Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արցախի Եւ Հայաստանի Միջեւ Օր Առաջ Պէտք Է Ռազմաքաղաքական Դաշինք Կնքուի». Վ. Բալայեան

December 14, 2019
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճան ուժի սպառնալիքի լեզուով պատասխանեց Նիկոլ Փաշինեանի` արցախեան հիմնախնդիրը երեք ժողովուրդներուն համար ընդունելի տարբերակով լուծելու վերաբերող նախաձեռնութեան: «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխխօսնակ Վահրամ Բալայեան` անդրադառնալով պաշտօնական Պաքուի կողմէ ԵԱՀԿ-ի Նախարարներու խորհուրդի անդամներուն ներկայացուցած` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման վերաբերող փաստաթուղթին, որուն մէջ Ազրպէյճան տագնապի լուծումը կարելի կը նկատէ միայն միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու հիման վրայ` Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան պարունակին մէջ:

«Երեք ժողովուրդների համար ընդունելի լուծումը ցանկալի գաղափար է, բայց` չաշխատող: Այդ գաղափարը ներկայ իրողութիւնների հետ համահունչ չէ, մենք չենք կարող մշտապէս բարի ցանկութիւններ ներկայացնել, փափուկ խօսել, երբ հարեւանը մշտապէս խօսում է ուժի սպառնալիքի լեզուով: Ազրպէյճանը 1994-ի զինադադարի ստորագրումից առ այս պահը ո՛չ միայն Արցախի մասին է խօսում, այլեւ` Զանգեզուրի, Երեւանի», դիտել տուաւ Վահրամ Բալայեան:

Ըստ անոր, Ազրպէյճանի ներկայացուցած փաստաթուղթին, յոխորտանքներուն լաւապէս պատասխանը պիտի ըլլայ օր առաջ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքումը` դիտել տալով, որ այդպիսով Հայաստան աւելի անխոցելի կը դառնայ նաեւ դիւանագիտութեան բնագաւառին մէջ, իսկ Ազրպէյճանի համար յստակ կը դառնայ, որ երկու հայկական հանրապետութիւններն ալ մնայուն կերպով պատրաստ են դիմակայելու Ազրպէյճանի ռազմական հռետորաբանութիւնը եւ, պատերազմի պարագային, երկու հայկական հանրապետութիւններուն ժողովուրդը պաշտպանելու», նկատել տուաւ ան` աւելցնելով, որ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքման ուղղութեամբ ներկայիս տեսանելի ոչ մէկ գործընթաց կայ:

Անդրադառնալով ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչաքի այն յայտարարութեան, որ ղարաբաղեան տագնապը բորբոքող իրական սպառնալիք է, ինչպէս նաեւ խօսելով վերջերս տեղի ունեցած Հայաստանի ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին մասին` Բալայեան յայտնեց, որ այդ վտանգը միշտ ալ կայ, ուստի պէտք է ոչ մէկ պարագայի փափուկ բարձի վրայ դնել մեր գլուխը եւ վստահիլ պարզապէս բանակցութիւններուն: «Համոզուած ենք, որ հայ ժողովուրդը միայն ու միայն բանակը, պետականութիւնը հզօր պահելու, ժողովրդական կառոյցները հզօրացնելու մասին պէտք է մտածի», եզրափակեց Բալայեան:

Նախորդը

Հաւատք, Յոյս Եւ Սէր

Յաջորդը

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի

RelatedPosts

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»
Հարցազրոյց

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»

January 12, 2026
«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
Հարցազրոյց

«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

January 10, 2026
Երուանդ Հաւարեանի «Rewind» (Վերադարձ) Խորագիրով Անհատական Ցուցահանդէս
Հարցազրոյց

Լիբանանեան Կարեւոր Դէմքեր. Անմահացուցած Երուանդ Հաւարեանին Հետ

December 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.