Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւատք, Յոյս Եւ Սէր

December 14, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՌԻԹԱ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ

Դիմատետրի իր էջին վրայ ժրաջան աշխատանքներու նկարներ, ապա` Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօնավաճառի յայտարարութիւն: Լիբանանի տնտեսական այս սուր տագնապի օրերուն, երբ մարդիկ իրենց ուտելիք հացը դժուար կը ճարեն, ի՞նչ հաւատք եւ ի՞նչ քաջութիւն` այսպիսի հսկայական գործ ձեռնարկելու:

Տօնավաճառի բացման օրը, ճանապարհին, եղանակի յանկարծակի փոփոխութիւնը եւ տեղատարափ անձրեւը եկան աւելցնելու թերահաւատութիւնս` ծրագրի յաջողութեան: Նոյնիսկ ուղեկիցիս բարձրաձայն յայտարարեցի, որ` «Երկրի տնտեսական տագնապը կարծես չէր բաւեր, հիմա ալ աննպաստ օդը պատճառ պիտի դառնայ ձեռնարկի ձախողութեան»:

Վերջապէս հասնելով ինծի համար այնքան հարազատ վայրը, ուղղուեցայ դէպի  սեղանատուն: Հանդիսութեան նշանակուած սրահը:

Հիասքանչ տօնածառ մը  եւ բացառիկ, գեղեցիկ, ձեռակերտ Յիսուս Քրիստոսի հսկայ մսուր մը կը զարդարէր սրահի մուտքին դիմացի պատն ու  մէկ անկիւնը:

Սրահի ամբողջ երկայնքին ու լայնքին տեղադրուած` սեղաններուն վրայ կը տողանցէին հայկական խոհանոցին պատկանող իւրայատուկ անուշեղէններ, խմորեղէններ, ինչպէս նաեւ` արուեստի գործեր եւ տօնական մթնոլորտը յիշեցնող ձեռակետ զարդեր եւ յուշանուէրներ: Սեղաններու հայկական նաշխերով սփռոցները աւելիով կը շեշտէին հայկական իւրայատուկ մթնոլորտը:

Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս կրցած էին կատարել այս հսկայական աշխատանքը:

Ի՜նչ մեծ սիրով եւ գուրգուրանքով կրցած էին այս համեստ սրահը վերածել այսքան ճոխ եւ հարուստ տաղաւարին:

Արդեօք այս նո՞յն վայրն է, ուր բազմաթիւ առիթներով ներկայ գտնուած եմ տարբեր բնոյթի ձեռնարկներու:

Ձեռնարկը սկսելու յայտարարուած ժամուն քանի մը վայրկեան մնացած էր: Սրահին մէջ, վերջին վայրկեաններու կատարուելիք գործերը աւարտելու միտումով, տասնեակ մը թիւով կիներ եւ երիտասարդներ անդադար շարժումի մէջ էին: Առանց թելադրանքի, իւրաքանչիւրը իր մասնակցութիւնը կը բերէր` լաւագոյնս ներկայացնելու իրենց աշխատանքը:

Կը խոստովանիմ, որ հիացած էի իրենց աշխատանքով եւ ձեռք բերած արդիւնքներով, բայց տակաւին վերապահ էի հաւատալու տօնավաճառի յաջողութեան:

Պարզապէս զարմացած էի, որ այս մարդիկը ուրկէ՞ բերած էին հաւատքը` իրենց աշխատանքի յաջողութեան նկատմամբ:

Վերջապէս Արա Գէորգեանի «Արցախ» երաժշտութիւնը աւետեց տօնավաճառին բացումը:

Արժանավայել ձեւով դրան մուտքի ժապաւէնը կտրելէ ետք, հոծ բազմութիւն մը մտաւ ներս:

Թերահաւատութեանս երեսին` առաջին ապտակը:

Ամէն տարիքի եւ ամէն դասակարգի մարդիկ ներկայ էին:

Բացման խօսքէն ետք Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի բացատրական եւ շնորհակալական խօսքերը պատասխանը տուին բոլոր վերոյիշեալ հարցադրումներուս:

Սրբազան հօր խօսքերը կը յանգեցնէին այն եզրակացութեան, որ մարդ արարած որեւէ աշխատանքի եւ նպատակի յաջողութեան հաշուոյն երբ կը զինուի հաւատքով, յոյսով եւ սէրով, անպայման յաջողութեան դափնեպսակին կ՛արժանանայ: Անոր  խօսքերուն մէջ հետաքրքրական էր նաեւ շեշտաւորումը` «շնորհակալ ըլլալու» արարքին կարեւորութեան:

Ան նոյնիսկ կենդանի օրինակով շնորհակալութիւն յայտնեց եւ նոյնիսկ պարգեւատրեց  այն բոլոր մարդիկը, որոնք հաւատացած էին ու կը հաւատային «Թռչնոց բոյն»-ի առաքելութեան եւ չէին զլացած ինքնակամ իրենց օժանդակութիւնը տրամադրելու այս հաստատութեան գոյատեւման աշխատանքին ի խնդիր:

Նոյնինքն «հաւատ, յոյս եւ սէր» սրբազան երրորդութեան մթնոլորտի մէջ շարունակուեցաւ «Թռչնոց բոյն»-ի տօնավաճառը:

Իսկական Ամանոր էր կարծէք: Հայկական Ամանոր:

Դաշնակի եւ քանոնի կենդանի նուագակցութիւնը իր հաճելի անդրադարձը ունեցաւ ներկաներուն վրայ:

Շուտով սպառեցան տաղաւարներու վրայ շատ մեծ սիրով պատրաստուած բոլոր տեսակի ապրանքները:

Օրերով, թէկուզ ճգնաժամ աշխատանքով, բայց նաեւ հաւատքով, յոյսով եւ սէրով պատրաստուած տօնավաճառը յաջողութեամբ պսակուեցաւ:

Հասած էր կարծէք այդ յաջողութիւնը տօնելու վայրկեանները: Աշխատակիցները, «Թռչնոց բոյն»-ի աշակերտներու ընկերակցութեամբ, իրենց ուրախութիւնը արտայայտեցին` հայկական շուրջպար բռնելով:

Վարձքերնիդ կատար եւ ապրի՛ք բոլորդ:

 

 

Նախորդը

ԼՕԽ-ի 90-ամեակի Նուիրուած 2020-ի Օրացոյցը

Յաջորդը

«Արցախի Եւ Հայաստանի Միջեւ Օր Առաջ Պէտք Է Ռազմաքաղաքական Դաշինք Կնքուի». Վ. Բալայեան

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.