Մարսէյի հայ գաղութը վերջերս կորսնցուց իր աշխուժ զաւակներէն Սեպուհ Գարաքելեանը: Անոր վաղաժամ հեռացումը այս աշխարհէն սուգի մատնեց իր հարազատները Մարսէյէն մինչեւ Լիբանան ու Միացեալ Նահանգներ:
1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած էրզրումցի ծնողքի զաւակ` Սեպուհ ծնած էր Լիբանան, ուր ստացած էր իր նախնական կրթութիւնը Հայաշէնի երբեմնի Ազգային Թորգոմեան վարժարանին մէջ: Պատանի տարիքէն ան արդէն սկսած էր յաճախել յարակից ակումբը եւ աւելի ուշ անդամագրուած` ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան շարքերուն:
Աշխուժ Սեպուհ մարզանքի սիրահար էր եւ փինկ փոնկը իր նախասիրած մարզախաղերէն մէկն էր: Ան մէկէ աւելի առիթներով ճամբորդած ու ՀՄԸՄ-ի կողմէ մասնակցած էր փինկ փոնկի մրցումներու եւ յաղթելով` ախոյեան վերադարձած: Սակայն անողոք պատերազմը, ինչպէս բազմաթիւ հայորդիներու, նաեւ Սեպուհի յիշողութեան մէջ թողած էր անկատար երազներ: Փաստօրէն, 1975-ին Լիբանանի մէջ բռնկած պատերազմի ընթացքին, հազարաւոր հայորդիներու նման, Սեպուհ եւս մասնակցեցաւ հայաբնակ թաղամասերու վաճառատուներու, բնակարաններու, ազգային կառոյցներու եւ աւելի կարեւորը` հայու, լիբանանահայութեա՛ն ինքնապաշտպանութեան վսեմագոյն պարտականութեան, առաքելութեան: Այդ շրջանին Հայաշէնի ՀՅԴ-ի ակումբը եղած էր իր տունը, ինչպէս անոր մտերիմները կը յիշեն, Սեպուհ օրերով կը բացակայէր տունէն: Անոր վաղեմի ընկերները տակաւին կը յիշեն, թէ ինչպէ՛ս պատերազմի բուռն ու ահաւոր կռիւներու ընթացքին օրերով կորսուելէ ետք, յանկարծ իր ծանօթ ժպիտով վերադարձած էր տուն եւ երկար հարցուփորձէ ետք ի վերջոյ «խոստովանած» էր, թէ օրուան պատասխանատուներէն (հանգուցեալ) ընկեր Կորիւն Արսլանեանին հետ մեկնած էին ինքնապաշտպանութեան թաղամասերու «ճակատ»-ը:
Ան նախանձախնդիր էր հայ պատանիներու ազգային առողջ դաստիարակութեան ու այդ գծով ան չէր վարանած իր երբեմնի ընկերոջ հետ զգուշացնելու եւ սաստելու օրին վտանգաւոր նկատուած` «ֆլիփըրզ»-ի մէկ խաղավայրի սեփականատէրը, պահանջելով արգիլել այդ խաղին մասնակցելու եկող պատանիներու մուտքը իր խաղավայրէն ներս:
Բնաւորութեամբ ազնիւ, ընկերասէր, ծառայասէր ու ժպտադէմ երիտասարդ Սեպուհ ապահով ապագայի փնտռտուքի հետքերով, շատ մը հայորդիներու նման, 1976-էն ետք մեկնած էր Ֆրանսայի հարաւը գտնուող Մարսէյ քաղաքը: Չդիմանալով հարազատներու կարօտին` ան վերադարձած էր Լիբանան, ուր ծանօթանալով իր ապագայ կողակիցին` Սիլվա Մարգարեանին, ամուսնացած ու կազմած էր իր ընտանեկան բոյնը: Սակայն խաբուսիկ զինադադարէ ետք վերսկսած բախումները դարձեալ զինք մղած էին դէպի Մարսէյ: Թէեւ արհեստով շապկագործ էր, սակայն ան փորձած ու աշխատած էր զանազան մարզերու մէջ` փորձելով պարկեշտ օրապահիկ ապահովել: Ի վերջոյ ան Մարսէյի մէջ կը հիմնէր իր սեփական ճաշարանը` «Ֆենիսիա»-ն եւ իր պատրաստած համադամ ճաշերով կը ներգրաւէր, ֆրանսացիներու կողքին, նաեւ բազմաթիւ հայորդիներ: Ան իր ճաշարանը այցելողներուն յաճախորդի աչքերով չէր նայեր: Յաճախ կ՛ընկերանար անոնց, մանաւանդ սեղանակից կը դառնար գաղութի հայորդիներուն եւ կարծէք տարիներու բարեկամներ ըլլային, մօտէն կը հետաքրքրուէր անոնց կացութեամբ, միշտ պատրաստակամ օգնելու ոեւէ կարիքաւորի: Անոր համադամ ճաշերը կը զարդարէին շրջանի հայ թէ ոչ հայ միութիւններու կազմակերպած հաւաքները:
Կեանքի եւ ապրուստի առօրեայ հեւքերով ծանրաբեռնուած` երբեմնի մարզիկ եղբայր Սեպուհը իր մարզասէր ու ազգասէր ոգին ու շունչը փոխանցած էր իր հարազատներուն: Այսօր անոր թոռնիկները կը մասնակցին Մարսէյի ՀՄԸՄ-ի եւ ազգային այլ կառոյցներու կազմակերպած գործունէութեան:
Քառասուն օրեր առաջ անոր մահուան գոյժը խոր սուգի մատնած էր Մարսէյի իր հայ թէ ոչ հայ բարեկամները, որոնք խուռներամ փութացած էին անոր յուղարկաւորութեան, վերջին հրաժեշտ տալու իրենց ընկերասէր ու մարդամօտ բարեկամին` եղբայր Սեպուհին: Ու անցնող կիրակի, անոր հոգեհանգստեան արարողութեան աւարտին, Մարսէյի Պոմոն շրջանի ՀՅԴ ակումբին կողմէ տրամադրուած սրահին մէջ անոր հարազատներն ու բարեկամները համախմբուած էին հոգեճաշի սեղանին շուրջ: Այս առթիւ Պոմոնի ՀՅԴ «Հ. Մարուխեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Ժան Ճինեան խօսք առնելով` բարձր գնահատած է հանգուցեալին մարզական նկարագիրը եւ մեծ դրուատիքով բնորոշած է եղբայր Սեպուհի նկարագրին ծառայասէր, ազգասէր, աշխատասէր ու պարկեշտ յատկութիւնները:
Սակայն հանգիստ ննջէ, սիրելի՛ եղբայր Սեպուհ, Լիբանանի ու յատկապէս Հայաշէնի վաղեմի բարեկամներդ եւս կը սգան ու չեն մոռցած քեզ եւ վաղը` կիրակի, 26 յունուարին, ՀՅԴ Հայաշէնի «Ռոստոմ» կոմիտէի կազմակերպութեամբ, անոնք պիտի համախմբուին ոգեկոչելու համար յիշատակդ:
Աշխարհասփիւռ հայու ճակատագիր: Օտար ափերու վրայ հայու պատկանելիութեան ոգին կը շաղկապէ մեզ մեր երկրորդ «հայրենիք»-ներուն միջեւ, Միջին Արեւելքի Լիբանանէն մինչեւ հեռաւոր եւրոպաներն ու ամերիկաները, որովհետեւ բոլորս մեր բռնագրաւուած նո՛յն բնօրրանին կարօտով ապրող, համազգային նո՛յն Դատին համար պայքարող ազգակիցներն ենք, եւ աշխարհագրական տարածքները չեն արգելակեր համահայկական մեր տեսլականի ու նպատակի իրականացման ճիգերը:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ եղբայր Սեպուհ:
ՍԳԱԿԻՐ ԲԱՐԵԿԱՄ ՄԸ