Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժողովուրդին Վստահութիւնը` Խորհրդարանի Վստահութենէն Առաջ

Յունուար 23, 2020
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Իւրաքանչիւր օր, որ կառավարութեան կազմութիւնը կ՛ուշանար, Լիբանանն ու լիբանանցի քաղաքացին իրենց հացէն ու արիւնէն կը վճարէին բարձր եւ անհատուցանելի գին:

Մէկ ամիս տեւեց կառավարութեան կազմութեան քաշքշուքը:

Ժողովրդային շարժումի արդար պահանջներն ու անկեղծ ցաւի եւ ցասումի արտայայտութիւնները անտեսող քաղաքական վերնախաւը ժամանակի կը կարօտէր թերեւս ըմբռնելու, որ Լիբանանի ժողովուրդը այլեւս ետդարձի ճամբայ չունի եւ կը մերժէ անցեալի փորձառութենէն բխող խոստումներ, մօրուք համբուրող քաղաքական ճամարտակութիւններ, անիմաստ, անհատական եւ նեղ շահադիտական գզվռտուքներ, ու հասած է ժամը (վաղուց արդէն) լսելու ժողովուրդը, անսալու անոր պահանջներուն եւ դուրս գալու քաղաքական դասական վերաբերումէն:

Նոյն ձեւով երկար ժամանակ վատնուեցաւ այս անգամ տնտեսաելեւմտական ու քաղաքական վերնախաւին կողմէ գիտակցելու, որ ժողովուրդը այլեւս չի կրնար հանդուրժել իր օրապահիկը շահագործող, պետութեան գանձը իւրացնող, մինչեւ գլուխ փտածութիւն բուրող, միայն խոստումներ տուող եւ ինքզինք արդարացնող ու այլոց ամբաստանող մէկ ձեռքի մատներու սակաւապետութիւնն ու անոր ծանր թաթը:

Շրջանային թէ միջազգային տագնապներ, օտար ուժերու եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու, գաղտնի սպասարկութիւններու գործունէութիւնը, դաւադրութեանց սարքումը տեսանելի եւ շօշափելի ըլլալը բաւարար պատրուակներ չեն ականջ խփելու ժողովրդային պոռթկումին դիմաց կամ չտեսնելու, թէ կայ անօթութիւն, թշուառութիւն, շահագործում:

Եւ երբ կան ընկերային-կենցաղային տագնապներ, ապա հրապարակը բաց կ՛ըլլայ ու լայն բոլոր տեսակի միջամտութիւններու:

Աստիճանաբար սաստկացող բռնարարքները, խուլիկանութիւնն ու աւազակութիւնը, քանդումի փորձերը ժողովրդային շարժումը շեղեցին իր սկզբնական շրջանի անմեղութենէն եւ արդարացիութենէն ու երկիրը դրին վտանգաւոր, քանդուելու պատրաստ, պատերազմը վերյիշեցնող փուլին դիմաց:

Անհրաժեշտ էր արագ, անմիջական, թէկուզ ոչ բոլորը գոհացնող լուծում:

Ու այդ ՀՅ Դաշնակցութեան վերջին կոչը` «Վերջ տուէ՛ք զաւեշտին ու կազմեցէ՛ք կառավարութիւնը», աւելի՛ն` ո՛չ համայնքային իրաւունքները, ո՛չ նախարարական չափաբաժինները եւ ո՛չ ալ պաշտօնները աւելի կարեւոր են, քան ժողովուրդն ու երկիրը:

Կազմուեցաւ կառավարութիւնը:

Ո՛չ ժամանակը, ո՛չ պայմանները առիթը կու տային յաւելեալ «վայելքով» սպասելու աւելի լաւ կազմ մը յառաջացնելու:

Իսկ հիմա, պահն է լրջութեան եւ զգօնութեան:

Կառավարութիւնը պարտի խորհրդարանի վստահութեան քուէէն առաջ արժանանալ ժողովուրդի վստահութեան:

Յստակ, ճշգրիտ, անպաճոյճ եւ լուրջ գործադրելի որոշումներով, բայց մանաւանդ արագ քայլերով:

Կառավարութեան առաջնահերթ պարտաւորութիւնն է այսօր գործադրել ժողովուրդի պահանջները իրականացնող անյետաձգելի ծրագիրներ.

Պայքար` փտածութեան եւ մսխումի դէմ:

Պայքար` դրամատէր կէտերու դէմ:

Վերադարձ` պետական գանձի իւրացուած հարստութիւնը:

Արտադրողական տնտեսութեան վերականգնում:

Ուժեղացում` երիտասարդութեան եւ կիներու:

Յարգանք` քաղաքացիի իրաւունքներուն եւ ազատութիւններուն:

Պաշտպանութիւն` քաղաքացիի եւ հայրենիքի անվտանգութեան:

Հիմնականը ժողովուրդին վստահութիւնն է: Խորհրդարանի վստահութեան քուէէն առաջ իսկ անհրաժեշտ է ժողովուրդը համոզել:

Ժողովուրդի վստահութիւնը կարելի է շահիլ լսելով ու գոհացնելով անոր արդար պահանջները:

Պահանջներ, որոնք իրաւունք են եւ ոչ թէ ողորմութիւն կամ զիջում:

Այս ակնկալութեամբ է, որ կը դիմաւորենք նոր կառավարութիւնը:

Իսկ մեր վստահութեան քուէն պայմանաւորուած է ժողովուրդին վստահութեամբ:

 

 

Նախորդը

«Մենք Չենք Նկատեր, Որ Լիբանանի Հայ Համայնքը Իր Դիրքերէն Զիջած Է Կամ Տկարացած» Շեշտեց Երեսփոխան Բագրատունի

Յաջորդը

Պըրրի Կոչ Ուղղեց Օգտուելու Ազգային Փրկութեան Կառավարութենէն

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?