Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հետեւելով Ըսուածներուն Եւ Գրուածներուն. Քորսիքական «Վանտեթա»-ի, 1937-ի Կրկնութեան Եւ Նոր Քարտէսի Մը Սպասման Մթնոլորտին Մէջ

Յունուար 25, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Թէ բարի են խօսքերը քո,
Հայոց լեռներն ակնածանքով
Կը խոնարհուեն քո դէմ լռին
Բաշը քսած քո ձեռքերին:
Իսկ թէ չար են` լեռները մեր,
Հրաբխի բներն անմեռ,
Որ լռե՛լ են, բայց չե՜ն հանգել,                                                        
Քեզ լաւայո՜վ կ’արձագանգեն,
Որ լեռնե՜ր է քշում տանում…
Զգո՜ւշ խօսիր Հայաստանում:

ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ (1919-1998)

Քանի մը անգամ ըսած եմ, որ պատմութեան մէջ յեղափոխութիւններ եղած են, որոնք այս կամ այն ձեւով, մեծ կամ պզտիկ, յաջող կամ ձախող, աւարտած են:

Մեր փոքրացած երկրին մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութիւնը, իր ստորոգելին մոռցած է կարծէք կիրքերու մթնոլորտի մէջ, դարձած է քորսիքական վանտեթայի մնայուն բաց բեմ:

Մէկուկէս տարի ետք թաւշեայ յեղափոխութենէն, ականատես ենք մնայուն յեղափոխութեան, օր աւուր կրկնուող ցնցող նորութիւններով: Ֆրանսայի նախագահ Ֆ. Միթերան կը խօսէր մնայուն պետական հարուածի մասին, coup d’Etat permanent: Զանգուածի յեղափոխական լարումը ձգտուած պահելու համար Հայաստանի մէջ ամէն օր կան` ամբաստանութիւն, դատ, պաշտօնազրկում, բանտարկութիւն, դատի եւ ասֆալթին փռելու սպառնալիք:

Դատարաններու վճիռները կը տարուին Եւրոպական ատեան, կը բեկանուին` անհամապատասխան համարուելով ընդունուած չափանիշներու: Երկիր եւ պետութիւն վարկ կը կորսնցնեն:

Կը մտածեմ. մնայուն յեղափոխութի՞ւն, թէ՞ մնայուն պետական հարուած:

Կամ աւելի պարզ բնորոշումով` վանտեթա: Կարդալ ֆրանսացի գրող Փրոսփեր Մերիմէի քորսիքական աւանդական վանտեթայի «Քոլոմպա» գրական երկը: Թումանեանի «Անուշ»-ն ալ վանտեթայի պատում է: Երկու պատումներն ալ` յուզիչ գրականութիւն:

Իսկ երբ երկիր մը գտնուի վանտեթայի մթնոլորտի մէջ, որ կը քաջալերուի շահախնդրութիւններով, աւերի առջեւ կը կանգնի ազգը:

Երբեմն պէտք է յիշել` 1937-ը, աքսորները, բանտարկութիւնները, մատնութիւնները, հալածանքները, որոնց համար սուղ գին վճարեց ազգը: Չլսեցինք եւ այսօր ալ չենք լսեր Չարենցի բարձրագոչ խօսքը միացման եւ փրկութեան մասին, զայն կը վերածենք սոսկ բեմական զարդի:

Վերանկախացման առաջին օրերու նախարարը խօսելով արխիւներու բացման մասին` կ’ըսէր, որ այդ կարելի չէ ընել, Հայաստան փոքրիկ երկիր է, եւ մէկը միւսը կը ճանչնայ, այսինքն կ’ըլլայ վանտեթա:

Պէտք է ականջ տալ պատմութեան ձայնին, որ այսօր ընթացքի մէջ է, այդ կը կոչենք միջազգային յարաբերութիւններ, որոնց ուղղութիւնները, տարողութիւնը եւ բովանդակութիւնը արմատական փոփոխութիւններ կրելու ընթացքին մէջ են: Աշխարհի այն շրջանին մէջ, ուր կը գտնուի Հայաստանը, տեղի կ’ունենան ուժերու նոր դասաւորումներ, որոնցմէ մեզ անմիջականօրէն զգուշութեան հրաւիրողները ռուս-թրքական մերձեցումը եւ Թուրքիոյ կայսերական-մեծպետական անզսպելի դարձող յաւակնութիւններն են:

Այս կացութեան դիմաց, պատմական ծաղրանկար են մեզ ջլատող մեր ներազգային պառակտումները:

Հայաստանի եւ Արցախի մէկ կամ երկու կացութիւններու իսկական անշպար պատկերը պէտք է կազմել: Ինչո՞ւ չենք տեսներ տարբերութիւնը մրցակցութեան եւ երկպառակութեան: Չենք տեսներ անոնց սրման հետեւանքները ազգի եւ հայրենիքի գալիքին մէջ: Թէեւ քուլիսներու մէջ պատրաստուող վերադասաւորումները ոչ ոք կ’անգիտանայ, որոնք այլապէս վտանգաւոր կրնան ըլլալ Հայաստանի եւ Արցախի համար: Օրինակ, Փութին-Էրտողան մեղրամիսը ի՞նչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ: Հարցում էր:

Ինչո՞ւ իրականութիւնները չենք դիտեր առարկայականօրէն եւ կը փորձենք շփոթեցնել հանրային կարծիքը եւ մենք մեզ: Հետաքրքրական խօսք ըսած է Հայաստանի քաղաքական դէմքերէն Մանէ Թանդիլեան. «Եւ անկախ նրանից Վրաստանի նախարարը ինչ է ասել եւ ում է ասել, վարչապետին եւ կառավարութեանը խորհուրդ կը տամ PR-ով զբաղուելու փոխարէն` գործով զբաղուել, սա եւրատեսիլի մրցոյթ չէ, վերջապէս…»: (Տե՛ս «Առաւօտ» թերթ):

Հայաստանեան մամուլը կը յորդի քարոզչական ինքնարդարացումներով եւ քննադատութիւններով, որոնք փուչիկ են: Իրականութիւնները այլ են: Այսպէս, հակառակ ըսուածին եւ գրուածին, արտագաղթը կը շարունակուի: Ոչ ոք անկեղծութեամբ կը խօսի Հայաստանի եւ Արցախի անմարդաբնակ դարձած եւ դարձող գիւղական շրջաններու մասին: Առանց կենսունակ գիւղերու` երկիր մը շնչահատ կ’ըլլայ: Այն քիչ տեղեկատուութիւնը, որ գիւղերու մասին կը սփռուի հեռատեսիլէն` ճամբաներ, դպրոցներ, բնակչութիւն եւ լքուած տուներ, խօսուն է: Հայաստան կարծէք կը նմանի ծովու մը, որուն վրայ կը ծփայ արեւմտեան յղփացածներու զբօսաշրջային զուարճութեանց հսկայական նաւ մը. Երեւանը: Կամ կը յիշեցնէ Նեւատայի անապատին մէջ լուսաւոր խաղատուն Լաս Վեկասը:

Իրարու դէմ նիզակ կը ճօճենք, զիրար կ’ուզենք հրապարակէն քշել, կարծէք` առանց մտածելու, որ մեր ժողովուրդը կրկին իրաւազրկելու միտումներով դրկիցներ ունինք, որոնց ազգայնական եւ կայսերական ցանկութիւնները գաղտնիք չեն: Իրենց փառասիրութիւններուն ճամբուն վրայ Հայաստան խոչընդոտ է: Մոռցա՞ծ ենք Հայաստան-Արցախի սահմանները վերագծելու Փոլ Կոպլի առաջարկները: Յաջորդ սերունդները պիտի զարմանան եւ պիտի դատապարտեն մեզ, որ պատմութեան բանալի եւ վտանգալից օրերուն, մենք մեզ զբաղեցուցած ենք վէճերով եւ սպառնալիքներով, ամբաստանութիւններով եւ դատերով, վանտեթայով:

Կը յիշե՞նք, որ հայոց Արշակունիներու թագաւորութեան վերջ տրուեցաւ մեր պահանջով: Պիտի ընե՞նք այնպէս, որ հայոց պետականութիւնը վերջ գտնէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն պառակտումներուն պատճառով:

Հայրենիք եւ պետութիւն պահելու համար հասարակաց հզօր կամք պէտք է:

Պառակտում եւ քաղաքացիական պատերազմ` որպէս իրողութիւն կամ մթնոլորտ, կը խարխլեն պետութեան եւ անկախութեան հիմերը:

Այս կացութիւնը, անմիջականը, փառասիրութիւնները, ես ու քէն գերանցող ուժ պէտք է:

Այսօ՛ր:

Չընենք այնպէս, որ Արտաշէսի որդի Արտաւազդին պէս վաղուան ղեկավարը ստիպուած ըլլայ ըսելու. «Ես աւերակացս ո՞նց թագաւորեմ»:

Ինչո՞ւ Հայաստանը չվերականգնել` մէկութեամբ հզօրութիւն ստեղծելով, վերջ տալով մէկը կէսը միւս կէսին դէմ մնայուն պետական հարուածի (coup d’Etat permanent) ամբոխային կիրքի մթնոլորտին:

Երբեմն մտածել վանտեթայի անհեթեթութեան, 1937-ի յաւերժ աղէտալի վիճակի մասին` միշտ ի մտի ունենալով, որ չքնացնողներ կան, որոնք յանկարծ կրնան յայտնուիլ նոր քարտէսով մը:

Այն ատեն որո՞ւ լամբակին պիտի կախենք հերոսի կամ հակահերոսի շքանշանը:

Իշխանութիւն-ղեկավարութիւնները եւ ընդդիմութիւն-ղեկավարութիւնները եթէ լսէին քաղաքական մեծ դէմք Շարլ տը Կոլը, կը յառաջդիմէինք ազգովին: Ան  ըսած է. «Ոչինչ աւելի լաւ կը բարձրացնէ հեղինակութիւնը, քան` լռութիւնը, հզօրներու շքեղութիւնը եւ ապաստանը տկարներու»*:

Լռել եւ գործել` պատմութիւնը դիմագրաւելու համար:

Հայաստանի մէջ ամէն օր ծաւալող եւ բարձրացող աղմուկը ոչ մէկ բանի երաշխիք է: Twitter եւ facebook…

11 յունուար 2020, Նուազի-լը-Կրան

* Rien ne rehausse l’autorité mieux que le silence, splendeur des forts et refuge des faibles. (Charles de Gaulle).

Նախորդը

Լեզուն` Ազդակ Բաժանմա՞ն, Թէ՞ Միացման

Յաջորդը

Կիլիկիոյ Սիս Մայրաքաղաքի Աւանդութիւններն Ու Կրօնական Բարքերը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?