Գաղափարաբանական Հարցեր. Գերմանիոյ Ընկերվար-Ժողովրդավարներու Ընկերային Բարօրութեան Նոր Մօտեցումը` Երրորդ Ուղիի Մահուան Յայտարարութենէն Ետք
ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Մեր նախորդ յօդուածին մէջ յայտնած էինք արդէն, որ պիտի խօսինք Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան ընկերային բարեկեցութեան նոր համակարգի տեսլականին մասին: Այդ տեսլականը ներկայացնելու իմաստով ալ այս յօդուածը նախորդին շարունակականութիւնը կը սեպուի: Ուրեմն, 10 փետրուար 2019-ին Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավարութիւնը հրապարակեց երրորդ ուղիէն հրաժարելու եւ ընկերային բարօրութեան նոր տեսլական մը որդեգրելու իր կեցուածքը: Նմանօրինակ քայլ մը կը համապատասխանէ եւ զուգահեռ...



















