Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները
Ժողովրդային Դիմադրութիւն` Ի Պաշտպանութիւն Հայ Եկեղեցւոյ Նուիրական Իրաւունքներուն ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ռուսաստանի եւ Կովկասի թեմերու առաջնորդներու եւ սինոտի անդամներու խառն ժողովէն եւ անոնց հաւաքական հրաժարականէն ետք, 11 օգոստոս 1903-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հայրիկի հրամանով եւ Սուքիաս արքեպիսկոպոս Պարզեանի նախագահութեամբ կայացաւ վանահայրերու եւ առաջնորդական փոխանորդներու ժողովը: Ախալքալաքի Սուրբ Խաչ եկեղեցին Ժողովին կը մասնակցէին Սուրբ Հռիփսիմէի վանքի վանահայր Յուսիկ եպիսկոպոս Մովսիսեան, Սեւանի վանքի...




















