Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անկրկնելի Հալէպը. Անշիրիմ Հայկազեանը

January 24, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Արտերկրի հնագոյն կրթօճախներէն` Հալէպի Ազգային Հայկազեան վարժարանը, հիմնուած` 1852 թուականին,  160 տարիներ լուսաւորելէ ետք, 2012-2013 կրթական տարեշրջանի աւարտին փակեց իր դռները, աւելի քան հինգ դարու պատմութիւն ունեցող Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ ծխական դպրոցը:

Սուրիական թէժ պատերազմի եւ սուրիահայութեան ու յատկապէս հալէպահայութեան աննախընթաց արտագաղթի պատճառով, քաղաքին մէջ գործող չորս ազգային վարժարաններ` Հայկազեան, Սահակեան, Զաւարեան եւ Կիւլպէնկեան, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային վարչութեան որոշումով եւ տնօրինութեամբ խմբուեցան Ազգային միացեալ վարժարան անուան տակ:

Այսպիսով շիջեցաւ հայոց արդի պատմութեան կրթական հզօր ամրոցներէն մին, որուն աշխարհասփիւռ շրջանաւարտները սարսուռ մը ապրեցան, երբ լսեցին անոր փակումին բօթը:

Բաղդատութիւն մը կատարելով այս համախմբուած վարժարաններու միջեւ` Հայկազեանը կը հանդիսանայ դժբախտութեան ախոյեան, երկու հիմնական պատճառներով:

Տարագիր հայութեան գալուստէն շատ առաջ գործող այս կրթօճախը մնացած է բաժնուած, իր երեք մասնաշէնքերը` մանկապարտէզ, աղջկանց եւ տղոց բաժիններ իրարմէ հեռու թաղեր հաստատուած են, յատկապէս մանկապարտէզը, որ վերջին քառասուն տարիներուն, որպէս առժամեայ միջոցառում, փոխադրուեցաւ Նոր Գիւղ, Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի պարտէզին մէջ, նախկին գիշերօթիկներու Տիգրանեան շէնքը, արդիական մանկապարտէզի մը յարմարութիւններէ զրկուած:

Պարտիզագնացութեան մը Հայկազեան վարժարանի աշակերտուհիներ եւ ուսուցչական կազմը: Կեդրոնը` տնօրէն Մատթէոս Մ. Էպլիղաթեան (1932-1935), ձախէն` նստած, առաջին շարքին եօթներորդը` մանկապարտիզպանուհի Սաթենիկ Տասնապետեան:

Աղջկանց բաժինը կը գործէր 1950-ական թուականներուն եկեղեցւոյ կից  կառուցուած շէնքին մէջ, որ ընդհանրապէս նեղ կու գար, քաղաքի կեդրոնական թաղերուն` Ազիզիէի,  Սալիպէի, Նայեալի եւ Սուլէյմանիէի բնակիչներու զաւակներուն:

Պետութեան կողմէ 1967 թուականին սեփական վարժարաններու մասին հաստատուած օրէնքէն ետք, Հայկազեան վարժարաններու երեք արտօնագիրները պահպանելու հեռանկարով, միւս կողմէ` ամբողջական եւ արդիական նոր կառոյցի մը երազը իրագործելու դժուարութիւններուն պատճառով, առժամեայ լուծումներէն էր Նայեալի շրջանին մէջ հոգեւոր եղբայրակցութեան «Կենաց» վարժարանի գնումը, որ յատկացուեցաւ` որպէս տղոց բաժին:  Հալէպի թանգարաններու տնօրէնութեան յանձնելով Ճիտէյտիէի մէջ «Պէյթ ղազալէ» արաբական ապարանքը, ուր աշակերտելու բախտաւորներէն եղած եմ նախակրթարանի 1962-1968 տարիներուս:

Որպէս փոխհատուցում` քաղաքապետութիւնը Ազգ. իշխանութեան տրամադրեց Սուլէյմանիէի հայաշատ շրջանի մէջ հողաշերտ մը, հոն կառուցուեցաւ Կիւլպէնկեան վարժարանը եւ «Եսայեան» սրահը, որ այժմ կը գործէ որպէս Ազգային միացեալ վարժարան:

Պատերազմը կանխող տարիներուն Հայկազեան վարժարանի հողաշերտի մը փնտռտուքի աշխատանքը յաջողութեամբ պսակուեցաւ, գնումը իրականացաւ: Հիմնարկէքի արարողութիւնը կատարուեցաւ ձեռամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի: Պատերազմի նախօրէին, շինարարութեան արտօնագիրի դժուարութեան  եւ շրջանի բնակիչներուն վիճելի կենցաղին պատճառով, թերեւս բարեբախտութիւն մըն էր, որ այդ  ծրագիրը առկախուեցաւ:

Թափառող Հայկազեանի երկրորդ դժբախտութիւնն ալ քառասուն տարիներէ ի վեր անաւարտ մնացած յուշամատեանի հրատարակութիւնն է:

Զանազան յոբելենական առիթներով մեր վարժարաններուն մեծամասնութիւնը ունեցան իրենց յուշամատեանները, Հալէպի մէջ` Մխիթարեան վարժարանը, Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանը, ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան Գալուստ Կիւլպէնկեան կեդրոնական վարժարանը, Կիլիկեան ճեմարանը, Ազգ. Սահակեան վարժարանը, Դամասկոսի Ազգ. միացեալ վարժարանը, Քուէյթի Ազգային վարժարանը:

Հայկազեանի տղոց բաժնի տնօրէն երախտարժան Փիլիպոս Դերձակեանը, որ Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանի անդրանիկ շրջանաւարտներէն էր, առաջինն էր, որ նախաձեռնեց իր տնօրինած դպրոցի յուշամատեանի պատրաստութեան 1979 թուականին, այդ տարին կը զուգադիպէր` 1919-ին Հայկազեան անուանակոչութեան վաթսունամեակին, նախապէս վարժարանը Ներսէսեան կը կոչուէր: Գործը նախատեսուածէն աւելի դժուար էր, ան ձեռնարկեց նկարներու հաւաքման, անուանացանկերու պատրաստութեան, արխիւներու սերտողութեան, բանասիրական հսկայ աշխատանք պահանջող ծրագիր մը, որուն հրատարակութեան ականատես չեղաւ պարոն Դերձակեանը, արտասահման մեկնելէ առաջ:

Հալէպահայ մտաւորական Լեւոն Շառոյեան, Լոս Անճելըսի «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթին, 8 դեկտեմբեր 1988-ի թիւով, «Ողջերթ պարոն Փիլիպոս Դերձակեանի» թղթակցութեամբ, հետեւեալ տողերը կը գրէր. «Հայկազեան վարժարանի մանչերու բաժնի այժմու տնօրէն Հրայր Յակոբեան, որ անդրադառնալէ ետք 1958-1983 վարժարանէն ներս Դերձակեանի բոլորանուէր ծառայութեանց, խոստացաւ ուսումնական ներկայ տարեշրջանին հրատարակութեան յանձնել Հայկազեան վարժարանի ամբողջական պատմութիւնը ընդգրկող յուշամատեանը, պատրաստուած` օրուան մեծարեալին կողմէ»:

Հոգաբարձութեան կողմէ յառաջացած յանձնախումբ մը ստուգումները աւարտած էր 1987-ին`  ամբողջական պատմական մը պատրաստելու աշխատանքը վստահելով ծանօթ բանասէր Միհրան Մինասեանին, մինչ Հրայր Յակոբեանը 1996-ին արտագաղթելէ առաջ ամբողջական թղթածրարը կը յանձնէ իրեն յաջորդող տնօրէն Սիլվա Ճապաղջուրեանին, բոլորիս ծանօթ պատերազմի սկզբնաւորութեան Միհրան Մինասեանն ալ կը հաստատուի հայրենիք:

Այսպիսով, յուշամատեանի պատրաստութեան պատմութիւնն ալ, իր կարգին, կը  բոլորէ քառասնամեակ մը:

Խոր յարգանք տածելով Բերիոյ hայոց թեմի Ազգային իշխանութեան, Ուսումնական խորհուրդին եւ կրթական բնագաւառի պատասխանատուներուն հանդէպ` ցաւ ի սիրտ կրնանք յայտարարել, որ Ազգային Հայկազեան վարժարանը անտէր է այսօր, որովհետեւ ոչ եւս է իր անմիջական խնամատարը` հոգաբարձութիւնը:

Փակուած վարժարաններէն բախտաւորները ունին իրենց Շրջանաւարտից միութիւնները:

Հայկազեան վարժարանի աշխարհասփիւռ շրջանաւարտները փակման գոյժին հետ կրկնակի սարսուռ մը կ՛ապրին այս պահուն` յուշամատեանի հարցին իրազեկ դառնալով:

Անկրկնելի Հալէպը կ՛ապրի ու կը շնջէ հայօրէն, եւ Հայկազեանի յուշամատեանի իրագործումը կարելի է վստահիլ Հալէպ ապրող շրջանաւարտներուն:

Ազգային վարչութեան հովանաւորութեամբ, Հալէպի մէջ ապրող հայկազեանցիներէ կազմուած մարմին մը կարելիութիւն պիտի ունենայ փրկել ցարդ կատարուած աշխատանքը եւ իր լրումին հասցնել այս կոթողական գործը, որ փոխան շիրմաքարի` պիտի կանգնի պատմութեան դիմաց:

Սփիւռքի տարածքին ապրող շրջանաւարտները, անկասկած, բարձր գիտակցութեամբ իրենց նիւթական ներդրումը պիտի ունենան այս հրատարակութեան լոյս ընծայման:

Բազմահարիւր կրթական մշակներ եւ պաշտօնէութիւն, հազարաւոր շրջանաւարտներ, որոնցմէ շատեր վաղուց մեկնած են այս աշխարհէն, անոնց հարազատներն ալ պիտի ողջունեն նման հրատարակութեան մը աւարտը:

Այս խանդավառութիւնը ապրած ենք 1997-ին, երբ Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի յուշամատեանը հրապարակուեցաւ յիսնամեակի յոբելենական հանդիսութեան օրերուն:

Իմ ընտանիքէս չորս սերունդներ ներկայութիւն ունին Հայկազեան վարժարանէն ներս, մեծ հայրս` Մատթէոս Մ. Էպլիղաթեան (1881-1960), տնօրէնն էր 1932-1935 տարիներուն: Իր աշակերտներէն ճանչցած եմ Տիգրան Նահապետեանը, Օննիկ Տէր Յովհաննէսեանը եւ տոքթ. Սիսակ Սիսեռեանը, որոնցմէ տեղեկացայ, թէ բարոյագիտութիւն նիւթի դասատուն եղած է:

Հայկազեանը` որպէս կրթական ամրոց, իւրայատուկ է սփիւռքի պատմութեան մէջ, նկատի ունենալով, որ անոր հիմնադրութիւնը աւելի քան կէս դար կը կանխէ Ցեղասպանութիւնը եւ սփիւռքի ծննդոցը, հայկական դպրոց մը առանց գաղափարական պատկանելիութեան` մինչեւ քսաներորդ դարու կէսերուն, այսպիսով անոր պատմութիւնն ալ կը ցոլացնէ գաղութի ամբողջական պատկերը:

Ազգային Հայկազեան վարժարաններու յուշամատեանը լոյս պիտի սփռէ փառաւոր գաղութի առաջին հայկական դպրոցին վրայ, որ ոսկեայ մէկ օղակն է աշխարհասփիւռ բազմահարիւր կրթական ամրոցներուն` յար եւ նման Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանի, Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցի, Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանի, Հնդկաստանի Մարդասիրական ճեմարանի, Ամերիկայի Ֆերահեան վարժարանի, Փարիզի Դպրոցասէր վարժարանի, Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի եւ Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանի:

Հայկական տուներէն ներս  յարգելի համեմատութեան մը մօտ գրադարան կարելի է տեսնել, իսկ չունեցողներն ալ նուազագոյնը կը պահեն Աստուածաշունչ մը, երազահան մը, հայրենակցական յուշամատեանը եւ իրենց յաճախած դպրոցին յուշամատեանը:

Նոր տարուան խանդավառ եւ յոյսերով լի տրամադրութեամբ, կը սպասենք, որ այս առկախուած ծրագիրը կեանքի կոչուի` որպէս պանծացում մեսրոպեան մեծ գիւտի պատմական ամրոցներէն` Հալէպի Հայկազեան վարժարանի:

Ժընեւ
cilprint@gmail.com           

 

Նախորդը

Ընկերային Ցանցերը` Անհրաժեշտ, Եթէ…

Յաջորդը

«Հայերէնը Օտար Լեզու Չէ, Որ Յետոյ Սորվինք»

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.