ՀՅԴ Նետրլանտներու Կառոյցի Շարքերը Համալրուեցան Նոր Երիտասարդներով
Նետրլանտներու մէջ ՀՅԴ հիմնադրութեան 129-ամեակի տօնակատարութեան շրջագիծին մէջ տեղի ունեցաւ նորագիրներու երդման արարողութիւն: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի կնքահայրութեամբ, երդում տուին եւ ՀՅԴ Նետրլանտներու կառոյցի շարքերուն միացան հինգ նորագիրներ: Նշենք, որ Նետրլանտներու Ալմելօ քաղաքին մէջ 18 յունուարին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 129-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը, որուն իբրեւ օրուան գլխաւոր բանախօս` հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան:




















