Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրտի Խօսք` Գէորգ Ծ. Վ. Եղիայեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Յունիս 1, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՂԵՒՈՆԴ ՌՈՊԷՐ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ

Շա՛տ սիրելի եւ անմոռանալի Գէորգ ծ. վ. Եղիայեան,

Քառասուն օրեր առաջ, Սպանիոյ հեռաւոր ափերուն, խոր ցաւով եւ մեծ կսկիծով իմացայ մահուանդ գոյժը:

Օտարութեան ափերու վրայ պլպլացող, Զմմառու Տիրամօր հրաշագործ պատկերի կանթեղին դիմաց կանգնած` աչքիս առջեւ կը տողանցեն քու քահանայական երկար ու բեղուն տարիներու քրիստոսաշէն ու ազգանուէր ծառայութիւններդ:

Իմ քահանայական կեանքի առաջին օրերէն մօտէն ճանչցայ քեզ եւ քու մէջդ տեսայ` տիպար մարդը, անձնուրաց հոգեւորականը, անկեղծ միաբան եղբայրը, Զմմառու մայրավանքի վաւերական մեծաւոր հայրը, հայ կրթութեան ու դպրութեան նուիրեալ մշակն ու մեր ժողովուրդին արժէքներուն ու ձգտումներուն յանձնառու առաքեալը:

Մինչ այս պահուս կանգնած, կը փորձեմ վերաքաղ մը կատարել անցնող տարիներու քու եկեղեցական, ազգային ու մշակութային շինարար կեանքիդ ընդհանուր ընթացքին, սիրտս երախտագիտութեամբ, հպարտութեամբ եւ շնորհակալութեամբ կը լեցուի` ի տես եկեղեցաշէն ու հայրենակերտ այն հարուստ իրագործումներուն, որոնց համար ապրեցար, գործեցիր ու պայքարեցար խիզախաբար:

Հայութիւնը ապրեցար ճշմարտօրէն ու հայութիւնը քարոզեցիր ու տարածեցիր քաջօրէն: Նուիրուեցար հայ մշակոյթի տարածման ու հայակերտումի սրբազան առաքելութեան` արժանանալով թէ՛ հայերուն եւ թէ՛ օտարներուն  գնահատանքին ու խոր յարգանքին:

Ուր որ ալ գտնուեցար, հայ գաղութին կեանքը լեցուցիր` Մեսրոպեան մեղրիկ շունչով, մեր պատմութեան մտքի ու հոգիի հսկաներուն հաւատքով եւ տեսիլքով, մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին աւանդութիւններով ու սրբութիւններով:

Քեզի վստահուած ամէն առաքելութիւն, պաշտօն ու աշխատանք իրագործեցիր կատարեալ  բծախնդրութեամբ:

Անվհատ ջատագովը եղար Լիբանանի միասնականութեան ամրացման:

Միաբանութեանդ ծառայութիւնը դարձաւ քու կեանքիդ խորք, արժէք ու նպատակ տուող իրականութիւնը:

Որպէս իմ քահանայական կեանքի կնքահայր` դուն իմ երիտասարդ նուիրեալ ծունկերս առաջնորդեցիր սուրբ խորան:

Ներկայ գտնուեցար իմ քահանայական կեանքի ամէնէն նշանակալից եւ ամպոտ վայրկեաններուն:

Թէեւ այժմ ինքնակամ հրաժարած եմ քահանայական կարգի ծառայութենէս եւ եկեղեցական խորհուրդներու մատակարարումէ, վստահ կրնաս ըլլալ սակայն, որ Ղեւոնդ վարդապետի պայքարի ոգին ու առաքելութեան շունչը նոյնն են տակաւին:

Որպէս քահանայ յաւիտեան, ըստ կարգին Մելքիսեդեկի  եւ հարազատ զաւակը Զմմառու մայրավանքի հրաշագործ Տիրամօր, կը ջանամ Աւետարանի այրի կնոջ նման իմ համեստ լումաս ձգել Սպանիոյ Ասդորկա թեմին, Աստուծոյ թագաւորութեան եւ ազգիս գանձանակին մէջ:

Այսօր դուն կը հեռանաս մեզմէ` քու ետին ձգելով ապրուած կեանքի հարուստ հատոր մը: Եթէ բանանք այդ հատորը, հոն պիտի տեսնենք ոսկի տառերով գրուած եւ քու կեանքիդ մէջ կեանք դարձած հինգ բառեր` ծառայութիւն, հաւատարմութիւն, զոհողութիւն, աշխատասիրութիւն ու բծախնդրութիւն:

Կ՛աղօթեմ առ բարձրեալն Աստուած, որ քու հոգիդ ընդունի Իր երկնային լուսէ խորանին վրայ, Սուրբ Հոգւոյ մխիթարութեամբ զօրացնէ եւ երջանկութեամբ լեցնէ Եղիայեան ընտանիքին կեանքը:

Իմ խորազգաց ցաւակցութիւններս Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս-պատրիարքին, Հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան, Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան զինուորագեալ կղերին եւ պատուական հաւատացեալներուն:

Թո՛ղ ամենաբարին Աստուած իր հօտին նոր եւ անբասիր մշակներ հասցնէ եւ բարգաւաճութիւն ու բարօրութիւն շնորհէ Զմմառու բազմամեայ միաբանութեան:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, հոգեկի՛ց եւ միաբանակից անգին եղբայր:

Գնա՛, միացիր մեր միաբան հայրերուն եւ անոնց հետ վայելէ երկնային մեր Հօր տեսութիւնը: Ջերմագին ողջոյններս փոխանցէ անոնց, մանաւանդ` Զմմառու հրաշագործ Տիրամօր, որուն դուն այնքան ջերմեռանդ պաշտողն էիր:

Խնդրէ իրմէ, որ իր մայրական հովանին շարունակէ սփռել խաչապաշտ ու քաջարի հայ ժողովուրդին եւ Զմմառու օրհնեալ եւ օրհնաբեր միաբանութեան վրայ:

Կը փակեմ գրութիւնս` փոխ առնելով անմահն Վարուժանի բառերը.

«Մշա՛կ, ցանեցիր յանուն Քրիստոսի սեղանին
Թեւիդ շարժումն անպարագիծ անծայրածիր եղաւ,
Այսօր նետած սերմերդ արդէն հասուն ցորեանի ծով արտեր եղան,
Օրհնութեան պէս հայ ժողովուրդի գլխուն վրայ»:

Քու անմոռաց յիշատակդ քանդակուած պիտի մնայ մեր մտքերուն եւ սրտերուն մէջ ու միշտ երախտագիտութեամբ պիտի յիշենք քեզ:

Խունկ ու աղօթք քու աճիւններուդ:

                                                                                Միաբանակից եղբայրդ`
ՂԵՒՈՆԴ ՌՈՊԷՐ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ

Նախորդը

«Վերջին Զանգը»

Յաջորդը

Պայքարող Քեսապահայերու Մասին

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?