Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Մայիս 28-ը` Անկախութեան Արարչագործութեան Աւանդը

June 3, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայե՛ր, հասել է ժամը, երբ բոլորս միասին` ծեր թէ երիտասարդ, կին թէ տղամարդ, պարտաւոր ենք հրապարակ իջնել, դէպի ճակատ վազել եւ բոլորանուէր զոհաբերութեան գնով փրկել Ազգն ու Հայրենիքը: Բոլորիս միասնական կամքով միայն կարող ենք ազատուիլ մահուան մղձաւանջէն, մահասփիւռ նենգ թշնամու եաթաղանէն: Կարգապահ, հնազանդ եւ հերոսական կեցուածքով` բոլորդ դէպի սրբազան գործ, դէպի անհաւասար պատերազմ»:

ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Պատմութիւնն ու անցեալին արձանագրուած փորձութիւնները ժողովուրդներու յիշողութիւններն են: 1918 թուականի մայիս 28-ի Հայաստանի պետականութեան վերականգնումը, 543 տարուան անկախութեան բացակայութենէ ետք, հայոց պատմութեան մէջ ամէնէն կարեւոր ձեռքբերումն է, որ կը յատկանշուի ոչ միայն անկախութեան վերականգնումով, այլեւ` Ցեղասպանութենէն փրկուած եւ գաղթաշարժի ենթարկուած հայութեան աշխարհագրական մէկ տարածքի մէջ համախմբումով:

Տասնամեակներ ետք, 23 օգոստոս 1990-ին հաստատուած Հայաստանի անկախութեան հռչակագրով հայութիւնը վճռած էր հետեւիլ 1918 մայիս 28-ին նուաճուած Հայաստանի անկախութեան աւանդին եւ անոր ծնունդ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական ու ազգային աւանդոյթը վերականգնելու ռազմավարութեան ուղեգիծին:

Այսօր, արցախեան յաղթական գոյամարտով արձանագրուած յառաջխաղացքէն ետք, համազգային մեր ներկայ իրավիճակին մէջ երկփեղկուածութեան ընթացքը կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ:

Բազմակարծութիւնը ամլացնելով եւ ատելավառութիւն սերմանելով` կը ստեղծենք պառակտման եւ անմիաբանութեան այն վիհը, որուն դառն փորձառութիւնը ունեցած ենք տակաւին Հայաստանի Հանրապետութեան ՀՀՇ-ի տխրահռչակ իշխանութեան օրօք: Ուրեմն, որպէսզի չվերածուինք ժխտավայրի (dystopia) մը, այսօր, աւելի քան երբեք, անհրաժեշտ է երկրի հիմերը սնուցանել ժողովրդավարական բարձրագոյն արժէքներով:

Արեան գնով ձեռք բերուած անկախութեան երաշխաւորը Հայաստան-Արցախ-սփիւռք համախումբ ու միասնական երթն է:

Իսկ ապագայ նորանոր նուաճումներն ու յաղթանակները կրնանք իրագործել, երբ կը սնանինք պատմական մեր գոյամարտերու` սարդարապատներու եւ շուշիներու ակունքներէն:

Ազգային միասնութեան խորապատկերին վրայ հայութեան դարաւոր իրաւունքներու վերատիրանալու պայքարը շարունակելու վճռակամութիւնը պետական մակարդակին բարձրացնելով` մենք յաւելեալ թափ ու ներուժ կը ներարկենք մեր դարաւոր պայքարին:

Քաղաքական հակոտնեայ գաղափարախօսութիւններու պատճառով երկպառակտումներու առաջնորդող բեւեռացումները պարզապէս կը տկարացնեն պայքարի ուժականութիւնը:

1919-ի մայիս 28-ի հռչակագրով հայ սերունդներուն փոխանցուած պետական աւանդ է ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի իրագործման տեսլականը: Այդ միացեալ պետութիւնը պէտք է ստեղծուի հայապատկան հողերու վրայ: Հայապատկան կը կոչուին այն հողերը, որոնց վրայ այսօր կ՛ապրի հայ ժողովուրդին մէկ հատուածը, եւ` այն հողատարածքները, որոնց վրայէն բռնութեամբ վտարանդուած է հայութիւնը: Այդ անժամանցելի տեսլականին դրոյթը կը թելադրէ հայապատկան հողերու վրայ համահայկական պետութեան ստեղծում:

Եւ վերջապէս,  հայութեան գոյազարգացումը իրականութիւն կը դառնայ ազգահաւաքով ու հայրենադարձութեամբ: Լիակատար կը յաղթենք ազգովին, երբ միասնական մեր ներուժին հաւատալով` կը նայինք Միաւորուած Հայաստանի պայծառակերտ տեսլականին:

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յեղափոխութեան Մը Երկրորդ Փուլը

Յաջորդը

Եկամտային Հարկի Դրոյքաչափերի Նախատեսուող Համահարթեցումը

RelatedPosts

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.)  – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն
Անդրադարձ

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.) – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն

November 2, 2026
Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ

November 2, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցներ Կ՛արձագանգեն Սփիւռք-Փաշինեան Հակադրութեան Վերաբերող Յօդուածիս

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.