Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նետրլանտներու Մէջ Նշուած Է ՀՅԴ 129-Ամեակը

Յունուար 24, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յունուար 18-ին Նետրլանտներու Ալմելօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Նետրլանտներու «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի կողմէ կազմակերպուած ՀՅԴ հիմնադրութեան 129-ամեակի հանդիսաւոր տօնակատարութիւնը:

Ձեռնարկին ներկայ էին` Նետրլանտներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիգրան Բալայեանը, Ալմելոյի շրջանի հոգեւոր հովիւ Մաշտոց Բաղդասարեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանը, ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Հրաչ Վարժապետեանը, Նետրլանտներու մէջ գործող տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր:

Տօնակատարութեան բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու շքերթով եւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներով: Այնուհետեւ ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Նետրլանտներու «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Նուպար Վարդանեանը` առանձնապէս ներկայացնելով ՀՅԴ-ի վերջին ժամանակաշրջանի մարտահրաւէրները, ՀՅԴ Նետրլանտներու «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի աշխատանքները եւ ձեռքբերումները: Անդրադառնալով հայրենիքի այսօրուան տիրող քաղաքական վիճակին եւ մթնոլորտին` ան նկատեց. «Քաղաքական կուսակցութիւններու սխալ գործունէութիւնները եւ անպատասխանատու խօսքերը կը վտանգեն հայութեան միասնականութիւնը, ուստի անհրաժեշտ է վերականգնել մակարդակը, եւ քաղաքական կուսակցութիւնները պէտք է ստանձնեն ազգը միացնողի դերը»:

Ելոյթով հանդէս եկան Դաշնակցութեան շարքերը անցած նորագիր երիտասարդներ` յայտնելով իրենց սրտի խօսքը ՀՅԴ մեծ ընտանիքին միանալու վերաբերեալ:

Դիպուկ էր Նետրլանտներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիգրան Բալայեանի շնորհաւորական խօսքը, որով ան արժեւորեց ՀՅԴ-ի 129 տարիներու հայանպաստ գործունէութիւնը.  «Դաշնակցութիւնը եղած է ոչ միայն հայապահպանութեան ջահակիրը եւ Հայաստանի պետականութեան բացակայութեան պայմաններու մէջ Հայ դատի առաջնորդողը, այլ նաեւ եղած է համախմբողը բոլոր անոնց համար, որոնք կը մտածէին հայապահպանութեան մասին, Հայ դատի մասին, հայոց դատը առաջ տանելու, Հայկական հարցը առաջ տանելու մասին»:

Դեսպանը նաեւ նշեց, որ արցախեան գոյամարտի ընթացքին Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը չափազանց մեծ եղած է, ան շեշտեց, որ կարելի չէ թերագնահատել այդ դերակատարութիւնը. «Պատահական չէ, որ արցախեան գոյամարտի առաջին օրերէն Դաշնակցութիւնը վերադարձաւ Հայաստան, եւ ռազմաճակատի ամենաբարդ ու ամենածանր կէտերուն վրայ դաշնակցականները կը պատերազմէին»:

Նետրլանտներու մէջ ամէն տարի կը նշուի ՀՅԴ հիմնադրութեան տարեդարձը, սակայն այս տարուան տօնակատարութիւնը պատմական եւ յիշարժան դարձաւ Նետրլանտներու մէջ ՀՅԴ պատանեկան միութեան հիմնադրութեամբ, որ պիտի ըլլայ ՀՅԴ երիտասարդական միութեան աղբիւրն ու սերմը եւ վերջապէս պիտի համալրէ ՀՅԴ շարքերը: Այս առիթով տեղի ունեցաւ 10 պատանիներու հանդիսաւոր խոստման արարողութիւնը, որոնք երկու տարի շարունակ ՀՅԴ Նետրլանտներու շրջանի երիտասարդներու կողմէ պատրաստուած էին այս օրուան համար:

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ` Հրաչ Վարժապետեանը պատանեկան միութեան հիմնադրութեանը եւ ընդհանրապէս ՀՅԴ-ի աշխատանքին անդրադարձաւ` հաստատելով. «Դաշնակցութիւնը անցեալի կուսակցութիւն չէ, որ միայն կը պարծենայ իր փառահեղ պատմութեամբ, այլ` ներկայի ու մանաւանդ ապագայի:

Ներկայի կուսակցութիւն է` սփիւռքի տարածքին շարունակելով Հայ դատի քաղաքական իր յամառ ու նուիրեալ պայքարը, հայապահպանութիւնը, գաղութներու ֆիզիքական անվտանգութիւնը, վկայ` թարմ օրինակ հանդիսացող Հալէպը, այս օրերուն` Լիբանանը: Այնպէս, ինչպէս անցնող տասնամեակներուն: Ներկայի կուսակցութիւն է` արցախեան հիմնահարցի լուծման հոլովոյթի մէջ իր էական մասնակցութեամբ, իսկ Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման համար իր անվերապահ ներդրումով: Ապագայի կուսակցութիւն է` իր վախճանական նպատակին յաղթական իրագործման` ամբողջական Հայաստանի կերտումին ի խնդիր:

Այս բոլորին հասարակ յայտարարը կ՛ամփոփուի մէկ բառով` ծառայութիւն: Ծառայութիւն` ազգին ու հայրենիքին: Ահա թէ ինչո՛ւ մեր կուսակցութիւնը առաջնորդող կուսակցութիւնն է մեր ժողովուրդի յատկապէս սփիւռքեան հատուածին, պարզապէս որովհետեւ առաջին հերթին Դաշնակցութիւնը ժողովուրդին ծառան է»:

ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութեան անունով ելոյթ ունեցաւ Արփիար Մելիքեանը` յայտարարելով, որ Նետրլանտներու ՀՅԴ երիտասարդները կը շարունակեն վերակենդանացնել մեր ազգային արժէքները հայրենիքի եւ սփիւռքի երիտասարդներու սրտերուն մէջ. «Մենք անկեղծ զինուոր ենք, ազգին նուիրեալ կամաւոր ենք, զինուած ենք սուրբ գաղափարով եւ պատրաստ ենք անձնազոհաբար աջակցիլ ազգին եւ հայրենիքին»:

Որպէս օրուան գլխաւոր բանախօս` եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանը, ներկայացնելով, թէ ինչո՛ւ այսօր Դաշնակցութիւնը կը ծառայէ ազգին, ինչպէս Հայաստանի մէջ, այնպէս նաեւ Արցախի եւ սփիւռքի մէջ, եւ թէ ինչո՛ւ մենք հպարտ դաշնակցականներ ենք: Բիւրոյի անդամը անդրադառնալով իշխանութիւններուն կամ ընդդիմութեան մաս կազմելու հարցին` նկատեց. «Նախկին իշխանութեան մէջ, ՀՅԴ-ն անոր մաս կազմելով, փորձեց ներսէն ազդել քաղաքական գործընթացներու եւ համակարգին վրայ: Այսօր ընդդիմութեան մէջ ՀՅԴ-ն իր կառուցողական առաջարկներով կը փորձէ, որ պետութիւնը ամրապնդէ երկրի ու համակարգի ժողովրդավարութիւնը` ի վերջոյ ստեղծելով կառուցային հաւասարակշռուած համակարգ:

«Ընդդիմութեան մէջ Դաշնակցութիւնը երբեք չեղաւ ծայրայեղ, իսկ իշխանութեան մէջ եղաւ միշտ բծախնդիր ու պահանջկոտ` իր իսկ մաս կազմած կառավարութիւններու նկատմամբ, որոնց մէջ միշտ փոքրամասնութիւն կը կազմէր: Մենք երբեք երկիրն ու ժողովուրդը չառաջնորդեցինք դէպի արկածախնդրութիւն, դէպի անել, ընդհակառակը, հետամուտ եղանք բոլոր կողմերու եւ ուժերու համախմբման»:

Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցան գեղարուեստական կատարումներ:

 

Նախորդը

«Հայերէնը Օտար Լեզու Չէ, Որ Յետոյ Սորվինք»

Յաջորդը

Ազգին Ու Հայրենիքին Ծառայութիւնն Է Դաշնակցութեան Ու Դաշնակցականին Երդումը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?