Կասեցնենք Երեսնամեայ Մայրամուտը
ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Ազատութեան հրապարակի վրայ ՀՅ Դաշնակցութեան հանրահաւաքը ազգային հրամայականն էր` ի դէմ երկիրը շրջապատող այն համայնապատկերին, ուր աստիճանաբար կը զարգանայ վտանգաւոր իրավիճակ` իր բոլոր տեսանելի եւ անկանխատեսելի ճգնաժամերով: Ներկայ պայմաններու տակ վստահաբար միայն Դաշնակցութիւնն էր, որ իր քաղաքական փորձառութեամբ եւ ազգային բծախնդրութեամբ կարող էր ներկայացնել հարցերը իրենց ամբողջ մերկութեամբ` ի հեճուկս վարչապետին վայելած ժողովրդականութեան եւ Ազգային ժողովի մէջ ամբարած...


















