Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողանեան Ընթերցուած Մը` Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան

Յունուար 24, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Կոստանդնուպոլսոյ հայոց Սահակ Բ. Մաշալեան պատրիարքին գահակալութեան արարողութենէն չորս օր ետք Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողան Անգարայի նախագահական պալատին մէջ ընդունեց պատրիարքն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որոնց հետ մէկ ժամ տեւած դռնփակ տեսակցութեան մասին բաւական ժլատ տեղեկութիւններ հաղորդեց պոլսահայ «Ժամանակ» պարբերականը:

Էրտողան, ըստ «Ժամանակ»-ի, Մաշալեան պատրիարքին յայտնած է, որ հայ համայնքը Թուրքիոյ համար անուրանալի արժէք ունի, աւելցնելով, որ ուշադրութեամբ կը հետեւի այս պատմական արժէքին պահպանման:

Ապա կատարուած է նուէրներու փոխանակում, եւ տեսակցութիւնը վերջ գտած է: Այսքա՛ն:

Մաշալեան պատրիարք, Կրօնական ժողովի ատենապետ Թաթուլ ծ. վրդ. Անուշեան եւ հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու նաեւ այցելած են արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի, որ շնորհաւորած է նոր պատրիարքին ընտրութիւնը եւ ապա Թուիթըրի իր էջին վրայ գրած է: «Կը շարունակենք միասին աշխատիլ բազմամշակութային եւ հանդուրժողական մթնոլորտի մը մէջ»:

Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքութեան պատմական աթոռը 1461-ին հաստատուեցաւ Կոստանդնուպոլիսը նուաճած Մեհմետ Ֆաթիհ սուլթանին կողմէ` պարզապէս հաւասարակշռելու համար Բիւզանդական կայսրութեան «Յաւերժական մայրաքաղաք»-ին մէջ յոյներու հեղինակութիւնն ու ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ` Պոլիսը հայ արհեստաւորներուն համար դարձնելու համար շահաբեր քաղաքի մը, անշուշտ առաջնորդուելով 1453-ի աւերածութիւններէն ետք Պոլիսը մարդաշատ եւ առեւտրական կարեւոր քաղաքի մը վերածելու ծրագրով:

Բիւզանդական կայսրութեան օրերուն Կոստանդնուպոլսոյ մէջ յատկապէս հայոց կրօնական ազատութիւնները բաւական կաշկանդուած էին` դաւանաբանական յստակ տարբերութիւններու պատճառով, եւ միայն Պալաթի մէջ հայկական եկեղեցւոյ մը գոյութիւնը եւ յատկապէս առաջին պատրիարքին` Յովակիմի կրօնական գործունէութեան մասին բաւական ժլատ տեղեկութիւններ կը յուշեն, որ բիւզանդական մայրաքաղաքին մէջ հայոց կրօնական գործերը կը դասաւորուէին սահմանափակ թիւով կրօնականներու կողմէ:

Եւ այնուհետեւ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքութիւնը վերածուեցաւ արեւմտահայութեան Զարթօնքի կարեւորագոյն օրրաններէն մին, յատկապէս երբ պատրիարքական աթոռ կը բարձրանային արժանաւոր պատրիարքներ, ինչպէս` Խրիմեան Հայրիկ, Ներսէս Վարժապետեան եւ ուրիշներ, որոնց գործունէութեան արգասիքը ամէնուրեք զգալի կը դառնար:

Անշուշտ յօդուածի մը սահմաններուն մէջ բնաւ կարելի չէ ներկայացնել այն վիթխարի աշխատանքը, որ ընդհանրապէս պոլսահայութիւնը եւ մասնաւորաբար պատրիարքութիւնը կատարած է` արեւմտահայ Զարթօնքին համար, եւ որուն շնորհիւ է, որ արեւմտահայերէնը ծաղկման եւ կատարելութեան լրումին հասաւ, արեւմտահայ գրականութիւնը իր ոսկեդարը ապրեցաւ, արեւմտահայ թատրոնը տուաւ իր հսկաները, իսկ արեւմտահայ երգարուեստը անփոխարինելի Կոմիտասի հետ սաւառնեցաւ եւ գագաթներ նուաճեց:

Եւ երբ Էրտողան թրքական դիւանագիտութեան յատուկ կեղծ ու շողոքորթութեամբ համեմուած խօսքերով կը յայտնէր, որ` «ուշադրութեամբ կը հետեւի այս պատմական արժէքին պահպանման», կը յիշեցնէր Պոլսոյ մէջ հայ գիրերու գիւտին հազար չորս հարիւրամեակին նուիրուած փառահեղ հանդիսութեան ընթացքին Էնվերի արտասանած խօսքը, թէ` «պէտք է գուրգուրալ Պոլսոյ հայութեան վրայ, որովհետեւ անիկա ազգային արժէք մըն է»:

Ապա Էնվեր, Թալէաթ եւ միւս իթթիհատականները քալեցին օսմանցի արիւնարբու սուլթան Ապտիւլ Համիտի ուղիէն` ցեղասպանութեան զոհ դարծնելով արեւմտահայութիւնը: Պոլսահայութիւնը անմասն չմնաց այս ոճիրէն, թէեւ պէտք է ընդունիլ, որ մահացու հարուածը աւելիով տրուեցաւ գաւառի հայութեան կողին: Այն հայութեան, որ կը կազմէր Արեւմտեան Հայաստանի` չքնաղ հայրենիքին բնակչութեան կորիզը:

Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան կապուած շուրջ տասը տարուան վերիվայրումները ցուցանիշ եղան, թէ թրքական իշխանութիւնները ի՛նչ տարողութեամբ միջամուխ կը դառնային հայ համայնքին ներքին գործերուն: Ասոր առաւել ապացոյցը Անգարայի իշխանութիւնները տուին, երբ արգելակեցին եպիսկոպոսներու թեկնածութիւնը` արհեստական արգելքներ յարուցելով թեկնածուներու առաջադրման դէմ:

Վարագոյրը իջած է պատրիարքական ընտրութեան վրայ, եւ նոր պատրիարքը իր ազգային¬կրօնական առաքելութիւնը կը ստանձնէ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ տիրական են, ինչպէս ամերիկեան հեղինակաւոր «Ֆորէյն Փոլըսի»  պարբերականը կը գրէր, թրքական պարբերական միջամտութիւնները` կրօնական փոքրամասնութիւններու համայնքներու ներքին գործերուն` ջլատելով զանոնք:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (24 Յունուար 1970)

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Արցախեան Բեղուն Տարեշրջանը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?