Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Արցախեան Բեղուն Տարեշրջանը

January 24, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բեղուն պիտի ըլլայ այս տարին Արցախին համար:

Արդարեւ, յառաջիկայ մարտի աւարտին իսկ պիտի կատարուին նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնք վստահաբար առիթ պիտի ընծայեն ստեղծելու նոր հորիզոններ, նոր գործունէութեան դաշտ եւ աւիշ:

Այս գծով թէ՛ ներկայ նախագահ Բակօ Սահակեան եւ թէ՛ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան իրենց ամանորեան պատգամներուն մէջ նշեցին յատուկ անդրադարձ կատարելով:

Յաւուր պատշաճի խօսքին մէջ նախագահ Սահակեան անդրադարձաւ գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ արձանագրուած յառաջխաղացքին` սկսելով քաղաքական-ապահովական կացութէնէն մինչեւ բնակարանաշինութեան, գիւղատնտեսութեան, առողջապահութեան, ընկերա-տնտեսական, կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի բնագաւառ:

Շատ աւելի կարճ էր մեծ ժողովրդականութիւն վայելող Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի խօսքը, որ ամենայն ինքնավստահութեամբ շեշտեց, որ հակառակ գործընթացներով հարուստ տարի մը ըլլալուն, համապետական ընտրութիւններէն ետք, իր նոր նախագահով եւ նոր Ազգային ժողովով Արցախը երբեք պիտի չընկրկի եւ չպառակտուի, այլ պիտի ուժեղանայ եւ հզօրանայ:

Բնականաբար  այս յաջողութեան բանալին պիտի ըլլայ նոյնինքն արցախցին, որ միշտ եղած է օրինակելի` նոյնքան պատասխանատուութիւն ստանձնելով, որքան` սահմանի վրայ դիրք բռնած եւ խրամատներու ետին շարունակ արթուն հայ զինուորը, կամ քաղաքական առօրեայէն ներս, պահելով իր ժողովրդավարական սկզբունքները, անխնայ պայքարելով փտածութեան դէմ եւ շարունակ պաշտպանելով ընկերային արդարութիւնն ու մարդկային իրաւունքները:

Ասոր կողքին, անշուշտ, արցախցիին համար առաջնահերթ է Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքի իրաւական ամրագրումը, իր պաշտպանութեան եւ օրէնքի գերակայութեան վրայ հիմնուած ներազգային համերաշխութեան ապահովումը, «ազգ-բանակ» հայեցակարգի հիման վրայ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան համակարգի կատարելագործումը եւ, անշուշտ, վերաբնակեցման համակարգուած, լայնածաւալ եւ հետեւողական իրականացումը:

Անգամ մը եւս տեղին է կրկնել Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի այն խօսքը, որ քաղաքական պայքարի այս փուլէն Արցախը պէտք է դուրս գայ աւելի ուժեղացած եւ ոչ թէ պառակտուած:

Բնական է, որ այս յորդորին կը յաջորդէ այն միտք բանին, որ ժողովուրդը նաեւ կը ցանկայ խաղաղ ապրիլ, ստեղծագործել, շէնացնել, զարգացնել ու զօրացնել իր հողը` հարազատ երկիրը:

 

Նախորդը

Էրտողանեան Ընթերցուած Մը` Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան

Յաջորդը

Պէտք Է Յաջորդ Գարնան Սպասել

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.