եւ աւելի տարիներու պատմութիւն ունեցող հսկային այրիլը... Աւագ շաբաթը Ֆրանսային եւ ողջ քաղաքակրթական աշխարհին համար սկսաւ...

80-ամեակի Աւարտական Հանդէս. Մեսրոպեանը  Յանձնեց 63 Շրջանաւարտներու Յոբելենական Հունձքը

80-ամեակի Աւարտական Հանդէս. Մեսրոպեանը Յանձնեց 63 Շրջանաւարտներու Յոբելենական Հունձքը

24 մայիս 2019-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արհեստից վարժարանները յանձնեցին այս տարեշրջանի աւարտականներու հունձքը` Մեսրոպեանի համար աւանդական դարձած խանդավառ եւ ոգեւորող հանդիսութեան մը ընթացքին: Հանդիսութիւնը առաւել նշանակութիւն ձեռք բերաւ այն փաստով, որ կը զուգադիպէր վարժարանի հիմնադրութեան 80-ամեակին, ինչ որ առիթ հանդիսացաւ ընդգծելու Մեսրոպեանի կրթական վաստակը ոչ թէ միայն մէկ, այլ ամբողջ ութ տասնամեակներու դիտանկիւնէն: Հանդէսին համար Մեսրոպեանի շրջափակ փութացած...

«Տաւիղ Նուագախումբը Հանդէս Պիտի Գայ  Հայկական, Յատկապէս Կոմիտասի, Եւ Պալքանեան,  Յատկապէս Կորան Պրեքովիչի Երգերով»

«Տաւիղ Նուագախումբը Հանդէս Պիտի Գայ Հայկական, Յատկապէս Կոմիտասի, Եւ Պալքանեան, Յատկապէս Կորան Պրեքովիչի Երգերով»

Հարցազրոյց` Մկրտիչ Միքայէլեանին Հետ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու եւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին կազմակերպութեամբ, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի, կիրակի, 2 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ ելոյթ պիտի ունենայ «Տաւիղ» նուագախումբը: Այս առիթով «Ազդակ» զրոյց ունեցաւ Մկրտիչ Միքայէլեանի հետ: «Տաւիղ»-ի ստեղծումին անդրադառնալով` խումբի հիմնադիրը դիտել տուաւ, որ 12 տարի առաջ անիկա հիմնադրուած...

Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1928). Հայ Դասական Երաժշտութեան Մեծատաղանդ Դրօշակիրը

Մարզպետ (Ղազարոս Ղազարոսեան, 1878-1918). Մեծ Եղեռնէն Մազապուրծ Հայ Բեկորներու Մեծավաստակ Փրկարարը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ «Վասպուրականի ու Տարօնի գիւղերուն մէջ ժողովուրդը չունի անկողին մը` իր ամէնէն յարգելի հիւրին հրամցնելու իսկ: Ամբողջ գիւղական ժողովուրդը կը պառկի թաղիքներու մէջ պլլուած: Առած սնունդն ալ ասոր համեմատ է: Երբեմնի ցորենով այնքան հարուստ Մշոյ դաշտը այսօր կարօտը կը քաշէ կըլկըլի եւ կորեկի աւազանման հացին: Սասունը այդ ալ չունի: Իսկ Կառկառը եւ Խիզանը, ամբողջ ձմեռը կէս անօթի անցընելէ ետք,...

Պայքարող Քեսապահայերու Մասին

Պայքարող Քեսապահայերու Մասին

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Վստահ եմ, որ մեր ժողովուրդին մեծամասնութիւնը, ինծի նման, կը խորհի, որ կեանքը Քեսապի մէջ,  ազատագրումէն  եւ ժողովուրդի վերադարձէն ետք, բնական դարձած է եւ, հետեւաբար, մտահոգուելու կարիք չկայ այլեւս: Հաւանաբար նաեւ այս համոզումին հետեւանք է վերջին տարիներուն հայութեան վերաբերումը քեսապահայութեան հանդէպ: Կարիք չի զգացուիր  առաջնակարգ օրակարգ նկատելու քեսապահայութեան վիճակը, որովհետեւ քեսապահայերը իրենց տուները վերադարձած են եւ` բնականոն  կեանքի լծուած:...

Սրտի Խօսք` Գէորգ Ծ. Վ. Եղիայեանի  Մահուան Քառասունքին Առիթով

Սրտի Խօսք` Գէորգ Ծ. Վ. Եղիայեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

ՂԵՒՈՆԴ ՌՈՊԷՐ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ Շա՛տ սիրելի եւ անմոռանալի Գէորգ ծ. վ. Եղիայեան, Քառասուն օրեր առաջ, Սպանիոյ հեռաւոր ափերուն, խոր ցաւով եւ մեծ կսկիծով իմացայ մահուանդ գոյժը: Օտարութեան ափերու վրայ պլպլացող, Զմմառու Տիրամօր հրաշագործ պատկերի կանթեղին դիմաց կանգնած` աչքիս առջեւ կը տողանցեն քու քահանայական երկար ու բեղուն տարիներու քրիստոսաշէն ու ազգանուէր ծառայութիւններդ: Իմ քահանայական կեանքի առաջին օրերէն մօտէն ճանչցայ քեզ եւ քու...

Մինչեւ Ե՞րբ

«Վերջին Զանգը»

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ 2018-2019 կրթական տարեշրջանի վերջին զանգը կը մօտենայ: Անցնող տարուան ընթացքին հայկական բոլոր վարժարանները դիմագրաւեցին տնտեսական դժուարութիւններ,  աշակերտական թիւի նուազումներ, հայրենաւանդ նիւթերու ուսուցիչներու, կազմակերպչական եւ վարչական տագնապներ: Ճիշդ է` միշտ ալ հայ դպրոցը ունեցած է եւ պիտի ունենայ տագնապներ, սակայն հայ դպրոցի տագնապներու լուծումներու ճամբան անկեղծ արժեւորումներն են միայն: Այսօր մեր հայ աշակերտներու կարեւոր մէկ մասը օտար վարժարան կը...

Արմենոֆաս-ի Ժողով Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Արմենոֆաս-ի Ժողով Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Շաբաթ, 25 մայիս 2019-ին, ամբողջ օրը, Արմենոֆասի տարեկան հանդիպումը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ` նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Արմենոֆաս-ը Զուիցերիոյ եկեղեցիներու եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներէ բաղկացած յանձնախումբ մըն է, որուն կեդրոնը կը գտնուի Ժընեւ եւ ատենապետն է փրոֆ. Թենի Սիմոնեանը: Ս. Աթոռին ներկայացուցիչներն են` Յունաստանի թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանը, Տիգրան Ճինպաշեանը, Ալեք Քէօշէեանը եւ...

Սրբուհի Ռիթայի Տարեկան Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագ

Սրբուհի Ռիթայի Տարեկան Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագ

Կիրակի, 19 մայիս 2019-ի յետմիջօրէի ժամը 5-ին Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանին մէջ գտնուող Սրբուհի Ռիթայի ուխտատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ ս. պատարագ, որուն ներկայ էին` Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Լէոնարտ Ապաճեանը, պաշտօնական հիւրեր եւ թիւով հազարէ աւելի հաւատացեալներ: Ս. պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Մեսրոպ ծ. վրդ. Սիւլահեանը` մեծաւոր Մխիթարեան միաբանութեան Լիբանանի եւ Միջին...

Նամականի

Անդրադարձ Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-ամեակ. Մամուլին Մէջի Մշակութային Կեանքէն Նմուշներ` Հնագիտական, Գրական, Թատրոն Եւ Հանրային Գրադարաններ Դ.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Յետցարական Հայաստանի հնութիւններու պահպանումի աշխատանքը կը սկսի 1918-ին, երբ Հայոց ազգային խորհուրդի նախագահ Աւետիս Ահարոնեանին յանձնարարութեամբ, հնագէտ-պատմաբան Աշխարհբէկ Լոռիս-Մելիք Քալանթար կը կազմակերպէ Անիէն շուրջ 6000 հնագիտական իրերու փրկութիւնը, որոնք այժմ կը պահուին Հայաստանի Պատմութեան պետական թանգարանին մէջ: Մինչ այդ, 1917-ին, ան Նիկողայոս Ադոնցի հետ Վանի հնագիտական երկրորդ խումբին մասնակցած էր (1): Կառավարութիւնը ապա զինք կը նշանակէ հանրային կրթութեան...

Անդրադարձ.  Հաւաստիութեան Համար  Երկու Նախապայմաններ

Անդրադարձ. Հաւաստիութեան Համար Երկու Նախապայմաններ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 28 մայիսին, Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական արարողութեան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, թէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պետական այրերուն երազանքը կ՛ապրի եւ պիտի իրագործուի: Իրաւամբ ալ այդ երազանքը տակաւին կենդանի է, սակայն իր թուած չորս վարչապետներուն երազանքը, որ իրականութեան մէջ անոնց կուսակցութեան` ՀՅԴ-ի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան կերտելու երազանքն է եւ ոչ թէ պարզապէս...

Page 577 of 1112 1 … 576 577 578 … 1,112

Արխիւներ