Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յեղափոխութեան Մը Երկրորդ Փուլը

Յունիս 3, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տասնեակ մը օրեր թաւալած են այն օրէն, երբ Դիմատետրի միջոցով վարչապետ Փաշինեան թաւշեայ յեղափոխութեան երկրորդ փուլին ազդանշանը տուաւ… առաջինէն տարի մը ետք:

Այս անգամ կիզակէտը արդարադատական համակարգն էր, գործունէութեան դաշտ մը, որ իր կառոյցով եւ խոր իմաստով միայն ու միայն լրջութիւն կը պարտադրէ: Կարելի չէ բաղդատութիւն մը կատարել յեղափոխութեան առաջին եւ երկրորդ փուլերուն (հաւանաբար` ներառեալ յաջորդող փուլերը) միջեւ: Եթէ առաջին փուլը համաժողովրդական պոռթկում մըն էր յանուն աւելի արդար, ժողովրդավարական կանոններու վրայ հիմնուած պետութեան մը, երկրորդի պարագային,  ժողովուրդն ու ժողովրդավարական կանոնները փոխարինուած էին ամբոխով եւ ամբոխավարական գործընթացով:

Այլ խօսքով, ցուցարարները հլու կամակատարներ էին, որոնք յաջողութեամբ պսակուած յեղափոխութեան մը տարեդարձը կը տօնէին… բոլորովին տարբեր պայմաններու տակ: Առանց նկատելու, մտաբերելու եւ գիտակցելու, որ ժողովուրդի մը իսկական սպասածն ու պահանջածը վերածուած էր «ակն ընդ ական»-ական եւ անձնական հարցերը ամէն բանէ վեր դասող մութ հաշիւներու, եւ բնականաբար մակարդակի անկում արձանագրուած էր հաւաքուած ներկայ ցուցարարներու մօտ:

Այսպէս, նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին դատավարութիւնն ու անոր կալանքէն ազատ արձակումը բռնկեցուց արդէն իսկ պրկուած ջիղերը եւ պատճառ դարձաւ, որ մեկնարկուի թաւշեայ յեղափոխութեան երկրորդ փուլը: Փուլ մը, որ կրնայ պատճառ հանդիսանալ, որ փուլ գայ արդարադատական համակարգը: Համակարգ մը, որ հաւանաբար ամբողջական դրութեամբ թափանցիկ ու կաշառակերութենէ եւ զեղծարարութենէ զրկուած չէ, սակայն նմանօրինակ ձեւով կոշտ, կոպիտ եւ մանաւանդ անխոհեմ միջամտութիւն կրնայ խոր վէրք մը ստեղծել, որուն սպին շարունակ նկատելի պիտի ըլլայ եւ` վերստին բուժուելու ենթակայ: Այս գծով, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, որ նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեանի հետ երաշխաւորած էր Քոչարեանի ազատ արձակումը, ամենայն ողջմտութեամբ, կը շեշտէ, որ իրենց առած այդ դիրքորոշումը պարզապէս ստեղծուած սուր լարուածութիւնը մեղմացնելու նպատակ ունէր: Աւելի պարզաբանելով, ստեղծուած կացութիւնը եւ վստահութիւն ներշնչելով` ան յայտնեց, որ այդ լարուածութեան վերաբերեալ մեկնաբանութիւնները արհեստական եւ շինծու են, իսկ գոյութիւն ունենալու պարագային, «… Մենք պարտաւոր ենք ամէն ճիգ թափել եւ շրջանցել այս անհասկացողութիւնները»:

Արցախի նախագահը պարզ ու մեկին շեշտեց, որ կարելի չէ անտեղի մթնոլորտ ստեղծել Արցախի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն միջեւ:

Շատ աւելի անտեղի եւ երկրորդական պիտի ըլլայ խօսիլ ցուցարարներու վերաբերմունքին մասին, ու յիշել, որ օրինական սահմանները յարգելով, առանց հրմշտուքի եւ խուլիկանութեան, անոնք հեռացած են նոյնիսկ իրենց հաւաքի աւարտին գոյացած աղբը մաքրելէ ետք (երեւոյթ մը, որուն մասին տարի մը առաջ շատ բան գրուած էր):

Դատական համակարգին յաջորդող հրաժարումներն ու քաղաքական բեմահարթակին վրայ ստեղծուած կացութիւնը կը շարունակեն մտահոգութեան ալիք ստեղծել, որուն դարմանը նոյնինքն խորհրդարանական կարգով գործող վարչապետի վարչամեքենան է, նաեւ` անոնց ամբոխավարական հասկացողութենէն դուրս եկող եւ ժողովրդավարական կանոններով ուղղուող գործելաձեւը:

Նախորդը

Կրկնակի Պարտաւորութիւն…

Յաջորդը

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Մայիս 28-ը` Անկախութեան Արարչագործութեան Աւանդը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?